ՄԵԶԻ ԽԵԼՔ ՊԷՏՔ ՉԷ…
Ծայրայեղութիւնը ունի իր լաւ, սակայն լաւին համազօր ու հաւասար վատ ու վնասակար կողմերը, որովհետեւ ծայրայեղութեան պարագային ո՛չ թէ մարդուն ուղեղը, այլ միայն սիրտն ու զգացումները կը գործեն եւ հետեւաբար առանց ուղեղի կատարուած բանէ մը լաւ բան յուսալը շատ խելքի գործ մը չէ: Հայրենասիրութեան պարագային ամէն ժամանակէ աւելի այսօր մեզի պէտք են ծայրայեղներ, սակայն այդ ծայրայեղութիւնը եւս իր մէջ պէտք է ունենայ խելքի բան մը, որովհետեւ խօսքով նուիրեալներ մեր ազգը շատ ունեցած է եւ մինչեւ այսօր ունի, սակայն իսկական խենթեր են, որ մեզ կը պակսին:
Եւ ծայրայեղութեան անուղեղ մասը աւելիով բացատրելու համար կ՚ուզեմ յիշել գրականութեան մէջ չյիշուած Արփիար Արփիարեանի եւ Վաղինակ Վարդապետին միջեւ եղած խօսակցութիւն մը:
Մօտաւորապէս 1897 թուականին Արփիար Արփիարեան կը գտնուի Լոնտոն, Իր այդտեղ գտնուիլը իմացող Վաղինակ Վարդապետ կ՚այցելէ Արփիարեանի գիշերած պանդոկը, սակայն դժբախտաբար զինք այդտեղ չի գտներ եւ այցետոմս մը ձգելով կը խնդրէ, որ Արփիարեան հանդիպում մը ունենայ իր հետ:
Երեկոյեան Արփիարեան այցետոմսին վրայ նշուած հասցէն գտնելով կը հանդիպի Վաղինակ Վարդապետին: Գրողն ու եկեղեցականը կը խօսին զանազան հարցերու շուրջ եւ Արփիարեան տեղ մը ցաւ կը յայտնէ Կենդրոնական վարժարանի փակուելու որոշումին կապակցութեամբ. եկեղեցականը ջղայնանալով կ՚ըսէ.
-Ի՞նչ պիտի ընենք դպրոցը, մեզի խելք պէտք չէ, խելացի մարդ պէտք չէ:
Այս յայտարարութենէն զարմացած Արփիարեան չհասկնալու կու գայ եւ անգամ մը եւս Վաղինակ Վարդապետ կը կրկնէ իր գաղափարը.
-Մեզի խելք պէտք չէ, զգացմո՜ւնք, ռո՜ւմբ, թնդանօ՜թ:
Հարց մը, որ դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած է, որովհետեւ մին ռումբը մոռնալով ուսումը բարձրացուցած է, իսկ ուրիշ մը ուսումը մոռնալով ռումբը՝ առանց տրամաբանելու որ երկուքը իրարու հետ մէկտեղուելով առողջ եւ յաջող արդիւնք մը կը ստեղծեն, որովհետեւ առանց խելքի ռումբը անիմաստ զէնքի մը կը վերածուի, իսկ առանց ռումբի խելքը՝ պարզապէս պարտութեան մը:
Նիւթը առաջանալով հետեւեալ երկխօսութիւնը կ՚ունենայ երկուքին միջեւ.
ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ.- Լաւ, ի՞նչ պիտի ընես թնդանօթը:
ՎԱՂԻՆԱԿ.- Ի՞նչ պիտի ընեմ, երկիր պիտի ղրկեմ:
ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ.- Ես տամ քեզի թնդանօթ մը, ինչպէ՞ս երկիր պիտի ղրկես:
ՎԱՂԻՆԱԿ.- Ես կը ղրկեմ:
ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ.- լաւ, ո՞վ պիտի գործածէ:
ՎԱՂԻՆԱԿ.- Է՜հ ատ ալ բա՞ն է, ով ըսես կը գործածէ:
ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ.- Աղէկ, ատ ալ թող ըլլայ: Ի՞նչ պիտի ընես, երբ տեղացին քու մէկ թնդանօթիդ դէմ հարիւր հատ հանէ:
Արփիարեանի այս հարցումէն ետք Վաղինակ զայրացած ոտքի կ՚ելլէ ու բռունցքը ցոյց կու տայ: Մեր դժբախտութիւններէն մին այն է, որ Վաղինակ մը եւ Արփիարեան մը մէկ անձնաւորութեան մէջ միաձուլուած չենք գտած. Վաղինակը պէտք էր իր ծայրայեղ պայքարի ոգիով, իսկ Արփիարեանը իր տրամաբանութեամբ ու դիւանագիտութեամբ եւ անոնց նկարագիրներու միաձուլումով կարելի էր առողջ ընթացք մը ունենալ: Մինչեւ օրս բազմաթի՜ւ են սփիւռքի մէջ իրենց «բռունցք»ները ցոյց տուողները, որոնք այսպէս կ՚ընենք, այդպէս կ՚ընենք ըսելով հանդերձ ո՛չ մէկ բան կը յաջողին ընել, որովհետեւ խօսքի պազարը յայտնի ու տարածուած հիւանդութիւն մըն է մեր մէջ: Գիտէի՞ք, որ սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, շատեր կը կարծեն, թէ եթէ իրենք ըլլային ղեկավար կամ հրամանատար՝ Արցախի վերջին պատերազմը տարբեր պատկեր կ՚ունենար, որովհետեւ անոնք Վաղինակին պէս կը կարծեն կարելի է մէկ բռունցքով պայքարիլ հսկայական բանակի մը դէմ:
Այս անհամաձայնութիւնն էր, որ գոյութիւն ունէր յեղափոխականներու եւ կուսակցութեան միջեւ, որովհետեւ յեղափոխականներ բռունցքով, իսկ եկեղեցին խելքով կ՚ուզէր անարդարութիւններուն դէմ պայքարիլ, մինչդեռ լաւագոյնը խելք ու բռունցք միացումն էր:
Խելքը մարդուն ուժը կը քառապատկէ, որովհետեւ խելքով առաջնորդուող հարիւր հոգինոց բանակ մը դիւրութեամբ կրնայ պայքարիլ ու պարտութեան մատնել հազար հոգինոց անխելք բանակ մը, որովհետեւ իսկական ուժը ոչ թէ թիւին, այլ խելացի բռունցքին մէջ է:
Դարերու ընթացքին մեր ազգը չկրցաւ միաւորել վերոյիշեալ երկուքը եւ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր է, որ կարիքը ունինք խելքին, մանաւանդ երբ թշնամին շա՜տ աւելի ուժ ունի՝ քան մենք: Գնահատելի է Վաղինակներու պայքարի ոգին, սակայն յիմարութիւն եւ էշնահատակութիւն՝ երբ մէկ բռունցքով կը փորձես դէմ դնել հսկայական բանակի մը:
Աստուած պարգեւէ մեզի սերունդ մը՝ Վաղինակներու ոգիով եւ Արփիարեաններու տրամաբանութեամբ, որպէսզի դժուարին այս պայմանները յաղթահարելով կարենանք պահել մեր ինքնութիւնը, որովհետեւ խելքով ապրիլը աւելի պէտք է մեզի այսօր՝ քան անխելքութեամբ մեռնիլը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -244-
Արդէն իսկ մի քանի ամիսէ ի վեր ունիմ երկրորդ անուն մը՝ տիկին Ազատուհի. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ապրող մեծահասակ մայրիկ մը սխալելով տիկին Ազատուհիին նամակները ինձ կը ղրկէ. տիկին Ազատուհիին փոխարէն ես է որ կը ստանամ տարեդարձի մաղթանք, Նոր տարուան եւ Ս. Զատիկի շնորհաւորանքները:
Երէկ կէս գիշերէին ժամը 3.50-ին հեռաձայնին զանգէն վախով արթնցայ. նոյն կինն էր. առանց ժամերու տարբերութիւնը նկատի ունենալու «Սմբուկով անուշ»ին չափը կը խնդրէր. չոճուխները շատ սիրած են եւ կ՚ուզէ ինք եւս փորձել:
Ինչո՞ւ չեմ գիտեր, սակայն տիկին Ազատուհին ըլլալս տակաւին չըսի եւ հակառակ լուսանկարիս, ինք ալ շատ հասկնալու մտադրութիւն չունի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան