ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՕՎԵՐՉՈՒՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ այցելեց Երեւան։ Հարկ է նշել, որ Ալեքսէյ Օվերչուք կը գլխաւորէ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորած աշխատանքային խումբը, որ հետամուտ է Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ աշխատանքներուն։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ջերմօրէն ողջունեց Ալեքսէյ Օվերչուքը եւ նշեց, որ իրենց քննարկումներուն առարկայ կը դառնան տնտեսական եւ քաղաքական հարցեր, տարածաշրջանային եւ միջազգային իրավիճակին վերաբերեալ խնդիրներ։ Իր կարգին, Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ նշեց, որ ռուսական կողմը կ՚ուրախանայ Հայաստանի կողմէ արձանագրուած այն յաջողութիւններով, որոնք տնտեսական գետնի վրայ կը ձեռքբերուին՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս։ Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան Երեւան-Մոսկուա համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ առեւտրատնտեսական կապերուն եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ նիւթերու։ Ալեքսէյ Օվերչուք Փաշինեանի հետ զրուցելու ընթացքին ընդգծեց նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը։
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճան խախտելով պայմանաւորուածութիւնները երէկ ուշ ժամերուն արգիլած է, որպէսզի խումբ մը արցախցիներ կարողանան վերադառնալ Ստեփանակերտ։
Հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի կողքին էր փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, որ Հայաստանի կողմէ կը գլխաւորէ փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբը։