ՆՈՐ ՈՍԿԵԴԱՐԻՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ

Մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ՝ շաբաթ, 9 մարտ 1913 թուականին Պոլսոյ Նշան Պապիկեան տպագրատունէն լոյս կը տեսնէ «Բամբիռ» շաբաթաթերթը. շաբաթաթերթի խմբագիրը (որ ցաւ ի սիրտ, իր անունը չի յիշեր շաբաթաթերթի էջերուն մէջ) իր առաջին խմբագրականին մէջ հպարտութեամբ կը գրէ հետեւեալ տողերը.-

«Ո՞ր հայը չի պարծենար Ոսկեդարի Եշիշէներով, Կողբացիներով եւ Փարպեցիներով: Ո՞ր հայը չի հպարտանար միջնադարեան Նահապետ-Քուչակով, Թլկատինցիներով, Աղթամարցիներով: Ո՞ր հայը փառքով յիշել չ՚ուզեր Մխիթարեան միաբանութեան անունը: Ո՞ր հայուն սիրտը չի թրվռար մտաբերելով Մխիթար Աբբան, կարդալով Ալիշանը, Հայր Արսէն Բագրատունին եւ շատ շատեր»:

Խմբագիրին կողմէ այս տողերը յստակ է, որ գրի առնուած են հպարտութեամբ ու պարծանքով, սակայն իրականութեան մէջ հպարտութենէն աւելի վիշտ ու կսկիծ կ՚առթէ, որովհետեւ իր անցեալով կը հպարտանայ ա՛յն ազգը՝ որուն ներկան ափսոսալի վիճակ մը ունի, նմանելով այն մարդուն, որ այսօր աղքատութեան մէջ ապրելով իր անցեալի հարուստ օրերը յիշելով կը մխիթարուի:

«Բամբիռ»ի խմբագիրը 110 տարի առաջ կը հպարտանար յիշելով Եղիշէն, Կողբացին, Փարպեցին եւ ուրիշներ. տարբերութիւնը անցեալի եւ ներկային այն է, որ մերօրեայ սերունդը սկսած է մոռնալ այդ արժէքները եւս. անոնք պատմութեան մէջ յիշուած անուններ են պարզապէս, սակայն անոնցմէ քանի՞ն լաւապէս գիտէ, թէ ինչ գործ կատարած է Մխիթար Աբբան, Ալիշանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Այդ իսկ պատճառով մեր մշակոյթի ընթացքը բաժնուած է երեք մասերու.- Ա.- մշակութային ոսկեդար ստեղծողները, Բ.- այդ ոսկեդարի գործիչները մեծարողներն ու յիշողները Գ.- ամբողջութեամբ մոռցողներն ու անփոյթները:

Կա՛մ անցեալի մարդիկ եղած են շա՛տ լաւատես եւ կամ ես յոռետես մըն եմ, որովհետեւ իրենց համոզումներն ու մերօրեայ վիճակը իրարու ամբողջութեամբ հակառակ պատկեր կը ներկայացնեն. խմբագիրը տեղ մը կը գրէ. «Հայը եղած է միշտ դէպի քաղաքակրթական նորագոյն հորիզոններ վազող ազգ մը եւ որպէս այդպիսին իր հետ իր գրականութիւնը զարգացնելու, բարձրացնելու ճիգը թափած է անվհատօրէն»։ Եթէ պահ մը որպէս ճիշդ ընդունինք խմբագիրի համոզումները, ապա ո՞ւր են նման քաղաքակրթական նորագոյն հորիզոն վազողներու յաջորդող սերունդները, ո՞ւր են անոնց զաւակներն ու թոռները: Նման յաջողութիւններու ծարաւ անձերու զաւակներն ու թոռները ինչո՞ւ համար չյաջողեցան նոր Եղիշէներ, Փարպեցիներ, Ալիշաններ եւ Մխիթար Աբբաներ մէջտեղ բերել։

Այսօր բանաստեղծութիւն ըսելով կը յիշենք Պարոյր Սեւակը, Եղիշէ Չարենցը, թատրոն ու հեքիաթ ըսելով կը յիշենք Թումանեանը, երաժշտութիւն ըսելով կը յիշենք Առնօ Բաբաջանեանը, կը յիշենք Աշուղ Ջիվանին: Պարոյր Սեւակ մահացած է 52 տարիներ առաջ, Չարենց՝ 86 տարիներ առաջ. Թումանեանի մահուան 100-ամեակն է արդէն. Առնօ Բաբաջանեանի մահուան 40-ամեակն է, իսկ, Աշուղ Ջիվանին մահացած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաջին տպագրութեան ժամանակաշրջանին՝ 1909 թուականին՝ 114 տարիներ առաջ:

