ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Պայքա՜ր... պայքա՜ր... պայքա՜ր... պայքա՜ր... բազմիցս պայքա՜ր...
Եթէ կը հաւատաք, թէ այս բառը պոռալով մեր ազգին ճակատագիրը դէպի լաւը պիտի փոխուի, պոռացէ՛ք այնքան՝ մինչեւ ձեր կոկորդները պատռի: Փոխեցէ՛ք ձեր անունները պայքարի եւ նոր լեզու դուրս եկած մանուկներուն առաջին բառը թող որ ըլլայ պայքա՜ր: Թող ամէ՛ն աղօթք ու պատարագ սկիզբ առնէ պայքա՜ր բառով եւ մինչեւ իսկ բարեւը փոխարինուի պայքարով:
Պայքար պոռացէ՛ք, ձեր կոկորդները արիւնելո՛ւ աստիճան, եթէ կը հաւատաք, թէ այդ աղաղակներով պիտի յաջողիք արթնցնել դար մը ամբողջ «Զարթի՛ր Լաօ»ին ականջ չտուողները, որոնք գուցէ խուլ են հիմա:
Քահանայ հօր «Երախայս զինչ խնդրէ» հարցումին պատասխանեցէ՛ք պայքարով ու հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ կողքին նորածինը մկրտեցէ՛ք նաեւ կամքով, որպէսզի ինք եւս ապագային հրապարակներու վրայ կենալով պայքա՜ր ճչայ:
***
Երեւանի փողոցներուն վրայ երէկ շա՜տ շատեր Վարուժանի նման «Պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի» գոչեցին. երգ՝ որ մեր աղօթքներուն նման անըմբռնելի ու անհասկնալի էր, որովհետեւ մենք ազգովի վարժ ենք կրկնել այն՝ ինչ կը լսենք բեմերէն եւ ի՜նչ առեղծուած որ շատ անգամ բեմէն արտասանողը ի՛նք անգամ չի գիտեր իմաստը իր երգած պայքարին:
Իւրաքանչիւր պայքար կ՚ունենայ նպատակ մը եւ այդ նպատակն է, որ պայքարը կ՚իմաստաւորէ, սակայն մեր մօտ միգամած է նաեւ նպատակը: Ինքնախաբէութեան պայքար մըն է մերը՝ լոկ բառին գեղեցկութեամբ գինովցած:
Պիտի ըլլա՞յ ժամանակ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները հասկնան, թէ տարին մէկ օր «պայքա՜ր» աղաղակելով պայքար կարելի չէ մղել. պիտի հասկնա՞ն, թէ այդ «պայքա՜ր» կոչեցեալը ո՛չ ճաշկերոյթներու եւ ո՛չ ալ պլոթի մրցաշարքերու ճամբով կարելի է իրականացնել: Պիտի ըլլա՞յ ժամանակ, որ անոնք հասկնան, թէ պայքարը բառ մը ըլլալէ անդին գործ է, որ յոգնութիւն պահանջող իրականութիւն մըն է: Պիտի հասկնա՞ն, թէ մէկ-երկու օրուան մէջ կարելի չէ պայքարողներ դառնալ. պիտի ըմբռնե՞ն, թէ այդ պայքարը ստեղծելը երկնաքեր մը բարձրացնելու համազօր գործ մըն է, որուն հիմքը ինքնաճանաչումն է:
Հաւատացէ՛ք, թէ չկայ աւելի դիւրին բան, քան բազմահազար երիտասարդներ հաւաքել եւ անոնց «պայքա՜ր» պոռացնել, որովհետեւ պայքարը աղաղակներով ու կոչերով պայքարի չի վերածուիր: Երէկ կոկորդ պատռելու աստիճան պայքա՜ր աղաղակողները իրենց «հաւատացած» պայքարին համար ի՞նչ պիտի ընեն այսօր. ի՞նչ պիտի ընեն վաղը եւ կամ միւս օր: Իրենց այդ պայքարը քնացա՞ծ պիտի մնայ մինչեւ նոր Ապրիլ 24 մը՝ դարձեալ «պայքա՜ր» աղաղակելու համար: Նման անտարբերութեամբ տարուէ տարի պիտի պակսի նաեւ այդ անիմաստ աղաղակողներուն թիւերը, որովհետեւ անոնք եւս կամաց կամաց գլխի պիտի գան, թէ այդ պայքարին տակ գործնական ու տրամաբանական ո՛չ մէկ բան գոյութիւն ունի:
Զիրար ոտնակոխելու, զիրար ոչնչացնելու համար տրամադրած մեր ուժերը եթէ ներդնէինք մեր աղաղակած պայքարներուն մէջ, այսօր դարաւոր այդ աղաղակները տարբեր իմաստ ու տեսք կրնային ունենալ:
Պայքարը խօսքէն քայլ մը անդին տանելու համար հետեւեալները պէտք է կեանքի կոչենք.
