ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵՐՍԻՆԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ հիւրընկալեց Մերսինի Թոմրիս Նատիր Մութրի ուղղափառ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Ճան Արաբը, որուն կ՚ընկերանային RUMVADER-ի ընդհանուր քարտուղար Տ. Տիմիթրի Աւ. Քհնյ. Մայօղլու։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ատենապետ Հերման Գավաֆեան։

Ճան Արաբ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ ահաւոր երկրաշարժի յաջորդող առաջին իսկ օրէն եղած էր իրենց կողքին եւ այս կեցուածքը կը շարունակուի ցայսօր։ Ան երախտագիտութեամբ յիշեց նաեւ, որ Նորին Ամենապատուութիւնը հովուապետական այցելութեամբ եղած էր իրենց մօտ եւ հայրական խօսքով մխիթարած էր զիրենք։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները յղեց քաղաքաբնակ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, թէ կը շարունակէ աղօթել երկրաշարժի աղէտէն տուժածներու մխիթարութեան եւ զօրացման համար։

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2023