ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՒՆ
Վստահաբար բոլորիս ալ ծանօթ է ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած դժուարին օրերը, սակայն հակառակ այդ բոլոր դժուարութիւններուն, մեծապէս գնահատելի ու յուսադրիչ էր մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած Համազգայինի «Գայեանէ» եւ «Քնար» պարախումբի տպաւորիչ ելոյթը:
Հայրենիքի մէջ պարախումբի մը ելոյթին կամ թատերախումբի մը ներկայացումին մասնակցիլը կրնայ այնքան մեծ ու խոր իմաստ չունենայ՝ ինչքան սփիւռքի պարագային եւ հայրենիքի մէջ ծնած եւ ամբողջ կեանքը հայրենիքի սահմաններուն մէջ ապրած հայորդի մը չի կրնար գիտնալ անոր առթած հպարտութիւնը: Տարբեր է հպարտութիւնը թէ՛ հանդիսատեսին եւ թէ՛ պարողներուն, որովհետեւ գաղթականութենէն աւելի քան դար մը ետք, Լիբանանի այս դժուարին օրերուն հայ մշակոյթ ներկայացնելը յաղթանակէ մը ուրիշ բան չի կրնար նկատուիլ:
Հպարտութիւն է տեսնել նորահաս սերունդ մը, որ մերօրեայ իմաստազուրկ ժամանակի մսխումները մէկ կողմ դրած՝ հետեւած են հայկական պարի դասերու եւ ամէն ջանք ի գործ դրած են լաւագոյնս ներկայացնելու համար հայ պարն ու մշակոյթը:
Երիտասարդներէն աւելի գնահատելի է ծնողքը, որովհետեւ զաւակը պարզապէս շուքն է ծնողքին. եթէ այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ կամ Եւրոպայի մէջ ունինք իրենց սեփական մայրենի լեզուն չգիտցող երիտասարդներ, կրնա՛ք վստահ ըլլալ, որ անոր պատճառը դարձեալ ծնողներն են:
Պահ մը դիտեցէ՛ք, մի քանի օր առաջ լիբանանահայութեան հայ մշակոյթը ներկացնող երիտասարդները, որոնք իրենց ծնողքին շնորհիւ տակաւին լեցուած են հայութեամբ. անոնք եթէ իրենց կարգին իրենց զաւակները դաստիարակեն այնպէս՝ ինչպէս դաստիարակուեցան, կրնանք վստահ ըլլալ, որ տակաւին պիտի շարունակենք ունենալ խոստմնալից սերունդ մը, սակայն հակառակ պարագային դատապարտուած ենք կորուստի: Այս է պատճառը, որ յաճախ կը շեշտենք կրթութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ կրթութիւն ըսելով թուաբանութենէն, աշխարհագրութենէն ու այլ դասանիւթերէն տարբեր բան մը կը հասկնանք:
Գաղութի մը մահը կը պատահի այն ժամանակ, երբ ծնողներ իրենց զաւակները հայկական վարժարանի փոխարէն այլ օտար վարժարաններ կը ղրկեն. իրենց զաւակները որպէս զբաղում հայկական պարախումբի կամ թատերախումբի անդամ դարձնելու փոխարէն արտառոց ու այլանդակ ժամանցի կ՚առաջնորդեն: Նման պարագաններու թէ՛ արուեստի դպրոցները եւ թէ՛ վարժարանները կը հասնին անդունդի եզրը եւ առյաւէտ կը փակեն իրենց դռները:
Յաճախ կը բողոքենք, որ հայկական կազմակերպութիւնները բազմաթիւ ելոյթներ կը կազմակերպեն, սակայն այդ բոլորը եւս մաս կը կազմեն հայապահպանութեան, որովհետեւ մեր կազմակերպութիւնները գոյատեւելու համար կամայ թէ ակամայ կարիքը ունին նիւթականին եւ իւրաքանչիւր հանդիսատեսի ներկայութիւնը օժանդակութիւն մըն է անոնց գոյատեւումին:
Ցաւ ի սիրտ, մեր ազգը ունի «ուզել»ու հիւանդութիւնը. անոնք ակնկալիքներ ունին եւ կ՚ունենան եկեղեցիէն, կուսակցութիւններէն, կազմակերպութիւններէն, կառավարութենէն, սակայն իրենց ուզելուն փոխարէն «տալ»ու մասին չեն մտածեր երբեք: Եկեղեցին, կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւններն ու պետութիւնը գող կ՚անուանեն, սակայն երբեք չեն մտածեր, որ ուզուածին փոխարէն անոնք ի՞նչ տուած են ի դիմաց բոլոր ծառայութիւններուն, որոնք կ՚ակնկալեն:
