ԴԱՐԱՒՈՐ ԱՆԲՈՒԺԵԼԻ ԱԽՏ ՄԸ
Վերջին մի քանի տարիներուն, կամայ թէ ակամայ բոլորս ալ տեսանք, թէ ինչպիսի աւերներ կրնայ գործել տարածուած ախտ մը. այդ ախտը ինչքա՜ն ընտանիքներ թշուառացուց ու դժբախտացուց վերջին մի քանի տարիներուն ընթացքին: Սակայն մարդկային պատմութիւնը սովոր է նման աղէտներու, որովհետեւ ամէն ժամանակաշրջան կը ծնի իր հիւանդութիւններն ու ախտերը, որոնք ժամանակ մը ետք կը դառնան բնական ու գիտութիւնը ամէն ձեւով կու գայ պայքարելու անոնց դէմ:
Գիտութիւնը գրեթէ բոլոր տեսակ հիւանդութիւններու դարման մը կը փորձէ գտնել, սակայն գոյութիւն ունի հիւանդութիւն մը, ախտ մը, որ հին է այնքան՝ որքան մարդկութիւնը եւ մեծ հաւանականութեամբ գոյութիւն պիտի ունենայ այնքան ժամանակ՝ որքան մարդկութիւնը: Հիւանդութիւն մը, որով ախտահարուածները ցմահ կը տառապին: Դարաւոր այս ախտը միշտ գոյութիւն է մեր շուրջ, սակայն ի տարբերութիւն միւս հիւանդութիւններուն, իր ցաւերուն կողքին ունի նաեւ հաճոյք մը, ինչ որ տարօրինակ կը դարձնէ ու կը տարբերէ զինք միւսներէն:
Այս հիւանդութեան եւ ախտորոշումին անունը կը վերցնեմ աւելի քան դար մը առաջ ապրած հայ բժիշկ տքթ. Հ. Հայրապետեանէն՝ ՍԻՐԱԽՏ: Այդ ախտը աննկատ կերպով գոյութիւն է մեր կեանքէն ներս. այդ հիւանդութիւնն է, որ դարեր շարունակ մարդոց տուած է ներշնչում՝ գրելու բանաստեղծութիւններ. այդ հիւանդութեան շունչն է այսօր, որ դուրս կու գայ մեր երգերու մեծամասնութենէն. այդ հիւանդութիւնն է, որ կը ցոլայ մեր վէպերէն:
Սակայն սիրախտը կը շարունակէ մնալ առեղծուած. ախտ մը՝ թէ՛ զուարթութիւն եւ թէ արցունք կը պատճառէ մարդուն, հիւանդութիւն՝ որ կրնայ թէ՛ քաղցրացնել կեանքը եւ թէ գեհենի վերածել: Սիրախտը կրնայ երիտասարդի մը մէջ վառել կեանքի հանդէպ սէրը, սակայն նոյն ուժգնութեամբ նաեւ շիջուցանել:
Սիրախտը երբեք ալ աստիճանաւորումներ չէ ունեցած. թեթեւ սիրախտաւորութիւն մը երբեք ալ տեղի չէ ունեցած եւ իրապէս անով վարակուողները դարմանելը գրեթէ եղած է անհնարին:
Հոգիին ամենէն թշնամի հիւանդութիւնն է սիրախտը, որովհետեւ ներքուստ կը քանդէ մարդուն խաղաղութիւնը. շատ անգամ մոռցնել կու տայ հայր, մայր, եղբայր, ծնողք ու հայրենիք ու տակաւ առ տակաւ անհոգ պատանեկութեան մը կը յաջորդէ խռովայոյզ երիտասարդութիւն մը:
Հայ անուանի բանաստեղծներէն շատ շատեր գուցէ երբեք ալ բանաստեղծութիւն չգրէին՝ եթէ վարակուած չըլլային այս ախտով. բազմաթի՜ւ աշուղներ առանց սիրախտահարութեան գուցէ երբեք ալ չստեղծագործէին, որովհետեւ այդ բոլորին առանցքը սէրը եղած է:
