ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍԱՄԱՐՂԱՆՏԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Սամարղանտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Հարկ է նշել, որ երկու նախարարները Սամարղանտի մէջ կը մասնակցէին ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Կը հաղորդուի, որ Միրզոյեան եւ Լաւրով քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանէն ներս բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց ապրիլի 11-ին Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի հատուածէն ներս Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ իրականացուած սադրանքին մանրամասնութիւնները։ Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի ընդհանուր ակրեսիւ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է այս մէկը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի՝ արդէն չորս ամիսէ ի վեր շարունակուող փակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակին։ Քննարկուեցաւ Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերացման անհրաժեշտութիւնը՝ ըստ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի հրադադարի յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն։ Նախարարները անդրադարձան նաեւ երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցերու։

Ռուսական կողմն ալ այս հանդիպման կապակցութեամբ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ շեշտուեցաւ, որ բացի երկկողմանի օրակարգի արդիական հարցերէն, կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանային խնդիրներուն շուրջ։ Նախարարները կանգ առած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններուն մէջ ջանքերու աշխուժացման կարեւորութեան վրայ՝ ըստ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքի պայմանաւորուածութիւններուն։ Մոսկուայի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են ապագայ դիւանագիտական շփումներու համար։

Միւս կողմէ, Սամարղանտի ժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ հայկական կողմի խաղաղութեան ուղղեալ ջանքերը կը բախուին Պաքուի ռազմական ոտնձգութիւններուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2023