Ո՞ւր են նոր Սեւակներն ու Չարենցները, Թումանեաններն ու Բաբաջանեանները… Անոնց արուեստն ու արժէքը անուրանալի է, սակայն իրենց ստեղծած արուեստը աւելիով զարգացնելու եւ բարձրացնելու փոխարէն ինչպէ՞ս եղաւ որ դէպի հորիզոն «վազող»ներս մշակութապէս ու մտապէս աղքատացանք ու սնանկացանք: Անցեալինները ոչինչէն ստեղծեցին ոսկեդար մը, անմրցելի գրականութիւն մը, իսկ մենք չյաջողեցանք եղածը շարունակել (վայ թէ մեզի տրուէր այդ մէկը ստեղծելը). անոնք ոչինչէն ինչ մը ստեղծեցին, սակայն ինչպէս միշտ, մենք այդ ինչը եւս չկրցանք պահել ու զարգացնել:

Ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է իր անուանումը. Ոսկեդար, Զարթօնքի սերունդ եւ այլն. մեր ներկան կարելի է կոչել պարզապէս թմբիրի սերունդ, որովհետեւ թէ՛ մշակութային, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ռազմական եւ գրեթէ ամէ՛ն ոլորտներու մէջ անհասկնալի թմրութիւն ու թմբիր գոյութիւն ունի: Նորերը ստեղծելու փոխարէն կը բաւարարուինք հիներունը ցուցադրելով:

Գրականութիւնը եւս տեղ մը կը նմանի վաճառականութեան. այնպէս ինչպէս հագուստ ծախողը նոր յաճախորդներ գրաւելու միտումով իր ցուցափեղկը մի՛շտ թարմ ու նոր կը պահէ, նոյնպէս գրականութիւնը պէտք է պահէ իր թարմութիւնը. պէտք չէ մեղադրել նոր սերունդը գիր-գրականութենէն հեռու ըլլալու ցաւալի իրողութեան համար, այլ պէտք է մեղադրել ամբողջ ազգը՝ նոր Սեւակներու եւ Չարենցներու ծնելու առիթ չտալու համար:

Խմբագիրը լաւատեսութեան գագաթնակէտը հասնելով կը գրէ. «Հաւատացած ենք որ վաղը մեռելութեան պիտի յաջորդէ անպայման վսեմ Զարթօնքը»։ Կսկիծով յայտնենք, որ այս պարագային Պրն. Խմբագիր «հաւատքդ քեզ չփրկեց», որովհետեւ ո՛չ թէ նոր Զարթօնք մը ունեցանք, այլ գերեզման հասցուցինք նաեւ եղածը՝ որ ներկայի չգոյութեան դիմաց մե՛ծ գոյութիւն մըն էր:

«Նոր Ոսկեդարին կը սպասենք» կ՚ըսէր խմբագիրը. նոյն սպասումը այսօր ունինք նաեւ մենք՝ 110 տարիներ ետք եւ յոյսով ենք, որ դար մը ետք մեզի յաջորդող սերունդները դարձեալ նոյն յոյսով այդ ոսկեդարին չեն սպասեր՝ այլ կը ստեղծեն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -236-

Առաջին անգամ հասայ Աթէնք. եկեղեցական մը դիմաւորեց եւ առաջարկեց երթալ մօտակայ սրճարաններէն մին եւ նախաճաշել: Հասնելէ ետք ցած ձայնով մը ըսաւ. «Այդ աղջիկը կը տեսնե՞ս. իրականութեան մէջ հայ է, սակայն չ՚ընդունիր հայ ըլլալը. հայերէն խօսիս կը հասկնայ, սակայն երբեք հայերէնով չի պատասխաներ»:

Զարմանալի երեւոյթ մըն է. կարծելով առաջին անգամ կը տեսնէի հայ մը՝ որ հաստատակամութեամբ իր հայ ըլլալը կ՚ուրանար. մօտեցաւ սեղանին, եւ ինչպէս միշտ, եկեղեցականը հայերէն լեզուով սկսաւ խօսիլ աղջկան հետ, սակայն պատասխանները հայերէն չստացաւ. երկուքն ալ յամառ էին. ո՛չ եկեղեցականը կ՚ուզէր յունարէնով խօսիլ եւ ո՛չ աղջիկը՝ հայերէն:

Երկար ժամանակ Յունաստան մնալով, սեփական փորձով տեսայ, թէ այդ աղջիկը առաջինը չէր եւ գուցէ վերջինն ալ պիտի չըլլայ. ինչքա՜ն հայեր իրենց հայկական անունները հին տեսնելով փոխած էին նորերով. մինչեւ իսկ Սահակեան մականունը վերածուած էր Սահակիտիսի, որովհետեւ «իտիս» վերջացողները աւելի գրաւիչ եւ եւրոպական կը թուին ըլլալ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2023