«ՀԱՅԱՏԵԱՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՎՐԷԺԸ ՊԱՔՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ հայատեացութիւնն ու վրէժը Ատրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնն են։

Փաշինեան, որ երէկ շփումներ ունեցաւ Փրակի մէջ, թէ՛ Չեխիոյ ղեկավարութեան հետ հանդիպումներու եւ թէ տեղւոյն Անդրատլանտեան յարաբերութիւններու կեդրոնին մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ հրատապ օրակարգի հարցերու։ Ան համոզուած է, թէ ջանքերը պէտք է կրկնապատկուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման եւ տարածաշրջանէն ներս տեւական խաղաղութեան հաստատման համար։ «Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը խօսին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներու նախապատրաստութեան մասին», նշեց վարչապետը եւ հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Արցախի եւ Լաչինի միջանցքին մէջ միջազգային յաւելեալ ներկայութիւն ապահովելու խնդիրը։ Փաշինեան շեշտեց, որ անորոշ է Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներու երաշխաւորման դրութիւնը։

Ի լրումն այս բոլորին, վարչապետը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Ռուսաստան։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ տեսակցեցաւ Արցախի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ալեքսանտր Լենցովի հետ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինն ալ «Իզվեստիա»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նման վաղեմի ու զգայուն հիմնախնդրի մը լուծումը չի կրնար ընթանալ առանց դժուարութիւններու։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023