ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ պէտք է փնտռել սպառազինութեան նոր մատակարարումներ, որովհետեւ հայկական կողմը առարկայականօրէն չի ստանար այն, ինչին համար վճարած է Ռուսաստանին։
Արմէն Գրիգորեան ռուսական «Նովէյա Կազեթա»ին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Երեւանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ եւ մասնաւորապէս՝ Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը կտրուկ փոխուած է։ «Այն դրութիւնները, որոնք պէտք է ապահովէին Հայաստանի անվտանգութիւնը, փուլ եկած են, նորերը չեն ստեղծուած։ Սա ճգնաժամ է», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան՝ ակնարկելով նաեւ, որ ռուսական կողմը չէ յարգած պայմանագրային պարտաւորութիւնները։ Ուստի, անհրաժեշտ է փնտռել նոր դրութիւններ եւ սպառազինութեան մատակարարումներ։ «Առարկայականօրէն մենք Ռուսաստանէն չենք ստանար այն, ինչ որ պատուիրած ենք եւ որու համար վճարած», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան եւ աւելցուց, որ խօսքը ո՛չ թէ մէկ, այլ քանի մը պայմանագրի կը վերաբերի։
Հարցազրոյցին մէջ Արմէն Գրիգորեան նշած է նաեւ, որ Երեւանի մէջ օրակարգի վրայ եկած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն դուրս գալու հարցը։