«ԸՆԹԵՐՑՈՂ ԵՐԵՒԱՆ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԳՐՔԻ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ
Երեւանի «Միսաք Մանուշեան» պուրակին մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ գրքի տօնավաճառ մը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ «Ընթերցող Երեւան» խորագրեալ այս երկօրեայ ծրագիրը համախմբեց աւելի քան երկու տասնեակ կազմակերպութիւններ։ Բացօթեայ ցուցահանդէս-վաճառքի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, թէ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան նուազիլը միշտ կը բարձրաձայնուի հասարակութեան օրակարգին վրայ, բայց յատկապէս վերջին շրջանին կը նկատուի գրքի եւ գրականութեան նկատմամբ աշխուժութիւն։ Քաղաքապետարանի Մշակոյթի վարչութեան պետ Մարիա Բարաղամեանն ալ ընդգծեց, թէ կը նախատեսեն այս ցուցահանդէս-վաճառքը դարձնել աւանդական։ Այս տօնավաճառը մաս կը կազմէ քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ-2015» եռամսեայ ձեռնարկներու շարքին։ Անցեալ տարուան բաղդատմամբ այս տարի մասնակիցներու թիւը աճած է նկատելիօրէն։ Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ներկայացուցած է իր նոր հրատարակութիւնները։ Այս ծրագրի նպատակներէն մին է՝ շարունակել սերմանել գրքին եւ ընթերցասիրութեան նկատմամբ սէրը։ Բարաղամեանի խօսքերով, գիրքը կը մնայ արդիական եւ անհրաժեշտ է սիրել զայն։ Տօնավաճառի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան նաեւ գեղարուեստական զանազան ձեռնարկներ։
Փառատօնի մասնակիցները առանձնապէս գոհունակութիւն յայտնեցին նաեւ նոր գիրքերուն ծանօթանալու հնարաւորութեան կապակցութեամբ։ Անոնք եւս կողմնակից են ընթերցասիրութեան խթանման։ Գրքի եւ գրենական պիտոյքներու վաճառքով զբաղող կազմակերպութիւնները այցելուներուն ներկայացուցին թէ՛ տեղական եւ թէ արտասահմանեան գրականութեան նմոյշներ եւ այլ արտադրանքներ։