ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ
Երբ մէկը ամէն տեսակի մեղքեր կը գործէ եւ միւսը կը չարախօսէ, երկուքն ալ հաւասար կերպով կը դատուին եւ կը պատժուին։ Արդարեւ, գողութիւնը եւ շնութիւնը Պօղոս առաքեալի կողմէ չարախօսութենէն եւ բամբասանքէն աւելի մեծ անօրէնութիւններ նկատուած չեն, սակայն անոնք եւս «չարիք» են։ Առաքեալը մէկ խօսքով արտայայտելէ ետք, թէ երկուքն ալ հաւասարապէս Աստուծոյ իշխանութենէն դո՛ւրս կը մնան, անկեղծօրէն կ՚ըսէ. «Գողերը, պոռնիկները, գինեմոլները եւ բամբասողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը՝ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն». (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 10)։
Արդարեւ, բամբասանքը ախտ մը՝ վատ սովորութիւն մըն է, որ մարդիկ յաճախ կը տարուին անգիտակցաբար, երբեմն ալ դիտումնաւոր կերպով՝ վատ նպատակի մը ծառայելու համար։ Եւ ահաւասիկ, «Չար»ը բոլորին բերանները չարախօսութեան՝ բամբասանքի անօրէն մոլութեամբ կը լեցնէ, յարատեւ կերպով բոլորին բերանները իրենց եղբօր՝ իրենց նմանին դէմ չարախօսութեամբ, նախատինքով կը բոցավառէ։ Բամբասանքը, այս կարգին, ամենէն ընդհանրացած ձեւն է չարախօսութեան։ Բամբասանքը ինքնին «չարախօսութիւն» է, քանի որ մոլութի՛ւն մըն է, եւ նպատակը երբեք չ՚արդարացներ միջոցը, եւ բամբասանքին նպատակն ալ ո՛չ մէկ ատեն բարի եւ անմեղ եղած է՛…
Եւ որքա՜ն ցաւալի է՝ երբ երեք հոգի միասին կը խօսին սեղանի մը շուրջ եւ երբ պատահաբար անոնցմէ մէկը մեկնի, ընդհանրապէս, անմիջապէս միւս երկուքը կը սկսին անոր մասին խօսիլ՝ այսինքն բամբասել։ Եւ ասիկա չի փոխուիր՝ ո՛ր մէկը որ մեկնի, նոյնը կը պատահի մնացած երկուքին միջոցով։ Եւ այս գրիչը յաճախ վկայած է այս իրողութեան. բամբասանքը կարծես թափանցած է մինչեւ մեր երակները…
Իսկ բամբասանքի պատճառած վնասները կարելի իսկ չէ թուել այս տողերուն մէջ։ Եւ բամբասանքը՝ չարախօսութիւնը ընկերային եւ ընտանեկան կործանումներու պատճառ ըլլալ կը շարունակէ՝ վարակիչ ախտի մը նման աւերներ գործելով։ Եւ կ՚ըսուի, որ եթէ մարդիկ գիտնային իրենց «բարեկամ»ներուն իրենց մասին խօսածները ուրիշներուն իրենց բացակայութեան, աշխարհի վրայ «բարեկամութիւն» գոյութիւն չէ՛ր ունենար։ Դժբախտաբար, որքան ալ ցաւալի ըլլայ այս մտածումը, անուրանալի ճշմարտութի՛ւն մըն է։ Մարդիկ, ուրիշի մասին, անոր բացակայութեան խօսելէ մեծ հաճոյք կ՚առնեն կարծես։
Բամբասանքի պատճառերէն մին, եւ կարեւորագոյնն է՝ ինքզինք կերպով մը արդարացնել. «Ան այսպէս է, բայց ես այնպէս չե՛մ…»։ Ա՛յս է մտայնութիւնը բամբասողին, առանց մտածելու, թէ ինք բամբասածէն աւելի եւ շա՜տ աւելի վատ է եւ մեղաւոր։ Ուստի, բամբասողը՝ չարախօսը որ մեղքերով դատուած եւ դատապարտուած է, չի՞ սոսկար եւ չի՞ դողար ուրիշներու դատաստանը կատարելէ. որովհետեւ «մարդ» մը չէ որ չարախօսութեամբ կ՚արհամարհուի եւ կ՚անարգուի, այլ՝ Աստուած եւ իր պատիւը եւ հեղինակութիւնը յափշտակելէ ետք իր «դատ»ը կը տեսնուի եւ կը դատապարտուի առանց անդրադառնալու Սուրբ Աւետարանին խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Մի՛ դատէք ուրիշները որպէսզի Աստուած ձեզ չդատէ, որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք, Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ». (ՄԱՏԹ. Է 1)։ Քրիստոս մեղաւոր ե՛ւ կեղծաւոր կ՚անուանէ այն՝ որ ուրիշը կը դատէ եւ ինքզինք կ՚արդարացնէ. «Կեղծաւո՛ր», կ՚ըսէ Ան, «նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ապա միայն եղբօրդ աչքին շիւղը հանէ». (ՄԱՏԹ. Է 5)։ Ուստի, ո՞վ կրնայ աւելի անամօթ եւ վատ ըլլալ քան ան, որ իր մեղքերով չի մտահոգուիր, այլ կը հետաքրքրուի իր եղբօր օրինազանցութեամբ կամ սխալով, եւ զայն կը մեղադրէ շատերու մօտ։
Որքա՜ն վատութիւն է մէկու մը բացակայութեան զայն ամբաստանել՝ մեղադրել եւ յանցանք վերագրել, բամբասել զայն, երբ ան ինքնապաշտպանութեան առիթը չունի։
Այն ինչ որ իր ներկայութեան պիտի չկարենաք ըսել, անոր բացակայութեան ըսել՝ վատութի՛ւն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 10 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024