ՍԱՐՕ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆ ՔԱՂԱՔՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ ամերիկահայ յայտնի ազգային գործիչ Սարօ Մարուքեան։ Այս վերջինը նախկին պոլսահայ մըն է, երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճելըսի մէջ։ Սարօ Մարուքեան յայտնի է ո՛չ միայն իր ծաւալած բազմակողմանի գործունէութեամբ եւ բարերարի հանգամանքով, այլեւ որպէս որդին՝ բարեյիշատակ համայնքային գործիչ ողբացեալ Զօհրապ Մարուքեանի։
Իր կեցութեան ընթացքին Սարօ Մարուքեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ յայտնի գործիչը՝ իր կողքին ունենալով գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Պոլիսէն ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափը հաստատուած հայերու կողմէ տարուած աշխատանքները՝ մանաւանդ, որ անոնք ունին նաեւ զանազան կառոյցներ. օրինակ՝ Պոլսահայ միութիւնը, Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբը եւ այլն։ Նախկին պոլսահայերը Լոս Անճելըսի մէջ համախմբուած են նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց, որ քաղաքիս մէջ կեցութեան ընթացքին Սարօ Մարուքեան այցելութեան փութացած էր Գումգաբու։ Նորին Ամենապատուութիւնը քաղեց թարմ տեղեկութիւններ եւ գնահատեց նախկին պոլսահայերու կողմէ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափէն ներս ծաւալուած աշխատանքը։ Առիթէն օգտուելով ան իր եղբայրական ողջոյնները յղեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սարօ Մարուքեանի միջոցաւ օրհնութիւնները եւ Ս. Զատկի շնորհաւորութիւնները յղեց նախկին պոլսահայերուն եւ յաջողութիւն մաղթեց Սարօ Մարուքեանի ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս բազմակողմանի գործունէութեան համար։