ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նաեւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի Երեւման Ս. Խաչի տօնին օրը կը կատարուի Վոսփորի մեր այս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Հրաչ Օհանեանի ղեկավարութեամբ եւ Արթիւր Պաղտասարեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան եկեղեցւոյ վախճանեալ քարոզիչներն ու հովիւները, նաեւ բոլոր սատարողները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի հանդիսավարութեամբ։ Ներկաներուն համար բացառիկ հաճոյք մը եղաւ՝ Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքներու ունկնդրութիւնը։ Երաժշտական յայտագիր գործադրեցին Արթիւր Պաղտասարեան եւ Հրանդ Քարահան։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին Անդրանիկ Աւիթօղլու եւ Արթուն Թեքիրօղլու։ Գերմանիայէն Ալֆրէտ Պետրոսեանն ալ Քէօլնի հայ գաղութին կողմէ յատկանշական յուշանուէր մը յանձնեց եկեղեցւոյ։ Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Անուան տօնախմբութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի համայնքային շրջանակները եւ հաւատացեալները իրենց համակրանքին եւ զօրակցութեան առարկայ դարձնեն նորընտիր թաղային խորհուրդը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024