ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՕՍՄԱՆԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանին:

Վարչապետը ողջունեց Պույար Օսմանիի տարածաշրջան այցը եւ նշեց, որ սա լաւ հնարաւորութիւն մըն է ծանօթանալու համար ստեղծուած բարդ իրավիճակին: Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց Հայաստանի կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը՝ զարգացնելու եւ ընդլայնելու համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի հետ:

Իր կարգին, Օսմանին ընդգծեց Հայաստանի հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ աւելցուց, որ կազմակերպութեան նպատակն է նպաստել տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան:

Բաց աստի, զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման իրականացման վերաբերեալ հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործունէութեան եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի անձնական ներկայացուցիչի կառոյցի առաւել աշխոյժ դերակատարութեան ապահովման:

Մինչ այդ, Փաշինեան կարեւորեց միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանի սադրիչ եւ ապակառուցողական գործողութիւններուն համարժէք ու հետեւողական արձագանգը:

Հարկ է նշել, որ Օսմանին տարածաշրջանային այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հարաւային Կովկաս։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2023