ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր թուականէն 145 տարիներ առաջ՝ 1878 թուականին գրած իր մէկ յօդուածին մէջ Գրիգոր Զօհրապ կը  գրէր.- «Պէտք չէ անպայման մեծ հարստութեան մը տէր ըլլալ բարեգործութեան մը ձեռնարկելու համար, այլ մեծ սիրտ» եւ անկասկած այդ «սիրտ»ը ունեցողներէն մէկն էր Պօղոս Նուպար փաշա, որ իր ունեցած մեծամեծ հարստութեամբ հանգստաւէտ կեանք մը վայելելու փոխարէն կեանք մը ամբողջ նուիրեց բարեգործութեան:

Նուպար փաշայի անունը անհամ դարձնողը իր ունեցած հարստութիւնը չէ, որովհետեւ իր կողքին բազմաթի՜ւ մեծահարուստներ ապրեցան իր ժամանակին, սակայն սեփական ազգի վիճակի հանդէպ ունեցած անտարբերութեամբ տրուեցան մոռացութեան, մինչ Նուպար փաշա Եգիպտոսի մէջ նստած տագնապեցաւ պոլսահայ կեանքով, գաւառի վիճակով, կրթական ու տնտեսական վիճակով եւ ամէն ջանք ի գործ դրաւ մասամբ բարելաւելու անոնց վիճակը: Նուպար փաշայի մտատանջութիւնները աւելիով կրնանք հասկնալ 1906 թուականին իր կողմէ հիմնուած Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կանոնագիրի առաջին յօդուածը կարդալով. Նուպար փաշա բարեգործական միութեան նպատակները կ՚ամփոփէ.-

Ա.- Ասիաբնակ հայ ժողովուրդին մտաւոր եւ բարոյական զարգացմանը նպաստել:

Բ.- Անոր նիւթական եւ տնտեսական կացութիւնը բարւոքելու աշխատիլ:

Գ.- Այս արդիւնքը յառաջ բերելու ծառայող որեւէ ձեռնարկ կամ հաստատութիւն քաջալերել:

Վերոյիշեալ նպատակները իրագործելու համար Նուպար փաշա միութիւնը կը յայտարարէր «մարդասիրական», ըսելով «որեւէ քաղաքական հանգամանք չունի. այս պայմանը հիմնական է»:

Պոլսահայ ու գաւառաբնակ հայորդիները մեծ խնդութեամբ ընդունեցին գոյացումը ՀԲԸՄ-ի, սակայն վստահաբար եղան հակառակողներ, որովհետեւ լոկ մարդասիրական միութիւն մը ըլլալով, Նուպար փաշա ուզեց հեռու պահել յեղափոխականները՝ բարեգործութենէն, ինչ յեղափոխականութեան հանդէպ որպէս ատելութիւն ընկալուեցաւ. սակայն ժողովուրդի ակնկալիքը մեծ էր. դար մը առաջ հրատարակուած հայկական մամուլ մը գրի կ՚առնէր ժողովուրդին ակնկալիքները ՀԲԸՄ-էն. պէտքեր՝ որոնց իրագործումով տարբեր մակարդակի վրայ պիտի ըլլար մեր ազգը. Ե. Աղաթոն գրչանուն գրողը ժողովուրդի ակնկալիքները կը թուէր.-

Ա.- Հետաքրքրուիլ Թուրքիոյ զանազան գաւառներու մէջ գտնուած ու բոլորովին լքուած հայ որբերով:

Բ.- Արտասահմանի մէջ գտնուած ամբողջ որբերուն Հայաստան փոխադրումը:

Գ.- Չափահաս որբուհիները ամուսնացնելու խնդիրը:

Դ.- Հայ գաղթականները Հայաստան փոխադրելու հարցը եւ Հայրենիքի մէջ անոնց հող, տուն, արհեստ ու ապրուստի միջոցներ հայթայթելու հարցը:

Ե.- Զանազան քաղաքներու մէջ, ըլլայ Թուրքիոյ եւ ըլլայ արտասահմանի մէջ դպրոցներ հիմնելու պէտքը:

Զ.- Փախստական հայ գաղթականներուն համար արհեստանոցներ հիմնելու անհրաժեշտութիւնը:

Է.- Օգնել հայ կարօտ մտաւորականութեան:

Ը.- Ստանձնել Հայաստանի մէջ անջրդի ու անմշակ հողերու ոռոգման աշխատանքները, որպէսզի հնար ըլլայ մշակելի հողեր հայթայթել հայ գաղթականներուն:

Թ.- Հիւանդանոցներ, մանկատուներ ու մայրատուներ հիմնել:

