ՇԷՆ ՉՄՆԱՑ ՀԱՅԿԱՅ ՏՈՒՆ
Աւելի քան դար մը առաջ Հայոց Հայրիկ Խրիմեանը կը հրատարակէր իր «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութիւնը եւ այս աշխատութեամբ կը փորձէր դաստիարակել հայ ընտանիքը՝ մանաւանդ հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին, որպէսզի կատարեալ գիտակցութեամբ առաջնորդուին իրենց ամուսնական կեանքին մէջ: Նոյնպէս ժամանակակից մամուլի մէջ բազմիցս կարելի էր հանդիպիլ «Ի՞նչ է ընտանիքը» հարցումին. սակայն ամէն ժամանակէ աւելի հիմա կը զգանք կարիքը այդ հարցադրումին, որովհետեւ մերօրեայ նոր սերունդը յաջողեցաւ քանդել ամենէն նուիրական նկատուող ընտանիքը անգամ եւ ընտանիք կազմելու սրբազան գործը շուկայական առեւտուրի վերածեց:
Խրիմեան Հայրիկի ժամանակ ժողովուրդի զաւակներուն մեծամասնութիւնը ուսումնական կեանքէն ու կրթութենէն հեռու էին, սակայն հակառակ այս դժբախտ իրողութեան Խրիմեան Հայրիկ սքանչացումով կը նայէր հայ ընտանիքին. իր իսկ խօսքերով «որչա՜փ քաղցր ու նուիրական պարտիք է նոցա համար ամուսնասիրութիւն եւ ընտանիք»։ Յաճախ կը կարծուի, որ լաւ կրթութիւն չստացողներ ընտանեկան սուրբ յարկը կրնան կործանել, սակայն մեր օրերուն ակնյայտ ձեւով կը տեսնենք, որ մերօրեայ «կրթուածներ»ն ու «ուսեալ»ները շատ աւելի աւերներ կը գործեն՝ քան դար մը առաջ անուս ու անգրագէտ մեր ժողովուրդի զաւակները:
Խրիմեան Հայրիկ իր ժամանակուան մարդիկը կը մեղադրէր «աղքատ էք դաստիարակութեամբ եւ ազատութեամբ» ըսելով, եւ գուցէ կը հաւատար, որ դաստիարակութեամբ եւ ազատութեան գաղափարով հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին աւելի առողջ ընտանիք կրնան կազմել, սակայն հակառակ Հայրիկի կարծածին, ի՛նչքան ազատութեան գաղափարը ճանչցան ու մերօրեայ կրթութեան տէր դարձան, այնքան հեռացան ու աղաւաղեցին հայ ընտանիքի պատկերը. ինչքա՛ն հարստացան դաստիարակութեամբ եւ ազատութեամբ, այնքան աղքատացան բարոյական սկզբունքներէն եւ արժէքներէն:
Հողագործն ու դպրոցի երես չտեսած հայուհին յաջողեցան առողջ ընտանիք կառուցել, սակայն անոնց բժիշկ ու գիտնական դարձող զաւակներն ու թոռները հակառակ իրենց զարգացած մակարդակին, չյաջողեցան առողջ ընտանեկան կեանք մը ունենալ, որովհետեւ առաջինները լաւապէս գիտակցութիւնը ունեցան ընտանեկան կեանքի պարտաւորութիւններուն, մինչ վերջինները այդ մէկը տուն-տուն խաղալ կարծեցին եւ իրենց վրայ դրուած պարտաւորութիւնները մոռնալով ուզեցին միայն յագուրդ տալ իրենց շռայլ ու զեխ զգացումներուն:
Խրիմեան Հայրիկ չես գիտեր ինչո՞ւ կը մեղադրէ բոլոր չամուսնացողները. ան չամուսնացողները «զեխ մարդիկ» կը կոչէ եւ հարց կու տայ ըսելով. «չգիտեմ զո՞վ առաւել մեղադրեմք. անփեսայ օրիո՞րդն թէ անամուսին երիտասարդն»:
Հին մամուլներու մէջ բազմիցս հանդիպած եմ յօդուածներու, որոնք կը խօսին մօր պարտաւորութիւններուն մասին՝ մանաւանդ իրենց զաւակներուն նկատմամբ, սակայն մերօրեայ մայրերը տեսնելով՝ աւելիով կը հասկնամ, թէ ինչքան կարիքը ունինք ընտանեկան դաստիարակութեան: Խրիմեան կը կարծէր, թէ հայ ընտանիքներուն մեծագոյն ցաւերէն մէկը նիւթականին պակասութիւնն է. այսօր նիւթական պակասութենէն աւելի բարոյականին պակասութիւնն է, որ կը կործանէ մեր ընտանիքները. ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէս երկու «կրթուած» զոյգեր ի՜նչ բարձր մակարդակի հայհոյանքներով, արհամարհանքներով կը նախատեն զիրար՝ նոյնիսկ հանրութեան մէջ. այդ բոլորին ականատես դարձող մանուկը տակաւ առ տակաւ կը կորսնցնէ յարգանքը իր հօրն ու մօրը հանդէպ եւ կ՚ունենանք զաւակներ, որոնք համարձակութիւնը կ՚ունենան ոչ միայն արհամարհանքով պատասխանել իրենց ծնողներուն, այլ նոյնիսկ հայհոյանքներով կը խօսին անոնց հետ:
Յաճախ կը մեղադրենք նոր սերունդը, առանց նկատելու, որ նորը այսպէս կամ այնպէս ընդօրինակութիւնն է հինին, որովհետեւ մենք կը հաւատանք դաստիարակութեան ուժին եւ ամբարտաւան մանուկ մը պարզապէս հայելին է իր ծնողքի անդաստիարակ վիճակին: Ի՞նչպիսի ընտանիք կարելի է ակնկալել երիտասարդէ մը, որ ամբողջ կեանքը ականատեսն ու ականջալուրը եղած է իր ծնողաց կռիւներուն, արհամարհանքներուն ու հայհոյութիւններուն:
Խրիմեանի զեխ նկատած չամուսնացեալներէն մէկն ալ ես դառնամ գուցէ, որովհետեւ ամուսնական կեանքէն քայլ մը աւելի կը հեռանամ, երբ տեսնեմ հետեւեալ երեւոյթները.-
Ա.- Կը տեսնեմ զաւակներ, որոնք բարձրաղաղակ կու լան՝ իրենց մանկական բնական պէտքերուն պատճառով եւ այդ բոլորին դիմաց կը տեսնեմ անտարբեր մայրեր՝ հոգիով ու սիրտով մխրճուած իրենց հեռախօսներուն մէջ. իրենց մայրական տարրական պարտաւորութիւնները մոռցած այդ անիծեալ հեռախօսներուն մէջ ի՞նչ կը փնտռեն եւ կամ ի՞նչ կ՚ընեն. այդ ի՞նչն է որ պիտի արդարացնէ իրենց անտարբերութիւնը:
Բ.- Կը տեսնեմ, թէ ինչպէս ամուսնացեալ երիտասարդներ ու մինչեւ իսկ մեծահասկներ յաղթանակ մը տարածի հպարտութեամբ կը պատմեն իրենց դաւաճանութեանց մասին եւ կը կարծեն ամուսնացեալ վիճակին մէջ այլ կնոջ մը սիրտը գրաւելը Տիգրան Մեծի աշխարհը գրաւելուն համազօր բան մըն է:
Գ.- Կը տեսնեմ, թէ բարոյական արժէքները, սէրն ու յարգանքը մէկ կողմ դրած մարդից միայն իրենց զեխ զգացումներուն յագուրդ տալ կը փորձեն եւ այդ ամուսնական կեանքը կարծուածին պէս անքակտելի չի՛ թուիր, որովհետեւ կը հաւատան այն փիլիսոփայութեան, թէ այն ինչ որ ունի սկիզբ, ունի նաեւ վերջ եւ հետեւաբար ամուսնալուծութիւնը բնական կը դառնայ անոնց համար:
Դ.- Կը տեսնեմ, թէ շա՜տ շատեր կը պսակուին եւ ընտանիք կազմել կը փորձեն, որովհետեւ «ամօթ» է չպսակուած մնալը, որովհետեւ ընտանեկան սրբութենէն եւ պարտաւորութեան գիտակցութենէն աւելի անոնց համար կարեւոր է մարդոց ըսի-ըսաւը:
Դարձեալ նոյնը կը կրկնենք եւ մի՛շտ ալ պիտի կրկնենք. դաստիարակութեան լուրջ պակասը ունինք. մեր դպրոցները միայն թուաբանութիւն եւ հայոց պատմութիւն սորվեցնելու համար չեն հաստատուած. անոնց առաջնահերթ պարտականութիւնն է փոխանցուած կրթութեան մէջ փոխանցել նաեւ ընտանեկան սրբութեան գիտակցութիւնն ու դաստիարակութիւնը եւ այդ մէկը առաւելաբար պարտաւոր են ծնողներ, որովհետեւ մեր այսօրը հայելին է մեր զաւակներու ապագային:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -230-
Յաճախ կը կարծուի, թէ բարոյականութեան կողմէ արական սեռի ներկայացուցիչները աւելի տկար են ու սայթաքող, սակայն համոզումս է, որ անոնք զոհն են պարզապէս իգական սեռի թակարդներուն:
Յաճախ իգական սեռը որպէս «զոհ» կը ներկայացուի, սակայն իրականութիւնը միշտ ալ այդպէս չէ:
Եկեղեցական եղած ժամանակ բոլոր թեմերու երիտասարդները ներառող համագումար մը կազմակերպեցինք եւ ես կազմակերպողներէն մէկն էի. բոլոր երկիրներէն երիտասարդ-երիտասարդուհիներ եկան Լիբանան. բնականաբար համագումարի աւարտին հեռաձայնի թիւերու փոխանակում տեղի ունեցաւ՝ երիտասարդական կապերը աւելի ամրացնելու եւ զօրացնելու նպատակով: Ժողովէն երկու շաբաթներ ետք ամուսնացեալ մասնակիցներէն մին հետեւեալ բովանդակութեամբ նամակ մը ղրկեց.- «Ինչպէ՞ս ես Հայր Հեթումիկս...». այդ նամակները վերջ չունեցան եւ ամէն անգամ որ ամուսինը տունէն դուրս գտնուեցաւ՝ ուզեց զանգել, գրել ու խօսիլ:
Յաճախ եկեղեցականները կը մեղադրուին անբարոյականութեամբ, սակայն վստահ եղէք, թէ սայթաքումը սկիզբ կ՚առնէ հակառակ կողմէն եւ իգական սեռի ներկայացուցիչներ դիմացի անձին կուսակրօն ըլլալը գիտնալով հանդերձ անկուսակրօն կեանքի առաջնորդել կը փորձեն: Իսկ աւելի ցաւալին, որ անոնց մեծամասնութիւնը ամուսնացեալ եւ հայ ընտանիքի «մայրեր» են:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան