ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ԵՒ ՆԿԱՐՆԵՐ
Ուղղակի՛ Արարչին կողմէ եղած յայտարարութեան համաձայն՝ մարդը Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած է։ Արդարեւ, մարդը ո՛չ թէ կերպարանքով եւ էութեամբ իր Արարչին նման էր, այլ՝ ինչպէս որ Աստուած բոլոր ստեղծագործութեան վրայ տիեզերական իշխանութիւն ունէր, ա՛յնպէս ալ մարդուն արտօնութիւն տրուած էր երկրին եւ անոր կենդանական զանազան ձեւերուն, տեսակներուն՝ թռչուններուն, ձուկերուն եւ բոլոր անասուններուն վրայ իշխանութիւն ունենալու եւ գործադրելու։
Ուստի, այս բոլորին հանդէպ մարդը պատասխանատուութեան տակ էր արտայայտելու իր Արարչին արտաբերած յատկութիւնները՝ Իմաստութիւն՝ իրեն յանձնուած գործերը կատարելու, Արդարութիւն՝ իր Արարչին ուրիշ արարածներու հետ վարուած ատեն, Սէր՝ անշահախնդրաբար հոգ տանելու երկրին եւ անոր արարածներուն, եւ Զօրութիւն՝ որպէսզի իր տիեզերական Վեհապետին, որուն պատկերովը ստեղծուած էր ինք, ճշմարիտ եւ անկեղծ երկրպագութիւնը առաջ տանելու մէջ պատշաճօրէն ի գործ դնէ իր իշխանութիւնը. (ԾՆՆԴ. Ա 26-28)։
Բայց մարդը այս իշխանութեան վրայ երկար չմնաց. հաւատարիմ չեղաւ իր իշխանութեան։
Մարդը ընտրեց իր Աստուծոյն տիեզերական վեհապետութիւնը ուրանալ, եւ իր Արարչին կարծեցեալ նմանութեամբ արձաններ կանգնեց՝ կուռքեր, չաստուածներու արձաններ, պաշտումի զանազան առարկաներ։ Փոխանակ կեանքի ստորադաս ձեւերուն վրայ իշխանութիւն ի գործ դնելու՝ մարդը զանոնք «պաշտամունքի առարկայ» ըրաւ։ Ուստի, ան փայտէ, քարէ եւ մետաղէ քանդակուած կամ ձուլուած արձաններ շինեց եւ անոնց երկրպագութիւն ըրաւ եւ աղօթեց. (ՀՌՈՎՄ. Ա 23-25)։
Եւ այսպէս, մարդը կորսնցուց իր իշխանութիւնը։
Սակայն աշխարհի բնակիչներէն՝ հաւատարիմ իրենց կոչումին մարդիկ, ընտրեցին Ամենակալ եւ Ամենակարող Աստուածը ճանչնալ. (ԾՆՆԴ. ԼԵ 2)։
Իսրայէլացիները պաշտպանելու համար որ Աստուծոյ գերակայութիւնը ուրանալով արձաններու կրօնական այդպիսի պաշտամունք չմատուցանեն՝ Ան անոնց Իր օրէնքը տուաւ, որ բացարձակապէս կ՚արգիլէր զանոնք ճիշդ այդ տեսակ արձանաշինութենէ եւ երկրպագութենէ։
«Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ Դուն քեզի կուռք չշինես. ոչ ալ վերը երկինքի մէջ, կամ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես եւ զանոնք չպաշտես». (ԵԼԻՑ. Ի 3-5)։
Ամենակալ եւ Ամենակարող Աստուծոյ «նմանութիւն»ը շինելու մարդկային որեւէ ջանք եւ փորձութիւն խափանելու համար՝ Օրէնքը անոնց տրուեցաւ ամպերու, թանձր մթութեան եւ կրակի մէջէն, երբ ոչինչ կարելի է տեսնել։ Այդպէս՝ Իր օրէնքը ցանկապատ մը, պաշտպանութիւն մը եղաւ ժողովուրդի մը համար որ շարունակ «կռապաշտ» ազգերով շրջապատուած էր. (Բ ՕՐԻՆԱՑ, Դ 15-23)։
«Պատկեր» կը նշանակէ՝ իրի մը, անձի մը ճիշդ եւ կատարեալ օրինակը, նմանութիւնը։ Այս իմաստով, Քրիստոս կը կոչուի «պատկեր Աստուծոյ». (Բ ԿՈՐՆԹ. Դ 4), (ԿՈՂ. Ա 15), (ԵԲՐ. Ա 3), իբրեւ նոյն բնութեամբ եւ յատկութիւններով։
«Աստուծոյ պատկերը» որուն էութեամբ մարդ ստեղծուեցաւ. (ԾՆՆԴ. Ա 27), կը կայանայ հոգեւոր, իմացական եւ բարոյական բնութեան մէջ, յարդարութեան եւ ճշմարիտ սրբութեան մարդոց։
Ադամի զաւակը ծնաւ անոր անկեալ եւ մեղաւոր «նմանութեամբ». (ԾՆՆԴ. Ե 3), եւ ինչպէս որ ծնած ենք «ըստ պատկերին»։ Ադամի մեղաւորի, նոյնպէս մարդ պարտաւոր է ձուլուիլ ըստ «բարոյական պատկեր»ի երկնաւոր մարդուն Քրիստոսի. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 47-49), (Բ ԿՈՐՆԹ. Գ 18)։
«Պատկերապաշտութիւն»ը պատկերներու պաշտամունք մատուցանել կը նշանակէ։ Պատկերապաշտութիւնը Յոյն Եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւնն է։
Հայ Եկեղեցին «պատկերապաշտութեան» փոխարէն՝ ունի «պատկերայարգութիւն»՝ որը միջոց մըն է հաւատացեալները ուղղել աստուածահաճոյ կեանքի։ Այս իմաստով, «պատկերայարգութիւն»ը երկրպագութիւն չէ՛. պատկերապաշտութիւնը տեղ չի գրաւեր Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։
Երբ կը ննջէ Աստուածամայրը, Բարդուղիմէոս կը բացակայէր։ Երբ ան կը վերադառնայ, անոր կը նուիրուի Ս. Կոյսի պատկերը՝ նկարուած փայտի վրայ։ Ան ալ գալով Հայաստան, իր հետ կը բերէ այդ պատկերը։ Եւ ահաւասիկ, ըստ աւանդութեան, այս իրողութենէն կու գայ «պատկերայարգութիւն»ը հայոց մէջ։
Հայ Եկեղեցին կ՚օծէ պատկերները եւ անոնք գործածելի կը դառնան որպէս «սրբանկար» եկեղեցւոյ մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 11 2023, Իսթանպուլ