ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊԱՏԱՌԻԿ ՄԸ ԵՒՍ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ «ՆԱՅԻՐԻ»ԷՆ

Կարդալով Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ին հին թիւերէն մաս մը, առանց զանց առնելու հոն տպուած անթիւ հետաքրքրական յօդուածները, պատմուածքները, նամակները… ուզեցի այսօր կրկին պզտիկ ու հետաքրքրական գրութիւն մը բաժնեկցիլ իմ ընթերցողներուն հետ, նոյն թերթի թիւերէն մէկուն մէջ հրատարակուած:

Գրութիւնը՝ որ կը կրէ «Հայն ու հրեան» վերնագիրը, Ժիրայր անունով հայ տարագիր տղու մը մասին է, որ Պաղտատի մէջ մեծ գործատէր-մեծահարուստ մը կը դառնայ։ Անստորագիր գրողին կողմէ Ժիրայրին կերպարին ընդմէջէն բաղդատութիւն մը կը կատարուի հայուն եւ հրեային միջեւ։ Նպատակս պարսաւելը կամ նսեմացնելը չէ հրեաները կամ որեւէ այլ ժողովուրդ կամ աժանագոյն անհատական ու հաւաքական ինքնահաստատումներ կարգելը չէ: Պարզապէս կը յաւակնիմ ըսելու, որ գրութիւնը ինքնին զգայական ու անմիջական ըլլալու կողքին, ամենօրեայ մեր ընկերային զրոյցներուն ու վերլուծութիւններուն մէջ տեղաւորուած է, եւ որոնք այսպէս կամ այնպէս, ճիշդ կամ սխալ, վերջնականապէս կամ ժամանակաւոր կը համեմեն մեր ընթացիկ ու վերամբարձ առօրեաներն ու մօտեցումները:

Այո՛, ամէն դատում ու դատողութիւն օրէնքի վերածելու եւ ըստ այնմ կեանք վարելը մեր բաց ու գերտեղեկացուած ժամանակներուն յարիր չի կրնար համարուիլ, բայց տեւաբար ընկերաբանութիւններն ու ընկերային, ժողովրդային, նաեւ ազգային հին ու նոր բաղդատականները, իրենց հմայքներն ու իրենց գրաւած տեղերը ունին թէ՛մեր կեանքին եւ շատ յաճախ խորունկ ու պարզ ուսումնասիրութիւններու նիւթ կը դառնան:

Հաւանաբար գրութեան մէջ հնչած միտքերը այժմէական համարուին մեր ազգային ու քաղաքական մտորումներուն եւ փնտռտուքներուն ֆոնին վրայ եւ տեղ մըն ալ տեւաբար, բայց ոչ մեծամտօրէն ուրիշ ժողովուրդներու գիծերէն օգտուելու ուղեցոյց կրնան ըլլալ (դրական ու բացասական դասեր քաղելու իմաստով), բայց մանաւանդ այս պարագային շեշտը հրեաներուն հետ տիւ ու գիշեր կրկնուող «նախանձախնդիր» մեր եւ շատ մը ժողովուրդներու կողմէ կատարուած «սիրելի» համեմատականներն են:

Պատառիկ մը կը ներկայացնեմ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» (հրատարակուած 1945-1951) թերթէն:

*

-Հայը երբ օտարութեան մէջ կայք մը գտնէ՝ առաջին մտածումն է տունի մը տէր դառնալ, հողի շերտ մը իրեն սեփականութիւն դարձնել:

Հրեան՝ միշտ ճամբորդական պայուսակ մըն է։

Հայը իր ապրած երկրի հաւատարիմ քաղաքացին է, բնիկ ժողովուրդին հետ լաւ եւ վատ օրերու բախտակից մը: Հրեան՝ տօնական օրերու մնայուն հիւրն է եւ դժբախտ ժամանակներուն ընդմիշտ բացական։

Հայը երբ հայրենիք ունեցաւ վերջապէս՝ դարձաւ ազգերու ընտանիքին մէկ անդամը, մեծ ծաղկեփունջի մը մէջ զետեղուած նորօրինակ պզտիկ ծաղիկի մը պէս։

Հրեան՝ երբ փորձեց հայրենիք կերտել, մեծաքանակ կողոպուտ մը եղաւ իր ձեռնարկը, ծաղկեփունջին մէջ փուշ մը աւելցուց եւ ամբողջ երկրամասի մը խաղաղութիւնը պղտորեց։

Հայը, երբ աղօթքին մէջ Աստուծոյ հետ խօսի՝ երկնային օրհնութիւնը իր տունին համար չէ որ կը հայցէ, ոչ ալ իր երկրին, այլ կ՚ըսէ՝ տուր աշխարհիս խաղաղութիւն եւ հիւանդաց բժշկութիւն։ Հրեան՝ իր սինակոկին մէջ միայն իր Եհովան ունի, եւ անոր հետ իր գաղտնի զրոյցը միայն իր ցեղին համար է։

*

Մէկ պարբերութեամբ ալ կարեւոր կը համարեմ ըսել, որ ի հեճուկս այս գրութեան բաժնեկցելուս, պէտք է ընթեցողին ուշադրութեան յանձնեմ այն միտքը, որ գերակշռօրէն քաղաքականութեան եւ ընկերաբանութեան մէջ մնայուն են այսպէս ըսած՝ տեւական եւ անժամանակ բարոյագիտական արժանիքի տեսականութիւնը, եւ այդ մէկը ժողովուրդի մը եւ անոր կերտած վարչակարգին-պետութեան շօշափելի, ներկայ եւ ոչ եղած կամ եկող նուաճումներն են: Այդ նուաճումներուն մէջ, ցաւօք, երբերմն կը մոռցուին պատմական դառն միջոցներու օգտագործումները, նոյն զարգացած ու կայացած պետութիւներուն կողմէ, եւ միշտ երեւելի կ՚ըլլան ներկայի ու շարժուն ժամանակի գործնականութիւնն ու արձանագրուած զարգացուածութիւնն ու անոնց հանդէպ ազնիւ ձգտումը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2023