Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱԶԱՏՈՒԵՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ, Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեան երէկ ազատուեցաւ իր պաշտօնէն։
Յովհաննէս Մանուկեան արդէն դիմում ներկայացուցած էր իր պաշտօնէն հրաժարելու մասին։ Նախարարի մամլոյ բանբերը՝ Ծովինար Խաչատըրեան մանրամասնութիւններ չէր հաղորդած այս հրաժարականի դրդապատճառներուն մասին։ Մասնագիտութեամբ իրաւաբան Յովհաննէս Մանուկեան նախապէս վարած էր Հայաստանի Վճռաբեկ ատեանի նախագահի պաշտօնը, նաեւ եղած էր Թիֆլիզի մօտ Հայաստանի դեսպան։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015