ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ
Իւրաքանչիւրս ունի հաւատք. աւելի կամ պակաս՝ դատաւորը Աստուած է:
Մենք յաճախ կը խօսինք մեր հաւատքէն: Իբր թէ կը սիրենք Տէրը: Առանց ճանչնալու Բարձրեալը, առանց անոր կամքին ու պատգամներուն տեղեակ ըլլալու, մեր իւրաքանչիւր քայլը կը համարենք արդարեցուած: Եկուր ու տես՝ այդպէս չէ: Օրուան հոլովոյթին կը գործենք զանազան չափերու՝ մեծ ու փոքր, ծանր ու թեթեւ մեղքեր: Կը խօսինք վեհութենէ, արդարութենէ, առաքինութենէ, ազնուութենէ, հաւատքէն, առանց ճշմարիտ պատկերացում ունենալու:
Կը վկայենք մեր հաւատքը: Ամէն անգամ երբ փորձութիւն մը յաղթահարենք, կը փաստենք Աստուծոյ զօրութիւնը: Կարծես պահ մը մեր անձը, մեր կեանքը, մեր ուղին կը վստահինք Տիրոջ: Սակայն այս պատրանք մըն է: Մենք մարդուն աւելի շատ կը վստահինք, քան Արարչին: Մենք մեր յոյսը մահկանացուներու հետ աւելի շատ կը կապենք, քան Աստուծոյ: Մենք մեր կեանքը, ուղին, մենք մեզ, մեր ընտանիքներն ու զաւակները չենք յանձներ Տիրոջ ողորմածութեան: Չենք աղաչեր, որպէսզի Տէրը յայտնուի մեր կեանքին մէջ ու դառնայ մեր ուղիի առաջնորդը: Չենք աղաչեր, որպէսզի ըլլայ Տիրոջ կամքը:
Մենք աւելի շատ կը նմանինք վանականի մը, որ տնկեց ձիթենի մը ու սկսաւ աղօթելու.
-Տէր Աստուած, կ՚աղաչեմ անձրեւ ղրկէ իմ ծառին:
Անձրեւ եկաւ, ծառը յագեցաւ: Այնուհետեւ վանականը աղօթեց.
-Տէր Աստուած, կը խնդրեմ արեւոտ եղանակ մը ըրէ, իմ ծառին անձրեւ պէտք չէ:
Եղան արեւոտ օրեր: Ծառը աճեցաւ:
Վանականը կը շարունակէր խնամել ծառը ու աղօթել.
-Տէր Աստուած, կը խնդրեմ, փոքր-ինչ ցուրտ եղանակ ըրէ, որպէսզի ամրանան իմ ծառի արմատներն ու ճիւղերը:
Եղանակը ցրտեց ու ծառը, չդիմանալով ցուրտին՝ չորցաւ: Վանականը շատ տխրեցաւ: Գնաց ուրիշ վանականի մը մօտ՝ կիսելու իր վիշտը.