Սիրախտի հիմնական տարբերութիւնը միւս հիւանդութիւններէն ա՛յն է, որ անձը կենդանի մեռեալ կը դարձնէ՝ առանց սեռի խտրութիւն դնելու: Սիրախտը կը չարչարէ մարդը, սակայն չի մեռցներ, սակայն անոր ցաւին չդիմացող անհատներ ինքնակամ յաճախ վերջ կու տան իրենց կեանքին, որովհետեւ սիրախտահարութեան դիմանալը ամէնուն չէ տրուած. այդ ցաւը դարերու ընթացքին քանի՜ քանի ծնողներ դժբախտացուցած է. շա՜տ մայրեր իրենց զաւակները սիրախտէ փրկելու համար դեղ ու դարման փնտռած են: Յաճախ ծնողներ անոր դարմանը փորձած են գտնել իրենց զաւակները ուրիշներու հետ ամուսնացնելու մէջ, առանց նկատելու, որ նման «բուժման» միջոց մը նոյնքան վտանգաւոր է՝ ինչքան սիրախտը, որովհետեւ սիրախտով կը դժբախտանայ անձը, սակայն ամուսնութեամբ ամբողջ ընտանիք մը՝ իրենց լոյս աշխարհ բերելիք զաւակներով հանդերձ:
Մարդ արարածը այդ հիւանդութիւնը միայն կրնայ ծածկել, սակայն վերացումը շատ դժուարին է. կամայ թէ ակամայ այդ հիւանդութիւնը կը չարչրկէ մարդուն միտքն ու ուղեղը եւ հոգի, սիրտ, ուղեղ ու միտք քաոսային վիճակ մը կը ստանայ: Սիրախտահարին համար այլ ահաւոր երեւոյթ մը այդ հիւանդութեան գաղտնիութեան ապահովումն է, որովհետեւ թէեւ անբուժելի, ամօթ մըն է այսօր սիրախտը:
Սիրախտէ տառապողներ այսօր կ՚ուզեն ձերբազատիլ անկէ, սակայն միաժամանակ կ՚ուզեն, որ գէթ մարդ արարածը իր կեանքին մէջ մէ՛կ անգամ զգայ համը այդ հիւանդութեան, որ իր ցաւերուն չափ ուրախութիւն, արցունքներուն չափ ալ ժպիտ ունի իր մէջ: Սիրախտը աւերակ կը դարձնէ մարդու հոգին, սակայն անոր փլատակներուն տակէն սիրոյ հրդեհին ծուխերը կը մխան շարունակ. շատերու պարագային ամէն անցորդ կը յիշեցնէ սիրախտի հերոսն ու հերոսուհին, ամէն դէպք ու պատահար, ամէ՛ն երգ ու բանաստեղծութիւն այդ հիւանդութեան պատճառը կ՚ուրուագծեն:
Գուցէ ահաւոր թուի այդ հիւանդութիւնը, սակայն անոր տարածումը կը ցանկանք, որովհետեւ աւելի՛ լաւ է սիրախտահարուիլ, քան ատելութեամբ լեցուն հոգի մը ունենալ եւ վստահ եղէք, այդ սիրախտահարուած մարդիկ յաճախ անվնաս մարդիկ են, որովհետեւ սիրող մարդը չի՛ կրնար ատելութիւն սերմանել:
Երանի՜ սիրախտահարներով լեցուն ըլլար աշխարհը՝ քիչ մը աւելի մարդկութիւն տեսնելու յոյսով ու կարօտով:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -252-
Ցաւ ի սիրտ, սեփական փորձառութեամբ փաստած եմ, որ գիր-գրականութիւնը թէեւ գրաւիչ ու ցանկալի, ստախօսութիւն է պարզապէս: Կեանքին, եղբայրասիրութեան, հայրենասիրութեան, ինչպէս նաեւ սիրոյ ինչ ըլլալը սեփական փորձէ առաջ իմ նման շատեր մեր գիրքերուն եւ վէպերուն ճամբով սորվեցանք, սակայն սեփական փորձի ժամանակ փաստեցինք, որ գրուածն ու կատարուածը, մեր սորվածն ու իրական կեանքը ամբողջութեամբ հակասական են:
Գիրքերը սորվեցուցին սիրոյ համար եսը զոհել, սակայն աշխարհը եկաւ ըսելու, որ այդ մէկը ձախողութեան սկզբնաքայլն է պարզապէս. գիրքերը սորվեցուցին ազգին համար անձնուիրաբար ծառայել, սակայն սեփական փորձը եկաւ ըսելու, որ այդ մէկը ո՛չ թէ ծառայութիւն, այլ թշնամի շահելու ազդու միջոց մըն է պարզապէս:
Եթէ չըլլային գիրքերը, այսօր մեր կեանքը կրնար ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024