ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊԱՏԱՌԻԿ ՄԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ «ՆԱՅԻՐԻ»ԷՆ

Հակառակ որ վաղամեռիկ Բեգլար Նաւասարդեան բանաստեղծ չէր եւ առաւելապէս ճանչցուած էր հռչակաւոր դաշնակցական գործիչ Վահան Նաւասարդեանի տղան ըլլալով, իր այս բանաստեղծութեամբ պարզունակ ու անմիջական ոճով եւ մաքրամաքուր ժայթքումով մը կը ներկայացնէ իրմէ առաջ եկած հայ սերունդին դիմագիծն ու կազմած հոգին սփիւռքի ընդմէջէն։

Ներկայացուցածս բանաստեղծութիւնը, որ գրուած է 1954-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, նուիրուած է Անդրանիկ Ծառուկեանին եւ անոր շարժառիթն ու հրատարակութիւնը ինքնին ունի յետին եւ հետաքրքրական պատմութիւն մը, ինչը հոս երկար ու նիւթէն շեղում պիտի սեպուի պատմելը: Ծառուկեանն այդ փաղանգաւոր ու ռահվիրայ սերունդին պայծառ ներկայացուցիչներէն էր, որ մեծամասնաբար կազմուած էր ցեղասպանութենէն փրկուած հայ որբերէ եւ որ վերապրելով (ինչպէս նշուած է վարը՝ բանաստեղծութեան հատուածին մէջ) հրաշափառ յարութեամբ, վերստեղծեց փառալից հայ մշակոյթն ու ինքնութիւնը համամարդկային ազնուագոյն արժէքներով համալրուած եւ ծիլերը նետեց ներկայ սփիւռքին՝ Հալէպէն, Պէյրութէն… եւ արդար ու առաքելապաշտ համակարգին հիմնաքարը դրաւ: Ինձ միշտ հիացուցած ու անվերջ լիցք տուած են ցեղասպանութենէն վերապրած առաջին հայ սերունդին հրաշագործութիւնները:

Հոս ուզեցի հատուածներ արտագրել նոյն բանաստեղծութենէն, քանի կարծեմ անոր պարզ ու գեղեցիկ պատգամը, որ սփիւռքի ինքնութեան կերտումին եւ այդ կերտումին հետ սփիւռքի առաքելութեան փոխանցումին մասին է, ունի նաեւ շեշտադրում մը այս ապրիլեան ամսուայ Մեծ եղեռնի յիշատակին հետ կապուած:

Բանաստեղծութիւնը գտայ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» գրական հանդէսի հին թիւերու պատճէնի մը մէջ:

*

Ինչպէ՞ս վերապրեցիք դուք, մի բուռ մանուկներ...
պատմութիւնն է կանգ առել ու միտք է անում ու չի հասկանում...
միայն տեսան մարդիկ, աշխարհը տեսաւ...
թէ սպանդից ճողոպրած մի կարաւան խլեակ
հասաւ Հալէպ, Պէյրութ ու Դամաս, -
ու չանցած մի սերունդ,
մի սերունդ իսկ չանցած՝
կանգնեց խրոխտ, ու յաղթ, ու անվախ
եւ ասաց՝
- ես տէր եմ Հայ լեզուին ու կրօնին հողին,
ի՛մն են վանքերը մեր հին մագաղաթները լոյս-արգանդ,
ի՛մն է ամէն մի էջը հազարամեայ մեր դիւցազնամարտի,
եւ ի՛մն է, ի՛մն է հիմա եւ ի՛մը միշտ
կարօտն անխառն, կարօտը կիզիչ հայրենիքիս:
Եւ դու, հողմերից քշուած պանդուխտ պոէտ,
այս երգը երգեցիր, հնաւանդ Հալէպում թէ զարթնող Պէյրութում,
թէ նոր աւաններում մեր վշտով վշտացած
եղբայր երկիրներում:
Եւ երգիդ հետ հրավառ, Հայ շինականի քրտինքից արդար
նորից կանգնեցին Հայ օճախ եւ դպրոց եւ եկեղեցի,
եւ Հայ մայրերի ջերմեռանդ աղօթքից
անշէջ մնաց մեր պաշտամունքը Լոյսի:
Ու մեզ, հեռաւորներիս համար,
որոնց այցի ես եկել, հողմերից քշուած
պանդուխտ դու պոէտ,
մեզ համար Հալէպն ու Պէյրութը Երկիր դարձան
եւ երկիր դարձած մեր հոգում անմար պահեցին
կարօտն անիմանալի Հայոց Աշխարհի...

Բեգլար Նաւասարդեան

(Կարդացուած Նիւ Եորքի «Հայ Ձայն» ձայնասփիւռէն, 13 նոյեմբեր 1954, տիկ. Ագապի Նաւասարդեանի կողմէ)

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2023