Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍ. ԿԸ ՍՊԱՍՈՒԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ
Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուելիք միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդին այս հանգրուանին Անթիլիաս այցելելու հանգամանքը մէկէ աւելի առումներով կարեւոր կը համարուի: Գաղտնիք չէ, որ Անթիլիասի կողմէ Սիսի պատմական աթոռի հողատարածքին վերատիրանալու հետ կապուած եւ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը, որոշ անհանգստութիւն պատճառած է Պոլսոյ Աթոռին մօտ: Այդ անհանգստութեան մասին Արամ Սրբազան խօսած է տարբեր առիթներով, յայտնելով նաեւ, որ Սիսի երբեմնի վանքին կամ այլ եկեղեցիներու ընդհանուր իրաւասութեան կամ պահանջք ունենալու հիմնահարցը կը պատկանի միայն Պոլսոյ Աթոռին: Անթիլիաս այս խնդրով կը պահէ իր լռութիւնը, հակառակ անոր, որ Կիլիկեան Աթոռը խնդրին կը մօտենայ որպէս ամբողջական իրաւասութիւն ունեցող իրաւատէր կողմ: Այս ընդհանուր տեսարանին մէջ արդեօք Հայոց Եկեղեցւոյ երկու սպասաւորները որոշ հասկացողութեան մը պիտի յանգի՞ն եւ կամ խելացի քայլով մը անոնք պիտի կարենա՞ն դերերու անկեղծ եւ յաջող բաշխում կատարել: Թուրքիոյ մէջ ընթացող գործընթացներու լոյսին տակ հայութեան մօտ այս օրակարգը առաջին քննութիւն ըլլալու բոլոր տուեալները ունի: Պէտք է նաեւ ընդգծել, որ Արամ Սրբազան մօտիկ ապագային կրնայ, որպէս պատրիարքական հաւանական թեկնածու, բաւական բարդ համարուած ընտրութիւններու պայքարին մէջ մտնել: Ան ունի թուրք իշխանութիւններուն նեցուկը, ու իր Անթիլիաս այցը կը կարեւորուի նաեւ այն առումով, որ Պատրիարաքական Ընդհանուր Փոխանորդը կրնայ որոշ «թելադրանքներ» տալ Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Կը մնայ հարցադրումը, արդեօք Արամ Ա. Կաթողիկոս Պոլսոյ Աթոռին գերագոյն պետը պիտի ընդունի սովորական հիւրերու շարքի՞ն, կամ զինք պիտի արժանացնէ յատուկ վերաբերմունքի:
Մէկ խօսքով երկու հոգեւոր պատասխանատուներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումը պատմական ըլլալու բոլոր հանգամանքները ունի, մանաւանդ, որ վերջին հանգրուանի փոփոխութիւններէն ետք պատմական Պոլիսն ու Եղեռնի իբրեւ հետեւանք ծնունդ առած Սիսի երբեմնի աթոռը պիտի խօսին իրարու հետ:
ՕՊԱՄԱ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷ՞Ջ
Պարաք Օպամա Թեհրանի մէ՞ջ: Խորագիրը երեւակայական ձեւի չէ, ու սպասելի է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Իրան այցելէ հանդիպելու համար «բարենորոգչական» համարուած Նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանիին հետ: Մեր յիշողութեան մէջ թարմ է Օպամայի նախաձեռնութեամբ կայացած Օպամա-Ռուհանի հեռախօսազրոյցը: Օպամա կարծրատիպերու դէմ պայքարող յառաջատար նախագահ դարձաւ ու յաջողեցաւ քանդել երկու երկիրներու միջեւ առկայ «պատ»ը: Ճիշդ է, ան մասամբ ձախողեցաւ Իրաքի մէջ, բայց եւ այնպէս մեծ քարեր գլտորելով դրական արդիւնքներ ձեռք ձգեց Քուպայի, Քապուլի եւ ներկայիս ալ Իրանի մէջ: Ու այս բոլորէն անդին անկանխատեսելի չէ անոր Թեհրան տալիք այցելութիւնը, որ կրնայ նախապատրաստել դէպի Մոսկուա շատ հաւանական «մնաք բարով»ի այց մը: Օպամա 2017 թուականին պիտի լքէ Սպիտակ տունը եւ անոր Սուրիոյ ու Իրաքի վերաբերեալ ունեցած ծրագրերը մատնուած է սառեցման: Ան պիտի խնդրէ Թեհրանի զօրակցութիւնը՝ լուծելու համար յատկապէս Սուրիոյ խնդիրը, կամ պիտի փորձէ նախապատրաստել ճանապարհային այնպիսի քարտէս մը, որուն ծրագրով կարելի պիտի ըլլայ ի նպաստ դեմոկրատականներուն լեցնել ամերիկայի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան քուէասնտուկները: Զարմանալի չէ երբեք խորագիրը, որ ենթադրութիւնէ անդին երթալով կրնայ դառնալ իրականութիւն: Պարաք Օպամա Թեհրանի մէ՞ջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան