ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՌՈ՛ՂՋ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԱՐԴԸ
Աստուած մարդը ստեղծեց եւ զայն դրաւ դրախտին փափկութեան մէջ, բոլոր զգայարանքները եւ անդամները առողջ ունենալով իր բնութեան մէջ։ Ապա ուրեմն՝ երբ լսեց անոր, որ խաբեց զինք, այն ժամանակ ստացաւ բոլոր ախտերը եւ հիւանդութիւնները եւ իսկոյն ինկաւ իր մեծ ու չքնաղ փառքէն, որպէսզի մարդը հասկնայ եւ տեսնէ, թէ ախտեր, հիւանդութիւններ կան՝ որոնք զինք կը հեռացնեն Աստուծմէ եւ որպէսզի բարերար Աստուծոյ, որ օգնէ իրեն եւ ապա ինք կարենայ իրմէ թօթափել բոլոր ախտերը եւ բժշկուիլ ամէն հիւանդութենէ։ Եւ մարդուն մէջ գոյութիւն ունեցող այս բոլոր ցաւերը եւ ախտերն են, որոնք զինք կը հեռացնեն Աստուծմէ եւ կ՚օտարացնեն…
Երանի՜ անոնց, որոնք իրենք զիրենք կը սրբեն հոգեւոր եւ մտային, եւ թէ մարմնաւոր բոլոր ախտերէն եւ պղծութիւններէն։ Որովհետեւ բանաւոր գառ եւ Աստուծոյ ընդունելի պատարագ է ան՝ որ կը լսէ այն ձայնը եւ կ՚ըսէ. «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, քանի սակաւին հաւատարիմ գտնուեցար, շատին քեզ պատասխանատու պիտի կարգեմ. եկո՛ւր եւ մասնակից եղիր Տիրոջ ուրախութեան». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 21)։
Իսկ անոնք՝ որոնք իրենց մարմնին կամքը կ՚ուզեն կատարել եւ չեն ուզեր իրենք զիրենք սուրբ եւ անմահ առաքինութիւններով սրբագրել եւ բժշկել, անհրաժեշտութեան պարագային՝ սուրբ պատուիրաններուն անտեղեակ ըլլալով, արտաքին խաւարին մէջ պիտի իյնան, ուր «Չար»ը եւ դատապարտեալները կը գտնուին։
Այս ալ կը նշանակէ, որ չարը ստեղծուած չէ՛, այլ՝ բարիին վատասերած, այլասերած վիճակն է։
Պղծութեան պատմուճաններն ասոնք են. ընչաքաղցութիւն, չարակնութիւն, բանսարկութիւն, պոռնկութիւն, փառասիրութիւն, նախանձ, հպարտութիւն, ինքնահաւանութիւն, ատելութիւն եւ նոյնանման մոլութիւններ։ Ի՞նչ է պոռնկութիւնը.- ցանկութիւն, որկրամոլութիւն, քունէն յագենալ, դատարկաբանութիւն, բամբասանք, անաշխատութիւն, ծուլութիւն, ծաղրանք, անամօթութիւն, մարմնի զանազան եւ անիմաստ պաճուճանք, թուլութիւն եւ նման մոլութիւններ։ Ի՞նչ է ընչաքաղցութիւնը.- անհաւատութիւն, անհաւատարմութիւն, անյուսութիւն, անգթութիւն, անողորմութիւն, ագահութիւն, արհամարհանք, վնասակար ստութիւն, անձնահաճութիւն, եսասիրութիւն եւ Աստուծոյ պատուիրանին անտեսում, անտարբերութիւն։ Ի՞նչ է չարակնութիւնը.- նախանձ, չարախօսութիւն, անգիտութիւն, ստութիւն եւ սուտ վկայութիւն։ Ի՞նչ է բարկութիւնը. կամքի պարտադրութիւն, հակառակութիւն, վիճաբանութիւն, նենգութիւն, սուտ գիտութիւն, կարճամտութիւն, սրտնեղութիւն, ստորադասութիւն եւ գայթակղութեան պատճառ։ Ի՞նչ է փառքը.- աշխարհասիրութիւն, յանդգնութիւն եւ անզգամութիւն։ Ի՞նչ է հպարտութիւնը.- ինքնախաբէութիւն, խստասրտութիւն, անհնազանդութիւն, ինքզինք պարտադրել՝ միշտ ի՛ր կամքը կատարել, ընկերը արհամարհել, ինքզինք իմաստուն կարծել, ամենագէտ համարել ինքզինք, ինքզինք բանի մը կարօտ չհամարել. այս բոլորը կը գործեն մարդու մէջ մինչեւ զայն Ասուծմէ բաժնելը եւ հեռացնելը։ Ահաւասիկ, ա՛յս էր որ Ադամ իր վրայ առաւ, երբ «արգիլուած ծառի պտուղ»էն կերաւ եւ ինկաւ մահուան ոտերուն ներքեւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 8 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/26/2025