ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ՔԱՐԸ

Իմաստուն կին մը ճամբու եզերքը ինկած քար մը կը գտնէ։

Յաջորդ օրը ան ճամբորդի մը կը հանդիպի՝ որ շատ անօթի է, եւ կինը իր քովի հացը կը կիսէ անոր հետ։ Երբ կինը պայուսակին մէջ կը դնէր հացի միւս կտորը, անցորդը անոր պայուսակին մէջ նկատեց թանկարժէք քարը, եւ կնոջմէ խնդրեց, որ ան իրեն նուիրէ քարը։

Կինը առանց վարանելու, քարը նուիրեց իրեն։

Ճամբորդը գնաց իր ճամբան՝ չհաւատալով այդպիսի անսպասելի յաջողութեանը։ Ան գիտէր, որ այդ քարը շատ գումար կ՚արժէր եւ հանգիստ կեանք կ՚ապահովէ իր բերած հասոյթով։

Սակայն երբ մի քանի օր անցաւ, ան որոշեց վերադառնալ եւ փնտռել այն իմաստուն կինը, որ իրեն տուած էր կտոր մը հացը։ Տեսնելով ան, մեկնեց քարը եւ ըսաւ. «Ետ առ քարը», եւ շարունակեց. «ես գիտեմ որ շատ արժէք ունի այդ քարը, բայց ես անիկա ձեզի կը վերադարձնեմ, յուսալով որ ձեզմէ աւելի արժէքաւոր բան կրնամ ստանալ, եթէ կրնաք սորվեցնել ինծի այն՝ որ ստիպեց ձեզի քարը ինծի՝ անծանօթիս տալ առա՛նց վարանելու»։

Հետաքրքրական առակ մը ահաւասիկ՝ ուր մեր ուշադրութեան կը յանձնէ իմաստութեան կարեւորութիւնը՝ ինչ որ աւելի արժէք ունի քան որեւէ թանկարժէք քար, ադամանդ կամ իր։

Արդարեւ, իմաստութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է մարդուն։ «Ինքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի կառոյցն աշխարհի, յատկութիւնները տարրերուն… որովհետեւ որպէս ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ի՛նք սորվեցուց ինծի», կ՚ըսէ Սողոմոն. (ԻՄԱՍ. Է 17-21)։

Գիտական բազմաթիւ աշխատութիւններու արդիւնք գիւտեր կը հրաւիրեն մեզ դեռ աւելի հիանալու Արարչին մեծութեան եւ իմաստութեան վրայ, Անոր փառք տալու Իր բոլոր գործերուն, նաեւ իմացականութեան եւ իմաստութեան համար, որոնք Ան կու տայ գիտուններուն եւ հետազօտողներուն։ Ուստի, անոնք բոլորը պէտք է ձայնակցին Սողոմոնի վերոյիշեալ խօսքերուն։

«Յիշէ՛ ուրեմն, թէ ընդունած ես հոգեւոր կնիքը. Իմաստութեան եւ հանճարի Հոգին. Հոգին խրատի եւ ուժի, Հոգին գիտութեան եւ աստուածպաշտութեան, Հոգին սուրբ երկիւղին։ Այս ընդունածներդ պահպանէ՛։ Հայր Աստուած կնքեց քեզ Իր նշանով, Քրիստոս Տէրը քեզ դրոշմեց եւ Հոգիին գրաւականը սրտիդ մէջ դրաւ», կ՚ըսէ Սուրբ Ամբրոսիոս, «Խորհուրդներու մասին» մէջ։

Ուստի, իմաստութիւնը, Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներէն մին է։ Քրիստոնեաներուն բարոյական կեանքին թիկունք կը կանգնի իմաստութիւնը՝ Սուրբ Հոգիին միւս պարգեւներուն հետ, որոնք են՝ հանճար, խրատ, զօրութիւն, գիտութիւն, աստուածպաշտութիւն եւ Աստուծոյ երկիւղը։

Աստուած Ինքզինք ճշմարտութեան խօսքերով մարդուն չյայտնած, Ինքզինք կը յայտնէ արարչագործութեան տիեզերական բարբառովը, որ գործն է Անոր Խօսքին, Անոր Իմաստութեան. տիեզերքին կարգը եւ ներդաշնակութիւնը՝ զորս կը գտնեն ե՛ւ մանուկը ե՛ւ գիտութեան մարդը, ինչպէս նաեւ «մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը արարածներուն՝ հանգիտաբար հիացումով դիտել կու տան անոնց Արարիչը». (ԻՄԱՍ. ԺԳ 5), «որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը գեղեցկութեան, որ ստեղծեց զանոնք». (ԻՄԱՍ. ԺԳ 3)։

Իմաստութիւնը արդարեւ բխումն է Աստուծոյ զօրութեան, մաքրամաքուր ծորումը՝ Ամենակալին փառքին, այս պատճառով՝ ո՛չ մէկ պիղծ բան մուտք կը գործէ անոր մէջ։ Ան ցոլքն է Յաւիտենական Լոյսին, անբիծ հայելին՝ Աստուծոյ գործին, պատկերը Անոր բարութեան. (ԻՄԱՍ. Է 25-26)։

«Իմաստութիւնը արդարեւ աւելի գեղեցիկ է քան արեգակը, ան կը գերազանցէ բոլոր համաստեղութիւնները, ան գերիվեր է քան լոյսը, որովհետեւ լոյսը կը նահանջէ գիշերուան առջեւ, մինչդեռ չարը չի յաղթանակեր իմաստութեան». (ԻՄԱՍ. Է 29-30)։

«Ես սիրահարը դարձայ Անոր գեղեցկութեան». (ԻՄԱՍ. ԺԸ 2)։

Աստուած ըստ Իրեն իմաստութեան ստեղծեց աշխարհը. (ԻՄԱՍ. Թ 9)։ Ուստի, ստեղծագործութիւնը անհրաժեշտութեան, կոյր ճակատագրի մը, դիպուածի մը պատահական արտադրութիւնը չէ։ Ան յառաջ կու գայ ազատ կամքէն Աստուծոյ, որ ուզեց արարածները մասնակից դարձնել Իր էութեան, Իր իմաստութեան եւ Իր բարութեան. «Որովհետեւ Դուն ստեղծեցիր ամէն բան Դուն ուզեցիր որ անոնք գոյութիւն ունենան եւ անոնք ստեղծուեցան». (ՅԱՅՏ. Դ 11)։

«Որքան բազմաթիւ են, Տէր, Քու գործերդ։ Քու իմաստութեամբդ ստեղծեցիր զանոնք». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 24)։

«Բարի է Տէրը ամէնուն հանդէպ, Անոր գորովը կը տարածուի Իր բոլոր գործերուն վրայ». (ՍԱՂՄ. ՃԽԴ 9)։

Ահաւասիկ, վերոյիշեալ առակին մէջ՝ կինը կը գտնէ թանկարժէք քարը, քարը իմաստութեամբ կու տայ ճամբորդին, կու տայ, քանի որ իրեն համար կարեւորը իմաստութիւնն է, եւ ճամբորդն ալ կ՚անդրադառնայ իմաստութեան արժէքին եւ կը վերադարձնէ քարը։

Ահաւասի՛կ, իմաստութեան զօրութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 9 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2023