ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Ուստի յառաջիկայ երկու օրերուն թերթս պիտի չհրատարակուի եւ անոր վրայ պիտի գայ աւելնալ շաբաթավերջի ընթացիկ դադարը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաջորդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ 24 ապրիլ 2023, երկուշաբթի օր։

Այս առթիւ լաւագոյն մաղթանքով կը շնորհաւորենք մեր մահմետական հարեւանները՝ մաղթելով, որ տօնը խաղաղութեան ու բարօրութեան առիթ դառնայ մեր երկրին եւ համայն մարդկութեան համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2023