ՄԻՇՏ ՏԱՐԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ առանցքային տարաձայնութիւնները կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղին, բայց միայն այդքան չէ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած վերջին բանակցութիւններուն լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարութիւններ ըրաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Վարչապետը ըսաւ.

«Թէեւ Փրակի եւ Սոչիի մէջ արձանագրում եղած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն, մենք խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ տակաւին չենք կարողանար համաձայնութեան հասնիլ այն ձեւակերպումներուն շուրջ, որոնք մեզի վստահութիւն կը ներշնչեն, թէ Ատրպէյճան կը ճանչնայ Հայաստանի 29 հազար 8 հարիւր քառակուսի քիլօմեթրը»։

Փաշինեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու հասցէագրման հարցին շուրջ ալ կան տարընթերցումներ եւ անոնք կը պահպանուին։ «Յաջորդը՝ որեւէ պայմանագիր, նոյնիսկ ամենամիանշանակ գրուածները կ՚ունենան տարընթերցումներ. թէ ինչպէ՞ս պէտք է այդ տարընթերցումները լուծուին, շատ կարեւոր խնդիր է ի վերջոյ՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն յետոյ խաղաղութեան երաշխաւորման հարցը։ Նկատի կ՚առնուին թէ՛ միջազգային դրութիւնները եւ թէ տեղականը՝ մասնաւորապէս զօրքերու ետքաշման վերաբերեալ։ Արդեօք մենք պէտք չէ՞ ունենանք սահմանուած՝ ապառազմականացուած գօտի մը։ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու հասցէագրման շուրջ կան տարընթերցումներ եւ անոնք կը պահպանուին։ Ի հարկէ, կայ որոշ շարժ մը։ Եթէ նախապէս կողմերու դիրքորոշումներուն միջեւ տարբերութիւնը 1 քիլօմեթր էր, հիմա 990 մեթր է։ Սա շարժ է, բայց տակաւին հսկայական տարբերութիւն կայ», նշեց Փաշինեան։

Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, թէ ո՞ր տարբերակով կ՚ընթանայ Հայաստան։ Այսինքն, Արցախի հարցը առկախուի՞ եւ ռուս խաղաղապահները երթա՞ն, թէ ոչ Արեւմուտքը անվտանգութեան երաշխիքներ տայ Արցախի հայութեան համար։ «Հայաստան կ՚աշխատի այն տարբերակին վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու հարցը պէտք է քննարկուի Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան հարթակին վրայ, որ պէտք է ունենայ որոշ միջազգային ներգրաւուածութիւն։ Հակառակ պարագային այդ նիւթն ու օրակարգը Ատրպէյճանի կողմէ կրնայ ուղղակի մոռացութեան ենթարկուիլ», ըսաւ ի պատասխան վարչապետը։

Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան պնդեց, որ Ուաշինկթընի մէջ սկսած քննարկումը կրնայ շարունակուիլ Մոսկուայի մէջ՝ հերքելով այն պնդումները, թէ կան Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի նախագիծեր, որոնք իրարմէ կը տարբերին։ Ան յստակացուց, թէ Արեւմուտքի կողմէ ներկայացուած են մօտեցումներ, բայց ոչ տարբերակ՝ թուղթի վրայ գրուած։ «Մօտեցումը բանաւոր է եւ եթէ այդ մէկը դնենք, թուղթի վրայ կարդանք, կրնայ պարզուիլ, որ սխալ հասկցած ենք, այդքան ալ այդպէս չէ։ 2022 թուականի օգոստոսին ռուսական կողմը ներկայացուց գրաւոր առաջարկ մը, մենք ընդունեցինք, Ատրպէյճանը՝ մերժեց։ Մենք չենք տեսած Ռուսաստանի կողմէ այդ տարբերակը երկրորդ անգամ սեղանի վրայ դնելու գործընթաց», շարունակեց Փաշինեան։

Այս կապակցութեամբ ճշդող հարցին պատասխանելով եւս Փաշինեան կրկնեց, որ Մոսկուա այլեւս այդպիսի փորձ չէ ըրած։ «Որ պահուն, որ այդ մէկը դրուի սեղանին վրայ, մենք պատրաստ ենք այդ մէկով յառաջ ընթանալ։ Բայց Ռուսաստան որքա՞ն կը հետապնդէ այդ տարբերակը», եզրափակեց վարչապետը։

Ուաշինկթընի բանակցութիւններէն վերջ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Զրոյցի ընթացքին անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Անգարա-Պաքու երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան եւ տարածաշրջանի առկայ իրավիճակին շուրջ։ Նախարարները նաեւ արժեւորեցին՝ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ Ուաշինկթընի վերջին բանակցութիւնները։

Հարկ է նշել, որ ներկայիս Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ նոր բանակցութիւններ կը նախատեսուին՝ այս անգամ Ռուսաստանի մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023