ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 14 մայիսի ընտրութիւններուն ընդառաջ հիւրընկալեց իշխանութեան յառաջադէմ ներկայացուցիչը, որ Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարիչներուն հետ։ Նախարար Սոյլուին ընկերացան Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա, Ֆաթիհի գաւառապետ Ճաֆէր Սարըլը, Ֆաթիհի քաղաքապետ Մեհմէտ Էրկիւն Թուրան, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ԱՔ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Համայնքային գրեթէ բոլոր հաստատութիւններու նորընտիր կամ վերընտրեալ ատենապետները ներկայ գտնուեցան այս հաւաքոյթին։

Նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ ընկերակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան Պատրիարքարանի մուտքին եւ առաջնորդուեցան դահլիճ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ ելոյթով մը ողջունեց նախարարն ու հիւրերը։ Ան ըսաւ, որ այս տարի երկրին մէջ բոլոր տօները կը նշուին յուզումնախառն տրամադրութիւնով՝ տարեմուտի իրերայաջորդ ցնցիչ երկրաշարժներուն եւ բնական աղէտներուն հետեւանքով։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց նաեւ, որ բնական աղէտներու մթնոլորտին մէջ դրսեւորուած զօրակցութիւնը եկած է վերահաստատել, թէ Թուրքիան մէ՛կ ազգ է ու մէկ երկիր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աւելի վերջ խօսեցաւ ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին մասին։ «Ամէն հարցի ժամանակ զգացինք, որ կան ականջներ, որոնք մեզ կը լսեն», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ ԱՔ կուսակցութիւնը մարմնաւորած է պետութեան ժպտուն դէմքը։ «Աշխարհի որեւէ երկրին մէջ փոքրամասնութիւն ըլլալը դիւրին գործ մը չէ, սակայն պետութեան մերձեցումով կրնայ դիւրանալ», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց իշխանութիւններուն կողմէ համայնքային խնդիրներու կարգաւորման նպատակով ցուցաբերուած նպաստին համար։ 

Ելոյթի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնաւորապէս արժեւորեց նաեւ Սիւլէյման Սոյլուի դերակատարութիւնը։ Ան «բանալի անձնաւորութիւն» որակեց նախարարը՝ շեշտելով, որ բոլոր նուրբ հարցերու լուծման ճանապարհին ան ունեցած է առանցքային դերակատարութիւն։ Այս ամբողջին մէջ ան յիշեց մօտաւոր անցեալի պատրիարքական ընտրութիւններն ու անցեալ տարեվերջի համայնքային ընտրութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ այսօր համայնքը աւելի յուսադրուած կը նայի ապագային։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց, որ ԱՔ կուսակցութիւնը մեր համայնքէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն երեսփոխանի թեկնածու առաջադրած է։ Ան կը գտնուի դիրքի մը վրայ, որով շատ հաւանական է յառաջիկայ շրջանին Ազգային մեծ ժողով մուտք գործելը։ Նորին Ամեապատուութիւնը յիշեցուց, որ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնին մաս կազմելէ վերջ ծաւալած է աշխոյժ գործունէութիւն, նպաստած է շարք մը խնդիրներու լուծման, ուստի յառաջիկային համար լաւատեսութիւն կը տիրէ՝ մանաւանդ, որ ան խորհրդարան մտնելու մեծ հաւանականութիւն ունի։

«Մինչեւ 20 տարի առաջ պետական այրեր մեր Պատրիարքարանը չէին հանդիպեր», նշեց ան եւ ընդգծեց այս ժամանակաշրջանին կատարուած «դրական խտրականութիւնը»։ «Ցայսօր ձեզմէ մեծ զօրակցութիւն տեսանք», եզրակացուց իր խօսքը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ Սիւլէյման Սոյլու, որ նոյնպէս խօսեցաւ տարեմուտի բնական աղէտներուն մասին։ Երկրաշարժէն վերջ մասնաւորապէս Հաթայի մէջ ստեղծուած պայմաններուն վրայ կանգ առաւ նախարարը։ Արդարեւ, Հաթայ Թուրքիոյ այն քաղաքներէն մին է, ուր ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները ունին կարեւոր ներկայութիւն, սրբավայրերով հանդերձ։ Նախարարը փոխանցեց իր վկայութիւնները օժանդակութիւններ հաւաքելու եւ վէրքերու սպիացման նպաստ բերելու ժամանակ գործադրուած ջանքերէն։ «Սա միասնականութիւն դրսեւորելու լաւագոյն օրինակներէն մին էր», ըսաւ նախարարը։ Ան յիշեցուց, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ նախօրէին՝ աղէտէն վերջ յանձնած էր զոհողութեան գնահատման ուղղեալ մետայլներ։ «Դուք եւս այնտեղ էիք, երբ մեր ամբողջ երկրին անունով երախտագիտութիւն կը յայտնուէր», աւելցուց նախարարը։

Սիւլէյման Սոյլու աւելի վերջ կանգ առաւ՝ ուղղակիօրէն թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ իրադարձութիւններու վրայ։ Ան յիշեցուց, որ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու պարագային խնդրոյ առարկայ էին մեծ դժուարութիւններ։ Բոլոր խնդիրները համայնքային շրջանակներուն հետ զօրակցութեան մէջ ունեցան բարւոք լուծում։ Սոյլու յայտնեց, որ իւրաքանչիւր փոքրամասնութեան առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելով իրականացուեցան ընտրութիւնները։ Ան դիտել տուաւ, որ փոքրամասնութիւնները ընդհանրապէս մտահոգութիւն կ՚ապրին իրենց ապագային եւ երիտասարդներու մասնակցութեան տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, թրքահայ համայնքի ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը այս առումով լաւատես պատկեր մը ստեղծած է։ Նախարարը յայտնեց, որ ողջախոհ ընտրութիւններ տեղի ունեցած են եւ այդ որակումը կարելի է ընդհանրացնել ամբողջ փոքրամասնական համայնքներուն համար։

Նորընտիր համայնքային վարիչները ջերմօրէն ողջունելէ վերջ Սիւլէյման Սոյլու բոլորին փոխանցեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի ողջոյնները։ Ան շեշտեց, որ յառաջիկայ շրջանին ալ իրենք միշտ պատրաստակամ պիտի ըլլան փոքրամասնութիւններու խնդիրներու լուծման հետամուտ ըլլալու։ «Մենք միասին հզօր եղանք։ Դուք մեր քաղաքակրթութեան արժէքներն էք», նշեց Սիւլէյման Սոյլու։ Իր խօսքով՝ թրքահայ համայնքը տարբեր յոյսի աղբիւր մըն է երկրին համար։

Ելոյթի տեւողութեան Սոյլու խօսեցաւ Թուրքիոյ շուրջ եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ ստեղծուած անկայուն իրավիճակին մասին։ Այս համայնապատկերին վրայ երկիրը միջազգային տեսակէտէ կայունութեան գործօն մը դարձած է։ «Թուրքիա դարձած է այնպիսի երկիր մը, ուր բազմաթիւ մարդիկ կրնան ինքնադրսեւորուիլ», ըսաւ Սոյլու։

Համայնքային շրջանակներու հետ հանդիպման ընթացքին նախարարը վերյիշեց նաեւ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, ինչպէս նաեւ ԱՔ կուսակցութեան հոգելոյս երեսփոխաններէն Մարգար Էսաեանը։ «Լաւութիւններն ու արժէքները միշտ պէտք է վերյիշուին», ըսաւ ան։ Սիւլէյման Սոյլու աւելցուց, որ ողբացեալ Մարգար Էսաեանի միջոցաւ ծանօթութիւն հաստատած էին տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուին հետ։ Այսօր ան միակն է, որ խորհրդարան մուտք պիտի գործէ՝ որպէս փոքրամասնութիւն։

Բոլորը այս դրական ու շինիչ պատգամներով ողջունելէ վերջ նախարարը փափաքեցաւ լսել նաեւ համայնքային վարիչները։ Այս փուլին մեր բոլոր հաստատութիւններու ներկայացուցիչները ներկայացան Սիւլէյման Սոյլուին, ողջունեցին զինքը եւ ուրախութիւն յայտնեցին այցելութեան համար։ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ իր ելոյթին մէջ ընդգծեց վերջին 20 տարիներուն համայնքին եւ Ազգային հիւանդանոցին մէջ արձանագրուած վերելքը։ Ան մասնաւորապէս շեշտեց նախագահ Էրտողանի դրական վերաբերմունքն ու խրախուսանքը, որոնք շատ լուրջ գործօն հանդիսացած են՝ հաստատութեան այսօրուան մակարդակին հասնելու ճանապարհին։ Շիրինօղլու նախարարն ալ հրաւիրեց՝ առաջին յարմար առիթով այցելել Ազգային հիւանդանոց։ Միեւնոյն ժամանակ, ան շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարը, Իսթանպուլի կուսակալը եւ պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքեր միշտ հասանելի են մեր համայնքին, ինչ որ չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Այցելութեան եզրափակիչ փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գիրք մը նուիրեց նախարարին, որ ստորագրեց նաեւ Պատրիարքարանի պատուոյ տոմարը։ Սոյլուն ալ յուշանուէր մը յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ Սիւլէյման Սոյլուի հետ Պատրիարքարանի մուտքին տեղի ունեցաւ նկարահանում։

       

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2023