ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ՝ ԱՂԸ

Սուրբ Գիրքի մէջ, զանազան առիթներով յիշուած են հանքային նիւթեր՝ որոնց կարեւորագոյնն է աղը։ Արդարեւ, աղը առատ է Պաղեստինի մէջ, մանաւանդ Մեռեալ ծովուն եզերքը։ Այս ծովուն ջուրը շատ աղի է, եւ հարաւային արեւմտեան կողմի ընդարձակ ձորը իր աղին առատութեան համար կը կոչուէր Աղի ձոր (Բ ԹԱԳ. Ը 13, վերնագիր Կ Սաղմոսի), եւ տակաւին կար հոն աղի բլուր մը։

«Աղի հանք, որ կը յիշուի (ՍՈՓ. Բ 9)ի մէջ՝ հաւանաբար ըսուած է Մեռեալ ծովուն բոլորտիքը փորուած փոսերուն համար, որոնց մէջ կը վազէր ծովուն ջուրը, եւ որոնց մէջ ցամքելէ ետքը կը թողուր աղի թանձր խաւ մը։

«Աղ»ը այլաբանօրէն կը նշանակէր «սուրբ», փրկաւէտ եւ առողջարար ազդեցութիւններ ունէր, որոնք մարմինը կը պահպանեն ապականութենէ եւ փտութենէ. (ՂԵՒՏ. Բ 13), (ՄԱՏԹ. Ե 13), (ՄԱՐԿ. Թ 49), (ԿՈՂ. Դ 6)։

Այս նշակութեամբ կ՚ըսուի նաեւ «Ուխտ աղի». (Բ ՄՆԱՑ. ԺԳ 5)։ Դարձեալ, որովհետեւ ոչինչ կը բուսնի այն հողին վրայ՝ որ աղի է, աղը նաեւ ամլութեան նշան էր. (ՍԱՂՄ. ՃԷ 34), (ԵՐԵՄ. ԺԷ 6)։

Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած միւս հանքային նիւթերու վրայ ալ կ՚արժէ հապճեպ ակնարկ մը նետել։

ԲՈՐԱԿ. «Աղբորակ», «քարաղ», «նատրուն», որ կը նշանակէ՝ «borax». յիշուած է միայն (ԱՌԱԿ. ԻԵ 20) եւ (ԵՐԵՄ. Բ 22)ի մէջ։ Հանք մըն է, որ կը գտնուի Եգիպտոսի մէջ, ուր կան «Սոտայի լիճ» կոչուած լիճեր, որոնց մէջէն կը հանուի փորուելով, որովհետեւ կը ցամքին ամրան մէջ։

Եթէ բորակին վրայ քացախ լեցուի, գարշելի հոտ մը կ՚արձակէ, եւ կը խանգարուին իր բորակային յատկութիւնները, ինչպէս ակնարկուած է Առակաց Գիրքին մէջ. (ԱՌԱԿ. ԳԵ 20)։

ԾԾՈՒՄԲ. (soufre)։ Հանք մըն է. կը գտնուի երբեմն զատ եւ երբեմն ուրիշ հանքային նիւթերու եւ քարերու հետ խառն, եւ կը զտուի արհեստական միջոցներով։ Պաղեստինի մէջ կը գտնուի տեղ տեղ, մանաւանդ Մեռեալ ծովուն եզերքը։

Ծծումբը Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքներուն կործանման համար գործածուած ըլլալով՝ շատ անգամ կ՚առնուի Աստուծոյ վրէժխնդրութեան իբրեւ նշանակ. (ԾՆՆԴ. ԺԹ 24-25), (ՍԱՂՄ. ԺԱ 6), (ԵՍ. ԼԴ 9), (ԵԶԵԿ. ԼԸ 22), (ՅԱՅՏ. ԺԴ 10)։

ԿԱՒ. (Argile)։ Իւղային հող է. խեցեղէն անօթներ շինելու կը գործածուէր. (ԵՍ. ԻԹ 16, ԽԵ 9), (ԵՐԵՄ. ԺԸ 4-6)։