-Տես, ես ալ տնկեցի ձիթենի մը,- ըսաւ միւս վանականը ու ցոյց տուաւ իր տնկած ծառը, որ հիանալիօրէն աճած էր:
-Սակայն իմ աղօթքներուն մէջ այլ բան խնդրած եմ Տիրոջմէ, Որ ստեղծած է այդ ծառը ու լաւագոյնս գիտէ, թէ ինչ պէտք է անոր լաւ աճելուն համար: Ես պարզապէս խնդրեցի Տիրոջմէ՝ հոգ տանիլ իմ ծառին եւ տալ անոր այն, ինչ որ անհրաժեշտ է: Եւ Ան այդպէս ալ կ՚ընէ:
Մենք՝ մարդիկս Աստուծմէ յաճախ յամառօրէն կը խնդրենք այն, ինչ որ մեր կարծիքով պէտք է մեզի: Սակայն Տէրը աւելի լաւ գիտէ, թէ մեզի ինչ պէտք է: Պարզապէս մենք պէտք է լիովին վստահինք Տիրոջ ու երբեք չըլլանք յուսախաբ:
Նոյնը կը վերաբերի մեր առատաձեռնութեան, մեր ողորմածութեան: Ակամայ կը թուի, թէ բարեկամ ու բարեգործ ենք: Աւա՜ղ, մեր անձերէն դուրս, ուրիշները նկատելը, անշահախնդիր նուիրելը, բարեգործելը՝ յաճախ կը մատնենք ձախողումի:
Տարիքը առած մարդ մը ջրհորի մօտ նստած գաւաթ մը ջուր կը խնդրէ: Առաջին անցորդը կ՚ըլլայ մեծահարուստ պաշտօնաւոր մը: Կը մօտենայ ու կը սկսի պատմել, պարծենալ, թէ ինչպիսի մեծամեծ գործեր կատարած է: Այս ջրհորէն աւելի լաւ ջրհորներ փորել տուած, յուշարձաններ կառուցած, որոնց վրայ իր անունը փորագրած են: Իսկ այժմ անծանօթ մը կը համարձակի իրեն ըսել, թէ կռթնի ու ջրհորէն գաւաթ մը ջուր հանէ, երբ ինք հրաւիրուած է թագաւորի հետ հանդիպումի եւ շատ կը շտապէ:
Յաջորդ անցորդը կաւագործ մը կ՚ըլլայ: Կը խոնարհի, ջրհորէն ջուր կը հանէ ու կու տայ տարեց մարդուն: Տարեց մարդը կը հարցնէ.
-Ո՞ւր կը շտապէր այդ պաշտօնաւոր մարդը:
Կաւագործը կը պատասխանէ.
-Կ՚ըսէր, թէ թագաւորին հետ պիտի հանդիպի: Կ՚երթայ անոր մօտ:
Տարիքով մարդը կը ժպտի ու կ՚ըսէ.
-Ան այդպէս ալ պիտի փնտռէ թագաւորը ու պիտի չգտնէ, որպէսզի հանդիպի, երբ հասարակ մարդու զգեստներով այստեղ եմ:
Այնուհետեւ իր գրպանէն կը հանէ թագաւորական մատանին ու կը նուիրէ կաւագործին: Իսկ հեռուէն կը մօտենայ թիկնապահ հեծեալներու խումբը:
Այդպէս ալ Աստուած մարդը կը գնահատէ ո՛չ թէ անոր իրագործած աշխատանքներով, այլ՝ անոր խոնարհութեան չափով:
Մեծահարուստ հաւատացեալ մըն ալ միշտ նուիրատուութիւններ կ՚ընէր եկեղեցիին: Եւ քանի որ հաւատք ունէր, մահուընէ ետք կ՚երթայ դրախտ: Այնտեղ յայտնուելով կը սպասէր, որ իրեն շատ մեծ դղեակ մը բաժին պիտի իյնայ, ինչպիսին էր աշխարհի մէջ: Սակայն տեսաւ, որ հրեշտակը պզտիկ խրճիթիկ մը մատնացոյց ըրաւ իրեն՝ որպէս իր տնակ: Ստացածէն դժգոհ, ըսաւ, որ շատ նուիրատուութիւններ ըրած է, փոխարէնը ինչո՞ւ իրեն այս փոքրիկ խրճիթիկը բաժին հասաւ:
Եւ հրեշտակը պատասխանեց. «Քու ղրկած միջոցներով ընդամէնը այս կրցանք կառուցել»:
Յիրաւի, ով բան մը կը սերմանէ խնայելով, խնայողութեամբ ալ պիտի հնձէ: Եւ ով առատաձեռնօրէն կը սերմանէ, առատութեամբ ալ պիտի հնձէ: Իւրաքանչիւրը թող տայ, ինչպէս յօժար է սրտով եւ ոչ թէ հարկադրաբար ու տրտմութեամբ, քանզի Աստուած կը սիրէ զուարթառատ տուրքը: (Բ Կորնթ. 9)
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան