ԱԶԴՈՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովի օրակարգին վրայ բերաւ՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան հարցը։ Տարիներէ ի վեր հրապարակումը յապաղած նոր կանոնադրութեան խնդիրը Սելինա Տողանի նախաձեռնութեամբ ներկայիս արձագանգ կը գտնէ խորհրդարանէն ներս։ Այս առթիւ ան ուշադրութիւն հրաւիրած է, թէ կառավարութեան կողմէ տարիներէ ի վեր հրապարակումը յապաղուած կանոնադրութեան հարցին պատճառով փոքրամասնական հաստատութիւնները չեն կրնար կատարել ընտրութիւններ եւ այս պատճառով կ՚ապրին վարչական ճգնաժամ մը։ Սելինա Տողան համոզուած է, թէ նոր կանոնադրութեան չհրապարակման պարագային փոքրամասնական վաքըֆները կրնան ընտրել իրենց վարչայինները։
Ազգային մեծ ժողովի դիւանին ներկայացուցած հարցման առաջարկին մէջ Սելինա Տողան յիշեցուցած է, որ փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրութիւններուն վերաբերեալ կանոնադրութիւնը ջնջուած է 19 Յունուար 2013 թուականի դրութեամբ։ Այդ թուականէն ի վեր խնդրոյ առարկայ վաքըֆները ի վիճակի չեն ընտրութիւն կատարելու, ինչ որ փոքրամասնական համայնքներու ամենակարեւոր խնդիրներէն մէկուն վերածուած է ներկայիս։ Կանոնադրութիւնը չի հրապարակուիր, հակառակ անոր, որ այս ուղղութեամբ խոստում մը տրուած է ուղղակի Փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչի կողմէ։ Հետեւաբար, Սելինա Տողան պահանջած է, որ իր հարցման առաջարկին պատասխանը տրուի նոյնինքն Պիւլենտ Արընչի կողմէ։ Ան հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ ջնջուած է կանոնադրութիւնը, ինչո՞ւ տակաւին չէ պատրաստուած նորը, արդեօք նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան համար աշխատանք կը տարուի՞ եւ այդ մէկը ե՞րբ պիտի հրապարակուի։
Իր յայտարարութեան մէջ Սելինա Տողան ուշադրութիւն հրաւիրած է, թէ կանոնադրութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է եւ ձեւական հարց մը ըլլալէ անդին կը համարուի ինքնութեան վերաբերեալ խնդիր մը։ Ըստ իրեն, փոքրամասնութիւններու հաւաքական կեանքի կարգաւորման վերաբերեալ նուրբ նիւթ մըն է այս մէկը, հետեւաբար ան կ՚առընչուի ինքնութեան գոյատեւման խնդրին հետ եւ այս կապակցութեամբ ժամ առաջ պէտք է վերահաստատուի հաւասար քաղաքացիութեան սկզբունքը։ Եթէ ընտրութիւններու ձեռնարկելու համար նոր կանոնադրութիւն մը պիտի չհրապարակուի, ապա այս վաքըֆները ունին խոր աւանդութիւններ եւ վարչական պաշար՝ որպէսզի իրենք իսկ կարենան կատարել իրենց ընտրութիւնները, ընտրել իրենց վարչայինները եւ ըստ այդմ շարունակել իրենց ճանապարհը։
Նոյն կապակցութեամբ Սելինա Տողան ընդգծած է, թէ փոքրամասնական վաքըֆները իրենց պատկանած համայնքի բարեսիրական, կրօնական, մշակութային, կրթական, ընկերային եւ առողջապահական կարիքները դիմագրաւելու համար ստեղծուած են։ Օսմանեան շրջանէն ի վեր անոնց ընտրութիւնները կանոնաւոր ձեւով կ՚իրականացուին՝ պատկան համայնքի ժողովրդագրական առանձնայատկութիւններուն համապատասխան ձեւով։ Սելինա Տողան մէջբերած է նաեւ թիւ 5737 Վաքըֆներու օրէնքի 6-րդ յօդուածին հետեւեալ տրամադրութիւնը. «Համայնքային վաքըֆներու վարչայինները կ՚ընտրուին այդ համայնքի անդամներու շարքէն։ Վաքըֆներու վարչայիններուն ընտրական ձեւերն ու կանոնները կը կարգաւորուին կանոնադրութեամբ»։
Օրէնքի այս տրամադրութեան լոյսին տակ Սելինա Տողան ընդգծած է, որ գործադրութեան ժամանակ ապրուած կաղացումներու պատճառով, համայնքներուն ալ հաւանութեամբ 19 Յունուար 2013 թուականին ջնջուած է վերջին կանոնադրութիւնը։ Տակաւին նոր կանոնադրութիւնը չէ հրապարակուած։ Այս երեւոյթը մէկ կողմէ ոտնձգութիւն մըն է ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքին դէմ, իսկ միւս կողմէ խոչընդոտ մը կը հանդիսանայ՝ որպէսզի պատկան համայնքի անդամները այդ վաքըֆներուն միջոցաւ կարենան լիարժէք ձեւով օգտուիլ իրենց մշակութային, ընկերային եւ կրօնական իրաւունքներէն։ Սելինա Տողան շեշտած է նաեւ, որ երկրի օրէնսդրութեան մէջ փոքրամասնական վաքըֆները ինքնուրոյն կը համարուին, որովհետեւ անոնք կը հանդիսանան միակ իրաւաբանական անձերը, որոնց վարչայիններու ընտրութիւնը կը կանոնակարգուի կանոնադրութեան մը միջոցաւ։ Հետեւաբար, նոր կանոնադրութեան ժամ առաջ հրապարակուիլը անհրաժեշտութիւն մըն է թէ՛ ներքին իրաւունքին եւ թէ Թուրքիոյ կողմէ ստորագրուած միջազգային համաձայնագրերուն տեսակէտէ։