ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճան վերջին օրերուն սկսած է աւելի խտացեալ ձեւով խախտել հրադադարը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հրաձգային զինատեսակներուն առընթեր, շփման գծի հարաւային ուղղութեան վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը սկսած են օգտագործել 60 միլիմեթր տրամաչափով ականանետեր։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները շեշտեցին, թէ բանակի յառաջապահ զօրամասերը ըստ էութեան հաւատարիմ մնացած են հրադադարի պահպանման դրութեան ու փոխադարձ գործողութիւններ կատարած են՝ միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային։ Այս մթնոլորտին մէջ, հայկական հանրային կարծիքին մօտ լայն արձագանգ ստեղծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի կողմէ ռուսական «Վետոմոստի» լրատուամիջոցին տրուած հարցազրոյցը։ Ծանօթ է, որ Ուորլիք վերջին օրերուն Մոսկուա այցելեց՝ Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահներուն հետ խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ։ Հարցումի մը պատասխանելով ամերիկացի դիւանագէտը ըսաւ.
«Գրաւեալ տարածքները պէտք է վերադարձուին Ատրպէյճանին՝ համալիր կարգաւորման մը շրջագծին մէջ։ Այստեղ կարեւոր է չկեդրոնանալ կարգաւորման մէկ սկզբունքի կամ տարրի վրայ։ Տարածքները պէտք է վերադարձուին, սակայն կան նաեւ այլ գործօններ»։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ Ուորլիք տեղեկացուցած է, թէ Մոսկուայի վերջին հանդիպման ընթացքին համանախագահները խօսած են կարեւոր հարցերու մասին, որոնք կը քննարկուին արդէն շուրջ տասն տարիէ ի վեր։ Ըստ իրենց, անոնց շարքին են՝ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներու վերադարձը, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը, փախստականներու վերաբերեալ իրավիճակը, անվտանգութեան երաշխիքները։
Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Ճէյմս Ուորլիքի սոյն յայտարարութիւններուն։ Արցախի իշխանութիւնները ընդգծեցին, որ 1991 թուականի սահմաններուն վերադառնալը գայթակղութիւն կը ստեղծէ ժողովուրդի նոր ցեղասպանութեան մը ենթարկման ուղղութեամբ։ Ուորլիքի հարցազրոյցը Tert.am կայքէջին համար մեկնաբանեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան, որ յայտնեց, թէ 1991-ի սահմաններուն վերադառնալը կենսունակ չէ։ Կեանքը արդէն գործնականօրէն ապացուցանած է այս հանգամանքը։
«Սա ուղղակի հակառակորդին համար գայթակղութիւն կը ստեղծէ յարձակելու մեր վրայ, տեսնելով, որ այդ պարագային կղզիացում մը կայ՝ մենք տկար ենք, շրջափակուած, ի վիճակի չենք ինքզինքնիս պաշտպանելու։ Սա գայթակղութիւն մը կը ստեղծէ նոր ցեղասպանութիւն մը կատարելու, ինչ որ տեղի ունեցած էր 1988-ին՝ Սումկայթի, Պաքուի, Կիրովապատի, Հիւսիսային Արցախի, Հարաւային Արցախի, Հադրուդի շրջանի հայաթափումով, ապա՝ լայնածաւալ պատերազմով եւայլն։ Եւ սա ոչ թէ յաւակնութիւններու խնդիր է՝ անբնական գաղափարներու հարց է, այլ սա մարդկային պարզ անվտանգութեան հարց մըն է», ըսաւ ան։
Միեւնոյն ժամանակ Դաւիթ Պապայեան ընդգծեց, որ իրենց տեսլականը այս հարցին մէջ չէ փոխուած։ «Հակամարտութիւնը չի կրնար կարգաւորուիլ միմիայն փորձ կատարելով հետեւանքները վերացնելու, անհրաժեշտ է առաջին հերթին պատճառները վերացնել։ Եւ եթէ պատճառներու որեւէ ձեւով չեն անդրադառնար, ապա հետեւանքներու մասին խօսիլը անիմաստ է։ Այս սահմանները, մեր նոր կարգավիճակը՝ ռազմաքաղաքական, այս բոլորը հետեւանքներ են։ Պատճառները ժամանակին չեն վերացուած, տեղի տուած են պատերազմի եւ հիմա կայ այն ինչ որ ունինք։ Հիմա հետեւանքները վերացնելու փորձ կատարելը առանց պատճառներուն անդրադառնալու, ոչ միայն անիրատես է, այլ նաեւ ճանապարհ կը հարթէ սարսափելի զարգացումներու համար տարածքաշրջանէ ներս, պատերազմներու, արեան, մահերու։ Ասոր համար է, որ մենք կ՚ըսենք՝ պատճառները պէտք է վերացնել», աւելցուց Պապայեան։