Ա.- Պէտք է մեր պայքարին տալ յստակ նպատակ մը, որովհետեւ առանց նպատակի պայքար մը առանց մեկնակէտի ճամբորդութեան կը նմանի:
Բ.- Իւրաքանչիւր պայքար ունի ենթահող ու պատմութիւն. կարելի չէ նոր սերունդին մէջ արթնցնել պայքարի ոգին՝ առանց այդ պատմութեան գիտութեան. նկատենք թէ ոչ, մեր պատմութիւնը կամաց կամաց կը տրուի մոռացութեան եւ հասակ առնող նոր սերունդը մոռնալով ամէն բան, կը սնի համաշխարհայնացման «խաղաղութեան» խաղաղազուրկ լոզունգներով:
Գ.- Իւրաքանչիւր պայքար պէտք է ունենայ ծրագիր, որ կ՚ապահովէ կենդանութիւնը թէ՛ պայքարին եւ թէ նպատակին ու այդ ծրագիրը խօսքէ անդին լուրջ գործ ու աշխատանք կը պահանջէ:
Դ.- Պայքարի ոգին կարելի է երիտասարդին փոխանցել միայն կրթութեան եւ դաստիարակութեան միջոցով եւ այսօր մեր մէջ լուրջ պակասը կայ հայեցի դաստիարակութիւն կոչուածին, որուն անբաժան մասն է այդ պայքարը՝ որուն գովքը կը հիւսենք:
Դարեր շարունակ Աստուած կանչեցինք եւ հիմա այդ Աստուծոյ տեղ պայքա՜ր կը կանչենք ու կ՚ապրինք այն՝ ինչ դար մը առաջ ապրեցանք, որովհետեւ չկրցանք համոզուիլ, թէ գործն ու միասնութիւնն է, որ ազգ մը կը փրկեն եւ ո՛չ կոչերն ու աղաղակները:
Շարունակենք մերօրեայ այդ պայքա՜րը եւ օր պիտի գայ այն օրը, որ իրապէս ալ մնայ մէկ հայ՝ այն ալ թանգարանի մէջ, որովհետեւ մեր նման ազգեր ո՛չ թէ կոչուած են կորսուելու, այլ արժանի են, որովհետեւ իր ինքնութեան համար իրապէս չպայքարողը ո՛չ պահանջելու եւ ոչ ալ գոյատեւելու իրաւունքը կրնայ ունենալ:
Պայքա՜ր:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -225-
Տարիներ առաջ մի քանի եկեղեցականով բարձրացանք լիբանանեան սրբատեղիներէն մին. սակայն այդտեղ նշմարեցինք ցաւալի իրողութիւն մը. տեղացի արաբներուն կողքին այդտեղ էին բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք հաւանաբար հայկական եկեղեցի անգամ չեն այցելեր:
Ու այդտեղ ակամայ հետեւեալ հարցը ծագեցաւ ուղեղիս մէջ. Սուրբ Շերպիլը կամ Սուրբ Ռիթան աւելի՞ սուրբ են քան Սուրբ Յակոբն ու Սուրբ Սարգիսը։ Արաբինը աւելի՞ հրաշագործ է, թէ ոչ մենք ենք որ չենք կրցած մեր ժողովուրդին մէջ սերմանել անոնց սրբութեան հանդէպ երկիւղն ու սէրը, որպէսզի անոնք Սուրբ Յակոբը տեսնեն այնպէս՝ ինչպէս կը տեսնեն արաբին Սուրբ Ռիթան:
Պատասխանը անյստակ է, սակայն յստակ է, որ հայը սեփական սուրբերը մոռցած սուրբերը կը մեծարէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան