ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹՈՎ ՄԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ԱՐՄԱՆ ՊԻՒՔԻՒՃԵԱՆԸ

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մասնաւոր հանդիսութիւնով մը մեծարեց թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Արման Պիւքիւճեանը։ Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի այս երեկոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։ Արման Պիւքիւճեան համակրանքով ու երախտագիտական զգացումներով շրջապատուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ, որոնք կ՚արժեւորէին իր բազմամեայ ծառայութիւնը։

Ըստ եկեղեցւոյ աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, երեկոյթի ընթացքին սրտի խօսքերով հանդէս եկան Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու եւ մեծարեալի ընտանիքէն Արման Սրկ. Մարաշլեան։ Միութեան վարչայիններէն Ալին Շէնճանն ալ ընթերցեց մեծարեալին կենսագրութիւնը։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան այս առթիւ ընթերցեց՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ Արման Պիւքիւճեանին տրուած օրհնութեան գիրը։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ վեր առաւ Արման Պիւքիւճեանի շուրջ 45 տարուան համայնքային ծառայութիւնը եւ իր կողմէ Գատըգիւղի ընտանիքին բերուած նպաստը։ Ան մեծարեալին յանձնեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խորհրդանշանով յուշանուէր մը։ Հայր սուրբը մաղթեց, որ Պիւքիւճեաններու ընտանեկան յարկէն անպակաս ըլլայ Ամենայն Հայոց Սրբութիւն Սրբոցին հովանին ու օրհնութիւնը։

Ձեռնարկի ընթացքին ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէքի կողմէ գլխաւորուած նորընտիր թաղային խորհուրդին ալ անունով արտայայտուեցաւ Պերկման Կիւլսիւն, որ մեծարեալին գործունէութեան անդրադարձաւ գնահատանքով եւ վերյիշեց անոր աշխատանքը՝ երէց եղբօր դերակատարութեան մէջ։

Ի յիշատակ այս հանդիսութեան Գատըգիւղի ընտանիքին կողմէ ալ յուշապնակ մը յանձնուեցաւ Արման Պիւքիւճեանին, որուն ուրախակից էին նաեւ իր հարազատները։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023