ՆՈՐ ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԲՈՒՐՈՂ ՄԵՐ ԶԱՏԻԿԸ
Կասկած չկայ, որ մեր եկեղեցական տօնացոյցով Սուրբ Զատիկը՝ Սուրբ Յարութեան տօնը հայ ժողովուրդի հոգեհարազատ ու շատ սիրուած եւ ամենէն նշանաւոր տաղաւար տօներէն մէկն է, որ նաեւ Մեծ Զատիկ ալ կը կոչենք:
Մեր դարաւոր պատմութեան համաձայն, մեր նախահայրերը հաւատացած էին, որ այս տօնը նաեւ իրենց կը բերէր առատութիւն եւ բարիք: Անոր համար անոնք մշտապէս ձգտած էին պատշաճ կերպով տօնել, որպէսզի իրականանային իրենց բոլոր յոյսերն ու սպասումները:
Ու Զատիկը ունէր կամ ունեցած էր իր կերակրատեսակներու յատուկ ցանկը, ճոխ, առատ եւ բազմազան ուտելիքներով եւ յատկապէս՝ սեղանի զարդ ունենալով սոխի կեղեւով ներկուած կարմիր հաւկիթը, որ այս տօնին կարեւոր բաղադրիչը ըլլալով՝ կը մարմնաւորէ նաեւ Քրիստոսի թափած արեան գոյնը՝ իբրեւ գաղափարախօսութիւն:
Այս բոլորը կը յատկանշէր մեր ժողովրդային կենցաղին արտացոլացումը՝ քրիստոնէական հաւատքի մեծագոյն տաղաւարներէն մէկուն հանդէպ:
Իսկ այս օրերուն, ահա կրկին Սուրբ Յարութիւնը՝ Զատիկը կը տօնենք: Բոլորիս համար գեղեցիկ է այս տօնը, աւանդական եւ նոյնքան ալ խորհրդաւոր:
Սուրբ Զատիկ է կ՚ըսենք եւ զիրար կը շնորհաւորենք: Ու մենք՝ իբրեւ հաւատաւոր աւանդապաշտ ժողովուրդ, մեծով-պզտիկով անոր շունչին տակ մեծցանք: Կրկնութեան գնով ըսեմ, որ մեր բոլոր աւանդութիւնները մեզի համար մէկական գեղեցկութիւններ ըլլալէ չեն դադրիր: Բոլորն ալ իրենց մէջ ունին իմաստալից եւ գաղտնի խորհրդաւորութիւն մը:
Որովհետեւ, մեզի համար աւանդութիւն կը նշանակէ դարձեալ հաղորդակցիլ մեզի ժառանգուած մօտիկ եւ հեռու անցեալին: Նոյնպէս, մեզի համար այդ նոյն անցեալը, իր քաղցր եւ յաճախ ալ իր լեղի պարունակով, անբաժան մասնիկն է մեր ազգին դարաւոր կեանքի պատմութեան:
Հոն, մեր այդ պապենական հողին վրայ, Աստուծոյ շունչը կայ: Հաւատացած ենք: Կրկնակի՝ կախարդական եւ սուրբ:
Ու առանց ճօճելու հպարտութեան երանգաւոր լարերը, յաճախ այս բոլորի մասին երկար կը մտածեմ ու մտովի կ՚եզրափակեմ՝ համեստօրէն ըսելով, որ Զատիկը հայուն համար եղած է ե՛ւ մահուան ե՛ւ յաղթանակի տօն:
Որովհետեւ կը կարծեմ, որ հայուն համար մահը ուրիշ բան է: Ան թէեւ կեանքի մը ճակատագրական վախճանն է, սակայն իր մէջ տարբեր կախարդական գոյն մը ունի: Ու գիտակցելով այս իրականութեան՝ պատմութեան ընթացքին մենք միշտ մեր մահը զարդարած ենք: Մեր գերեզմանները կապած ենք մեր կեանքին:
Անոր համար մենք այսպէս ընդունած ենք նաեւ Զատկուան խորհուրդը եւ զայն ա՛յս ձեւով ալ դասաւորած: Աւելի ճիշդ, խաղաղութեան մեր մեծ Իշխանին յարութեան իմաստէն մեկնելով՝ վերագնահատած ենք մահուան ըմբռնումը:
Դարերով Քրիստոսն ու իր խաչը դարձուցած ենք մեր կեանքին ե՛ւ արեւը, ե՛ւ լոյսը, ե՛ւ յոյսը հաւասարապէս:
Լաւատեղեակ ենք նաեւ, որ այս օրերուն հայուն համար ամէն ինչ եւ ամէն բան պատմութիւն է եւ այդ պատմութիւնն ալ կենդանի է: Հայուն հետ կ՚ապրի: Հայուն հետ կը շնչէ, կը քալէ ու կը մտածէ:
Եւ որովհետեւ այս ձեւով հաւատացած ենք, ուստի այս բոլորը մեզի համար եղած են մեր ոգին խանդավառող, մեր ապրելու կամքը հզօրացնող եւ մեր ազգի յարութեան շունչը բնորոշող ազդակներ:
Ուստի այս բոլորին համար հաւատք է պէտք թէ՛ տոկալու եւ թէ մանաւանդ՝ վերապրելու կամք, ամէն բանէ աւելի եւ առաջ: Տակաւին աւելին, Սուրբ Զատիկի խորհուրդը դարերու ընթացքին մեր մտքերուն մէջ հասնցուցած է մեր ժողովուրդի Յարութեան նշանաբանը:
Ահա թէ ինչո՞ւ... հրամայական կը նկատենք ազգովին մեր վերանորոգումը՝ մտքով, հոգիով, սրտով եւ գործով: Կրկին ծնինք ու վերջապէս պոռանք աշխարհի երեսին, թէ «մեր պապենական հողէն զատ հայը յաւիտենականութեան չի հաւատար»:
Զատիկ է ըսի ու կրկնեցի եւ կ՚աւելցնեմ, որ ժամանակը եկած է ազգովին մեր պատմութիւնը կրկնելու մեր Փրկիչին յարութեան շունչով, որպէսզի մեր գալիքին եւ մանաւանդ՝ մեր փայլուն ապագային համար մեր նոր ճանապարհները նոր լոյսերով եւ յոյսերով զարդարուին:
Ահա մեր ճշդած եւ ընտրած նոր Զատիկը՝ նոր խորհուրդով եւ նոր արշալոյսով: Գիտակցինք:
Արդ, բոլորիդ եւ բոլորիս, այս ուրախ տօնին առթիւ բարի եւ իմաստալից ու մանաւանդ՝ ի սրտէ իբրեւ անկեղծ աւետում՝
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