Աւազի հետ խառնուելով կը գործածուէր շէնքերու կառուցման համար. (ՅՈԲ. Դ 19)։

ՀՈՂ կամ ԵՐԿԻՐ. (terre, terrain)։ Եբրայեցերէնի մէջ կան երեք բառեր, որոնք կը նշանակեն հող կամ երկիր։ «Էրէց» որ կը նշանակէ «երկիր», թէ՛ շէն եւ թէ՛ ամայի։ «Ատամա»՝ որ բուն կարմիր հողն է, մշակելի երկիր. երբեմն նաեւ կը նշանակէ՝ ամբողջ երկիրը կամ երկրագունդը։ «Աֆար»՝ որ կը նշանակէ «ցամաք հող» կամ «փոշի»։ Կան ուրիշ բառեր ալ, որոնք կը նշանակեն մանր հող կամ բուն փոշի. (Բ ՕՐ. ԻԸ 24), (ՆԱՒ. Ա 3), եւ կամ՝ հողամաղ, մանրամաղ փոշի (ԵՍ. Խ 15)։ Արդարեւ, երկիրը, «փոշի» մը չէ՞ երբ իմաստասէրի մը աչքով դիտենք…

ՁԻՒԹ. (poix), (goudron)։ Խիժային նիւթ եւ որ առատութեամբ կը գտնուի «Ասորւոց» երկրին մէջ, Մեռեալ ծովուն մօտ եւ Պաղեստինի ուրիշ կողմերը։ Ձիւթի մեծամեծ զանգուածներ կը լողան Մեռեալ ծովուն երեսը։ Ձիւթը կը գործածուի իբրեւ շաղախ ըստ Սուրբ Գիրքին. (ԾՆՆԴ. ԺԱ 3), եւ տակաւին կը գործածուէր արեւելքի շատ մը կողմերը։ Պլինիոս կը պատմէ, թէ եգիպտացիներ ձիւթը կը խառնէին կուպրով եւ ապա անով կը ծեփէին իրենց պապիրոսէ նաւակները. (ԵԼ. Բ 3)։ «Նաւթ» կոչուած նիւթն է ձիւթէն հանուած իւղը. կը գտնուի Պաղեստինի մէջ, եւ շատ աղէկ կը վառի ծծումբի նման։

Ս. Գիրքի մէջ կը յիշուին նաեւ քարեր։

ԱԿՆ ՎԱՆԻ կամ ԲԻՒՐԵՂ.- Գայլախազի (կայծքարի տեսակ՝ «silice»), (Կայծքար=silex) ցեղէն ապակիի նման թափանցիկ քար՝ որ եբրայեցերէն եւ յունարէն լեզուներու մէջ կը կոչուի նկարագրապէս «սառ». (ՅՈԲ. ԻԸ 18), (ԵԶԵԿ. Ա 22), (ՅԱՅՏ. Դ 6)։

ԲՈՒՍՏ. «corail»։ Ապառաժուտ նիւթ՝ զոր ծովու մէջ կրաքարէ կը շինեն մանր մանր ծովային որդեր կամ ճճիներ։ Յարգի է իր սովորաբար ծառանման եւ երբեմն աստղակերպ ձեւին եւ գեղեցիկ գոյնին համար. (ՅՈԲ. ԻԸ 18), (ԵԶԵԿ. ԻԷ 16)։ Բուստը՝ զոր Տիւրոս կը բերէին վաճառականներ՝ հաւանաբար Հնդկաց ծովէն էր։

(Տիւրոս=Tyrus, Sur)։

ՇԻՇ. Աղաբասդր (սու մէրմէրի) տեսակ մը գաճ (ալչը) է։ Այս բառը հինէն կը նշանակէր տեսակ մը եղնգնաքարէ շինուած տուփ կամ շիշ. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 7), (ՄԱՐԿ. ԺԴ 3), (ՂՈՒԿ. Է 37)։

Ըստ Պլինիոսի, ասկէ կը շինուէին մանաւանդ անուշահոտ իւղի կամ օծանելիներու տուփեր, ինչպէս տակաւին կը շինուէին Եգիպտոսի մէջ։

Շիշը կամ տուփը կոտրել կ՚ըսուէր բերանին կնիքը հանելուն, որովհետեւ ամանը կնքուած կ՚ըլլար, որպէսզի անուշահոտութիւնը չցնդէր։

Այս բոլորը մեզի ցոյց կու տայ, թէ Սուրբ Գիրքը անսահման խորհուրդներ եւ անշուշտ գիտութիւններ կը պարունակէ. ան անսահման է իր բովանդակութեան հարստութեամբ՝ հորիզոն մը միշտ մեր առջեւ բացուող…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 25 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023