ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան վերջին օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութենէն բազմաթիւ դէմքերու հետ քննարկումներ կը ծաւալէ փոխ-վարչապետը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս շրջանակին մէջ, Մհեր Գրիգորեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) փոխ-կառավարիչ Էրին Մաքքիի հետ։

Կողմերը ընդգծեցին ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Շեշտուեցաւ, որ այս գործակալութիւնը ներգրաւուածութեան բարձր մակարդակ մը ունի Հայաստանի մէջ։ Գրիգորեան եւ Մաքքի կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանէ ներս գործակալութեան ծրագրի ընթացքին վերաբերեալ։ Անոնք շօշափեցին նաեւ զանազան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւնները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2023