ՆՈՐ ԷՋ ԵՒ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Օրեր առաջ համացանցի վրայ շատեր տարածեցին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքթատի Ռիատ տուած պաշտօնական այցելութեան լուսանկարները։ Դամասկոս-Ռիատ յարաբերութիւնները ո՛չ միայն պիտի բարելաւուին, այլ պիտի դառնան ռազմավարական։ Այս ծիրին մէջ ալ՝ որպէս այս գործընթացի տրամաբանական շարունակութիւն, յառաջիկայ աշնան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման պիտի այցելէ Դամասկոս։ Զարմանալի չէ, սա «ռէէլ փոլիթիք»ի ծիրին մէջ գոյացած է ու բնական շարունակութիւնը՝ Չինաստանի միջոցաւ տարածաշրջանին մէջ բացուած նոր էջին։ Անշուշտ, եթէ այս էջը չտապալի, անշուշտ, եթէ այս նոր վիճակէն անհանգիստ շատ մը կողմեր նոր խաղերու չսկսին ու համաձայնութեան համար բացուած այս նոր սեղանը ամբողջութեամբ չշրջեն։

Ինչ խօսք, որ նախագահ Պեշար Էսատի գլխաւորած Սուրիոյ ղեկավարութիւնը շատ մեծ ձեռնհասութեամբ յառաջ կը տանի իր համաձայնական քայլերը՝ ընդունելով, որ Սէուտական Արաբիա տարածաշրջանին մէջ կարեւոր ներուժ ունի եւ Սուրիոյ համար ալ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Այստեղ, անշուշտ, պէտք չէ անտեսել Սէուտեան Արաբիոյ մօտեցումն ու դերը, ինչ որ հիմք պիտի դառնայ նաեւ ապագայ դրական ընթացքներուն։

Ռիատ սրտին վրայ քար դրաւ, նաեւ մոռցաւ բոլոր ատելավառ խօսքերը, որոնք Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդի բերնէն կ՚ելլէին, երբ ամէն անգամ վերյիշէին Սուրիոյ պատերազմը եւ թուարկումը կ՚ընէին, թէ ովքեր քանդեցին իրենց երկիրը։

Արաբական աշխարհի ու յատկապէս Ծոցի երկիրներուն մատը ինչքանո՞վ խառն էր այս պատերազմին, կամ անոնք ինչքա՞ն սեւ դեր մը ունեցան՝ տակաւին յստակ չէ։ Յայտնի է, սակայն, որ Սէուտական Արաբիան ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները արդէն իսկ յոգնած են Արեւմուտքի գործիքը դառնալէ։ Անոնք նոր պատուհաններ կը փնտռեն ու նոր գործընկերներ եւ գուցէ այդ առանցքով յաջողութեան հասած է Փեքինի կշիռով Սէուտական Արաբիա-Իրան համաձայնութիւնը։

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ ընթացք առած նոր խաղին մէջ Դամասկոս պիտի ունենայ անչափ կարեւոր դեր մը ու պիտի վերադառնայ անցեալի՝ շրջանային համակարգողի հին-նոր դերին։

Պէյրութցիները այս ձեւաչափը կը սիրեն կոչել՝ «Սին-սին»։ Սա, խորքին մէջ, արաբերէնով այդ երկու պետութիւններու անուններու առաջին տառն է։ Այսինքն՝ Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա, որոնց հիմնաւոր համաձայնութեան ու գործընկերութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ շատ մը հարցեր լուծել տարածաշրջանին մէջ։

Պէտք չէ մոռնալ, որ Սուրիոյ ներքին պատերազմի տեւողութեան շատեր կը հայհոյէին Սէուտական Արաբիոյ, անոր իշխաններուն ու թագաւորին դէմ։ Այսօր անոնք ափ ի բերան մնացած են՝ ստեղծուած պատկերին առջեւ։ Այդ սխալ մօտեցումներով՝ անոնք իբր թէ կը պաշտպանէին Սուրիոյ պետական շահերը, կամ ալ յառաջ կը մղուէին աշխարհի տէրութիւններուն դէմ պայքար տանելու սնաբարոյ մօտեցումներով։ Անոնք կը մոռնային ու կ՚անտեսէին, որ Սուրիա նախ եւ առաջ արաբական պետութիւն մըն է եւ առաջնային ու կարեւոր դեր մը ունի համաարաբական կտրուածքով։

Մեծահոգութեան, բարի կամեցողութեան եւ հարեւաններու հետ բարիդրացիական կապեր ստեղծելու առումով Սէուտական Արաբիա պիտի շարունակէ մնալ յառաջատար ու պիտի չդաւաճանէ իր այդ գծին՝ հակառակ անոր, որ զանազան փուլերու մէջ շատեր զիրենք «մարիոնէթ»ի տեղ դնել կը փորձէին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2023