ԱՐՑԱԽ. ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ ՕՐ 143. Հ-ՊԱՐՏԱՑԱԾ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ
Հայ ազգ, դուն կորսնցուցիր ինքզինքդ: Դուն կորսնցուցիր քու ինքնութիւնդ ու կը նմանիս քոչուոր ցեղերու, որոնք զրկուած են ամէն բանէ ու կ՚արհամարհուին բոլորէն:
Ո՜վ հայ ազգ, միթէ՞ կուրացար այսքան: Միթէ՞ քու հոգիիդ աչքերը այնքան կուրացան, զոր կը մերժես Աստուծոյ շնորհը ու երես կը դարձնես քու Աստուծմէ՝ միանալով հոգեւոր պոռնկութեան մեղքի մէջ ինկած աղանդաւորներուն ու կռապաշտներուն, որոնք Կենդանի Աստուծոյ փոխարէն կը պաշտեն բագինները: Կը ճաշակեն հեթանոսութեան դառն պտուղները:
«Քարոզէ Տիրոջ խօսքը, յայտարարէ այն ամէն առիթով՝ պատեհ թէ անպատեհ: Յանդիմանէ՛, սատարէ, յորդորէ մեծ համբերատարութեամբ ուսուցանելով: Քանզի կու գայ ժամանակ մը, երբ մտիկ պիտի չընեն առողջ վարդապետութիւնը: Աւելին՝ զիրենք պիտի շրջապատեն իրենց սեփական ցանկութիւններուն համապատասխանող եւ իրենց ականջներուն հաճոյախօսող ուսուցիչներով» (Բ Տմթ. 4.2-3)։
Աւա՜ղ, այսօր կ՚ապրինք այդ ժամանակները: Մեր ազգը չի սիրեր մտիկ ընել յանդիմանութիւն: Կ՚ապրի պատրանքներով: Մեր ազգը շատ հպարտացաւ եւ չի հասկնար, որ այլեւս մեզ կը խոնարհեցնէ զԱստուած:
Սրտի հպարտութիւնը ատելի է Աստուծոյ, հրեշտակներուն ու սուրբերուն: Հպարտութեան համար Տէրը ստեղծեց դժոխքը (Սուրբ Անտոն Անապատական):
«Երբ պիղծ հոգին դուրս կու գայ մարդու մէջէն, կը շրջի անջրդի վայրերուն մէջ: Կը փնտռէ հագիստ ու չի գտներ: Այդ ժամանակ կ՚ըսէ. «Վերադառնամ իմ տուն, ուրկէ դուրս ելայ»: Եւ կու գայ ու կը գտնէ զայն դատարկ, մաքուր ու կանոնաւոր: Ապա կ՚երթայ եւ իր հետ կը վերցնէ իրմէ աւելի չար եօթ ուրիշ ոգիներ: Կը մտնեն ու կը բնակին այնտեղ: Եւ այդ մարդու վերջը կ՚ըլլայ աւելի վատ, քան նախապէս էր: Այսպէս պիտի ըլլայ նաեւ այս չար սերունդի հետ» (Մտթ. 12.43-45)։
Այսպէս տեղի ունեցաւ մեզի հետ, երբ Խորհրդային Միութենէն վերջ չապաշխարեցանք, իսկ այժմ ալ՝ կը հպարտանանք ու կը պարտուինք դեւերուն:
Հպարտացէք ու կործանեցէք...
Ամենէն դիւրինը ինքզինք ստելն է: Հպարտանալ փուճ փառքով մը: Երեւակայել ինքզինքդ, երբ իրականութեան մէջ դուն ոչինչ ես:
Չկայ աւելի մեծ մեղք, քան հպարտութիւնը՝ բոլոր չարիքներու արմատը, ինչ որ մարդը կը նմանեցնէ դեւի:
Նիկոլը վարչապետ ընտրուելէ մինչեւ այսօր, ամէն անգամ, երբ ուղերձով մը կը դիմէ ժողովուրդին՝ կը սկսի այսպէս. «Սիրելի ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ...»։ Մինչեւ պատերազմը այս նախադասութիւնը կ՚ունենար շարունակութիւնը. «...Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ»:
Վստահաբար ան զԱստուած չի ճանչնար եւ կը հաւատայ սին միտքերու, աւելի ճիշդ վերջինս ուղղորդած են: Դժուար թէ այս մարդը ինքնուրոյն քայլ մը առած ըլլայ, ան պարզապէս ընտրեալ մըն է: Չար հոգի մը, որ ընտրուեցաւ չարիքի կողմէն: Իսկ սին միտքերէն, զոր օրինակ, բառերը ունին զօրութիւն: Տիեզերքը կ՚արձագանգէ մեր միտքերուն: Եթէ բան բազմիցս կրկնես, պիտի կատարուի: Նիկոլն ալ թերեւս կուրօրէն հաւատալով այս միտքին՝ հինգ տարի շարունակ՝ պատեհ թէ անպահետ առիթներով անդադար կը կրկնէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ». այնքան կրկնեց՝ մինչեւ «տիեզերքը» արձագանգեց: Հպարտ հայը դարձաւ պարտեալ:
Եւ ան տակաւին կը շարունակէ կրկնել այդ չարաբաստիկ նախադասութիւնը:
Մինչեւ հիմա տեղի ունեցած արհաւիրքները ոչինչ են, այն արհաւիրքներու դիմաց, զորս պիտի տեսնենք: Ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ իր անտարբեր ու մեղսագործ կեանքը ամէն անգամ ա՛լ աւելի մխրճուելով մեղքերու յատակը:
Իսկ Արցախի մասին կարծես բոլորը լուռ են: 143 օրէ ի վեր գոց է Արցախի կեանքի ճանապարհը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան