ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՇԻՒՔՐԻՆ

Անգարա-Գահիրէ բնականոնացման գործընթացը այսօր շարունակութիւն կը գտնէ բարձր մակարդակի այցելութիւնով մը։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը հիւրնկալէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրին։ Այս վերջինը Թուրքիա այցելելէ առաջ շփումներ ունեցաւ նաեւ Յունաստանի մէջ։ Ան Աթէնքի մէջ ընդունուեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի կողմէ։

Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլուի եւ Շիւքրիի այսօրուան հանդիպման զուգահեռ՝ երկու երկիրները արդէն կը թեւակոխեն փոխադարձ դեսպաններ նշանակելու փուլը։ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ բարձր մակարդակի շփումներու երթեւեկը վերսկսած էր 11 տարուան ընդհատումէ մը վերջ։ Վերջին շրջանին Սեմիհ Շիւքրի այցելած էր աղէտի գօտի, իսկ Մեւլիւտ Չավուշօղլու մեկնած էր Գահիրէ։

Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը։ Չավուշօղլու վերջերս յայտնած էր, որ բնական կազի բնագաւառէն ներս կողմերուն առջեւ կան հեռանկարներ։ Թուրքիա ունի հեղուկացուած կազի մեծ շտեմարաններ, այս պահուն հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի եւ Պալքանեան երկիրներուն կազ կ՚արտածէ։ Հետեւաբար, Եգիպտոսի կազն ալ Թուրքիոյ վրայով կրնայ տարանցուիլ դէպի երրորդ երկիրներ։ Ուստի, Չավուշօղլուի եւ Շիւքրիի քննարկումներուն ընթացքին այս բոլորը հերթական անգամ սեղանի վրայ կը դրուի։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023