Եկեղեցւոյ, կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու կառավարութեան գող ըլլալ չըլլալը մեր այսօրուան նիւթին մաս չեն կազմեր, սակայն վստահ ենք, որ այդ բոլորը հիմնողները տուած են իրենց ամբողջ անձը՝ այդ բոլորը կառուցելու եւ ի նպաստ ազգին ծառայեցնելու համար: Ո՛չ կաթողիկոսը, ո՛չ կուսակցութեան այս կամ այն կոմիտէն, ո՛չ կազմակերպութիւններու ատենապետները եւ ո՛չ ալ հայրենիքի նախագահն ու վարչապետը աւելի բարձր չեն, քան իրենց ներկայացուցած հաստատութիւնը։ Եկեղեցին անժամանակ արժէք է, սակայն կաթողիկոսը՝ ժամանակաւոր. կոմիտէները ժամանկաւոր են՝ սակայն կուսակցութիւնը երկարակեաց. նոյնն է պարագան միւս բոլորին, այդ իսկ պատճառով անձի մը համար հաստատութիւն քարկոծելը կամ զանոնք գող նկատելը անմտութիւն է պարզապէս:
Մանրուքներով զբաղելու փոխարէն օրինակ առնենք Լիբանանէն։ Սփիւռքի մէջ այսօր ծարաւը ունինք արուեստի, մա՛նաւանդ հայ մշակոյթին. օտարութեան մէջ ապրող մեր հայորդիները մեծամեծ գումարներ ծախսելով կը քաջալերեն օտարին մշակոյթը, օտարին արուեստը, սակայն երբ կարգը գայ իր հայրենակիցին, յանկարծ կը փոխուի պարագան: Օտար արուեստագէտը իր մէկ նկարչութիւնը կը գնահատէ 20 հազար ամերիկեան տոլար, սակայն թող փորձուի նոյնը ընել հայ արուեստագէտ մը... որովհետեւ հայ արուեստգէտը Լէոնարտօ Տավինչիէն ալ լաւ արուեստով մը հրապարակ դուրս գայ, այդ մէկը պէտք չէ օտարինէն աւելի սուղ արժէ: Այդ մօտեցումը մենք ունինք ամէ՛ն բանի պարագային՝ մամուլը ներառեալ:
Մեր ազգը մեծապէս օրինակ պէտք է վերցնէ սուրիացիներէն։ Աշխարհի ո՛ր երեսին ալ գտնուի սուրիացին, առաջնահերթութիւնը կու տայ իր հայրենակիցին։ Սուրիացիին տան արհեստաւորները վստահաբա՛ր սուրիացի են, անոնց բժիշկը, աշխատող գործաւորը եւ մինչեւ իսկ անոնց յաճախած ճաշարանն ու ժամանցի վայրերը սուրիական են, որովհետեւ անոնց մէջ կայ գիտակցութիւնը հայրենակիցի կարեւորութեան: Մեր մօտ պատկերը ամբողջութեամբ հակառակն է, որովհետեւ մերոնք պատրաստ են օտար արհեստաւորին վճարել մեծ գումար, սակայն նոյն գումարը վճարելը հայ արհեստաւորին դժուար կը թուի:
Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքը ունինք իրերօգնութեան՝ սփիւռք եւ հայրենիք:
Պէտք է նախապատուութիւնը տալ հայուն ամէ՛ն բանի մէջ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -253-
Ամիսներ առաջ լիբանանեան ալիքներէն մին ներկայացուց հայ երիտասարդի մը կեանքը, որ ցաւ ի սիրտ, վարակուած էր մահացու հիւանդութիւնով մը: Սակայն հաղորդումին նպատակը հայ երիտասարդին հիւանդութենէն անկախ արաբ սուրբերուն մեծարանքն էր:
Հայ երիտասարդը ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ պատմեց, թէ հիւանդութեան լուրը ստանալէ ետք ինչպէս անմիջապէս գացած է արաբական եկեղեցի մը եւ այդտեղ ուխտ կատարած:
Ճիշդ է, կրօնը լեզու ու ազգութիւն չի ճանչնար, սակայն ի՞նչն էր այն մղումը, որ հայ երիտասարդին ոտքերը հայկական եկեղեցւոյ փոխարէն առաջնորդեց արաբական: Հայուն Աստուածը գուցէ չի բուժե՞ր իրեն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 04/26/2025