ՈՉ ԵՒՍ Է ԲԱՆԱՍԷՐ ՏՔԹ. ՎԱՐԴԱՆ ԴԵՒՐԻԿԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի բանասէր Վարդան Դեւրիկեան։ Բօթը, որ խոր ցաւ յառաջացուցած է, կը նշանակէ հայկական գիտական աշխարհին տեսակէտէ լուրջ կորուստ մը։ 59 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած Վարդան Դեւրիկեան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառի տնօրէնն էր, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր։

Վարդան Դեւրիկեան 1964 թուականին ծնած էր Վանաձորի մէջ։ 1986 թուականին աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրութեան ֆաքիւլթէն։ 1989 թուականէն մինչեւ օրս կ՚աշխատէր Մատենադարանին մէջ։ 1990-1992 թուականներուն եղած էր «Լուսաւորիչ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը։ Մասնակցած էր Արցախի գոյամարտին, 1994 թուականի մայիսի 28-ին պարգեւատրուած՝ Հայաստանի «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով։

1993-2009 թուականներուն աշխատած էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ որպէս «Էջմիածին» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր եւ Ձեռագրատան վարիչ։

2009 թուականի դեկտեմբերին դարձած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան կաճառի փոխ-տնօրէն։ Իսկ 2015 թուականի մայիսէն ի վեր նոյն կաճառի տնօրէնն էր։

Վարդան Դեւրիկեան հեղինակած էր աւելի քան քառասուն գիրք եւ աւելի քան վաթսուն գիտական յօդուած։ Իր գործերը հայերէնէ թարգմանուած էին ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ ռումաներէնի։

Ամուսնացած էր, ունէր դուստր։

Հայկական գիտական աշխարհը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ Վարդան Դեւրիկեանին, որու կորուստը իսկապէս անժամանակ է։ Իր վաստակը արժանի է յարգանքի եւ խոնարհման։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2023