Վստահ կրնանք ըլլալ, որ այդ ժամանակաշրջաններուն հայ ժողովուրդի զաւակներուն պէտքերը վերոյիշեալներէն շա՜տ շատ աւելին էր. թէ՛ գաւառի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ բազմաթի՜ւ հայորդիներ զրկուած էին դպրոցէ եւ հայեցի կրթութեան հնարաւորութիւններէն. մտաւորականութեան, հայ գիրի ու գրականութեան, ինչպէս նաեւ հայ մամուլի վիճակը տխուր էր. ահաւոր աղքատութիւն մը գոյութիւն ունէր. հայը դժուարութիւն ունէր օրուան հացը շահելու:

Ցաւ ի սիրտ, այսօր աւելի քան դար մը ետք մեր մէջ կը զգանք նոյն ցաւերը՝ ինչ որ գոյութիւն ունէին դար մը առաջ. մեր սեփական աչքերով ականատես կ՚ըլլանք բազմաթիւ յոգնութիւններով ու տանջանքներով հիմնուած հայկական վարժարաններու մէկ առ մէկ փակուելուն. ականատես կ՚ըլլանք հայ մամուլի օր առ օր դէպի անդունդ առաջնորդուելուն: Ականատես ու ականջալուր կ՚ըլլանք Լիբանանի, Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի ծայրամասերուն մէջ ապրող մեր հայորդիներու ունեցած դժուարութիւններուն ու աղքատութեան:

Եթէ անցեալին մատներով կարելի էր հաշուել հայ հարուստները, ապա այսօր անհնար է, որովհետեւ շա՜տ շատ են անոնց թիւերը, սակայն կը պակսի սիրտը, որ ունէին Նուպար փաշան եւ իր նմանները:

Երբեւէ առիթը ունեցա՞ծ էք Հայաստան այցելել եւ Երեւանէն դուրս գալու. բազմահազա՜ր հողեր մինչեւ օրս կը մնան անմշակ եւ հակառակ այդ անմշակութեան բազմաթի՜ւ հայեր կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը քաշքշել աղքատութեան մէջ: Ինչո՞ւ համար արտասահմանի մէջ մեծամե՜ծ հարստութիւններու տէր մարդիկ այդ հողերու մշակութեան չե՞ն ձեռնարկեր, որպէսզի թէ՛ երկիրը պտղաբերի եւ թէ՛ հայ բանուորը օրուան հացը ճարելու դժուարութիւնը չունենայ:

Երբեւէ առիթը ունեցա՞ծ էք Հայրենիքի գիւղերուն մէջ իրենց գոյութիւնը քաշքշող մանկապարտէզները, դպրոցներն ու հիւանդանոցները տեսնելու. Հայաստանի մէջ գործող հիւանդանոցներուն 80 առ հարիւր տոկոսը մինչեւ օրս կը գործածէ 1970-ական թուականներու պատկանող առարկաներ. չենք պահանջեր սփիւռքի մէջ ապրող հայերու Հայրենիք վերադարձը, սակայն արդար իրաւունքով մը կը պահանջենք անոնց ներդրումը, որովհետեւ հայ ծնիլը իր մէջ պէտք է ունենայ պարտաւորութիւն մը:

Այսօր հայութեան մէջ դրամը չի՛ պակսիր, կը պակսի պարզապէս սիրտը, որովհետեւ իրապէս բարեգործութեան մէջ դրամի կարողութենէն աւելի կամքը առաջնահերթ է:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -239-

Առիթով մը այցելեցի Վարանդի գրասենեակը եւ բախտով տեսայ գիրք մը, որ կարդացած էի պատանեկութեան ժամանակ. բարեբախտաբար Վարանդը այդ գիրքէն ունէր մի քանի օրինակ եւ բարեհաճեցաւ օրինակ մը ինձ տալ: Երկուքս միաժամանակ սկսանք գիրքի ընթերցանութիւնը եւ անգամ մը եւս համոզուեցանք, որ իրապէս մեծութիւն մըն է Վահրամ Մավեան:

Գ. Եազճեանի հետ հանդիպումի ընթացքին Վահրամ Մավեանի մասին խօսեցանք եւ յանկարծ յայտնուեցաւ, որ Գ. Եազճեանի դպրոցական ծախսերու վճարումին համար Գալուստ Կիւլպէնկեանի մօտ միջնորդ եղած է Վահրամ Մավեանը եւ Եազճեան այդ մէկը պատահական իմացած է ապագային գտած մէկ նամակով:

Ցաւ ի սիրտ տեղեկացանք, որ Վ. Մավեան բազմաթի՜ւ անտիպ գրութիւններ եւ նամակներ ունի, որոնք ի պահ կը դրուին Հայաստանի մէջ: Եթէ այսօր, Մավեանի մահէն աւելի քան երեսուն տարիներ ետք անոնք չհրապարակուին, մի քանի տասնամեակ ետք ամբողջութեամբ պիտի տրուին մոռացութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2023