ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՐՑԵՐ…

Իրականին, բարոյական դրութիւնը ունի երկու տեսակ՝ որ համընթաց են. առաջինը՝ այն ի՛նչ որ կը պատուիրենք բայց չկիրարկած բարոյականութիւն, երկրորդը՝ այն ինչ որ կիրարկուած, սակայն ընդհանրապէս չպատուիրուած բարոյականութիւն։

Բացի «mormonism»էն՝ բոլոր կրօններու նման քրիստոնէութիւնն ալ ասիական սկզբնաւորութիւն ունի։ Քրիստոնէութիւնը ասիական խորհրդապաշտութեան (mysticisme) յատուկ անհատականութեան եւ երկնային կեանք՝ անդենական-անդրշիրիմեան գաղափարներուն եւ ըմբռնումներուն կարեւորութիւն է տուած եւ ուսուցած է։ Այս իմաստով՝ դիմադրութեան, «հակառակ կեցուածք»ի տեսութեան կարեւորութիւնը ի յայտ կու գայ։ Այսուհետեւ, երբ քրիստոնէութիւնը եւրոպական սկզբունքներու «պաշտօնական կրօն»ը դարձաւ, կարգ մը գրութիւններու մեկնաբանութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու ստիպողականութիւնը զգացուեցաւ։

Այս իմաստով՝ «Կայսրին պատկանածը՝ կայսրի՛ն» նման բանաձեւեր եւ պատուէրներ կարեւորութիւն ստացան եւ հետզհետէ տարածուեցան։ Այս, մանաւանդ «Կայսրին պատկանածը՝ կայսրի՛ն» բանաձեւը արժանահաւատ սկզբունք մը ըլլալով ընդունուեցաւ լայն շրջանակներու կողմէ։ Այս ճամբով, հաստատուեցաւ «աշխարհականութեան» (sécularité) կամ աշխարհիկ իրաւասութեան գաղափարը։ Բայց պէտք է ուշադրութեամբ նկատել, որ «աշխարհականութեան» սկզբունքը կը տարբերի «աշխարհիկ բնոյթի համար շարժում»էն (laïcisme) գաղափարէն։

Այսուհետեւ, հմտութիւն եւ իմաստութիւն կը պահանջէ աշխարհայինը եւ երկնայինը կարենալ զանազանել, եւ այդ զանազանութեան մէջ անոնք ներդաշնակել, համընթաց բայց առանց բախումի, առանց ընդհարումի զանոնք գործադրել եւ երկուքն ալ միաժամանակ ապրիլ, ինչպէս՝ «Կայսրի պատկանածը՝ կայսրին տալ, Աստուծոյ պատկանածն ալ՝ Աստուծո՛յ»։

Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ, բայց ո՛չ անկարելի։

Չինացիներ, մեր այս սովորական համարած սկզբունքներուն ո՛չ մէկը՝ ո՛չ տեսական եւ ոչ ալ իրագործական, կ՚ընդունին։ Անոնք, տեսական ըլլալով, ընդդիմութեան՝ հակառակ կեցուածքը կ՚ընդունին, հոն՝ ո՛ւր կռիւ գոյութիւն ունի։ Իսկ իրագործման մէջ, կ՚ընդունին, որ ասիկա հազուադէպ վիճակ մը կը ներկայացնէ։

Բայց, ընդհանրապէս, տեսականօրէն կ՚ընդունուի, որ կռիւի համար ո՛չ մէկ պատճառ գոյութիւն ունի, իր իրագործման մէջ՝ նման վիճակներու յաճախակի կերպով կարելի է հանդիպիլ։ Չինացիներ ալ երբեմն կը կռուին, բայց ցեղ ըլլալով, անոնք կռուասէր՝ կռուազան չե՛ն. անոնք իրենց յաջողութիւններով եւ յաղթանակներով երկար ժամանակ չեն պարծենար, համեստ եւ խոնարհ են. ընդհանրապէս իրենք զիրենք «պարտականութիւնը կատարած» կը համարեն՝ այն ի՛նչ որ պէտք էր որ ընէին…

Չինացիներ սորվելու, ուսանելու մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն՝ նուրբ վարմունք ունին եւ փափկանկատ են։ Գիտութիւնը մեծ արժէք կը ներկայացնէ չինացիներու մօտ։ Մեծամասնութեամբ համերաշխ, նրբանկատ, համապարտ եւ խաղաղասէր աւանդութեան տէր են։ Այս առաքինութիւնները ժառանգական արժէքներ են եղած չինացիներու համար, կարծես ծինային փոխանցումներ են անոնք։

Մշակութային արժէքները տիեզերական են, այս արժէքներուն փոխանցումը եւ օգտագործումը մարդկութեան ազնուացման եւ զարգացման համար անհրաժեշտ պայմաններ են։ Ամէն մշակոյթ ուրիշ մշակոյթի մը փոխանցելիք անպայման բան մը ունի, ունենալո՛ւ է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 17 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2023