ՄԱՀ ԿՆՈՋ

Մա՜հ կնոջ:

Մեր թուականէն 139 տարիներ առաջ այսպէս կը գրէր երիտասարդ յօդուածագիր մը Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Ընտանիք» հանդէսի 15 յունիս 1884 թուականի թիւին մէջ: Յօդուածագիրը իր անունը չի յիշեր, պարզապէս կը ստորագրէ Արգոմ գրչանունով ու գուցէ անունը չյիշելուն պատճառը յանդուգն յօդուած մը ըլլալն է՝ տարօրինակ ու շատերու կողմէ վստահաբար քննադատելի:

Յօդուածի խորագիրէն կարելի է ենթադրել, որ յօդուածագիրը յատուկ ատելութիւն մը ունի կին դասակարգին նկատմամբ, սակայն վերնագիրէն անդին այդ մէկը կը փաստուի յօդուածը կարդալով: Երիտասարդ գրողը (երիտասարդ կ՚ըսենք հիմնուելով յօդուածի մէջ գրուած հետեւեալ տողին.- «երիտասարդ մի եմ եւ ես») իր յօդուածով կը պաշտպանէ տղամարդուն իշխողի դերը եւ կը հաւատայ այն երեւոյթին, որ տղամարդը իշխող, իսկ կինը՝ հնազանդող պէտք է որ ըլլայ: Այդ իշխողի եւ ստրուկի վիճակը ճիշդ կը թուէր յօդուածագիրին. անոր խօսքերով տղամարդը «կը զայրանար եւ կը գտնէր լռութիւն, կը զարնէր եւ կը գտնէր համբերութիւն, կրակ կը թափէր եւ կը գտնէր ջուր» եւ այս բոլորը յօդուածագիրը այրական իրաւունք կը կոչէ:

Սակայն կնոջ փոփոխութիւնը յօդուածագիրը նեղացուցած ըլլալ կը թուի. ան կը զգայ «այրական իրաւունք»ին կորուստը, որովհետեւ այդ օրերուն կինը կամաց կամաց կը սկսի դադրիլ լռելէն, համբերելէն եւ ջուր դառնալէն. այդ «դժբախտ» երեւոյթը այսպէս կը ներկայացնէ յօդուածագիրը. «տես արդ ուսեալ կինն. կ՚անիծէ կարմրելու սովորութիւնը. զայրանաս՝ կը զայրանայ, զարնես՝ կը զարնէ, կրակ կտրիս՝ ինք դժոխք մը կ՚ըլլայ» եւ այս փոփոխութիւնները յօդուածագիրին կողմէ կը կոչուին «տխուր փոփոխութիւն»:

«Ի՜նչ տխուր փոփոխութիւն, ի՛նչ գահավէժ անկում»:

***

Յօդուածագիր երիտասարդը չեմ մեղադրեր պարզ այն պատճառով, որ նոյն մտածումը աւելի քան 139 տարիներ ետք կը շարունակէ կարգ մը շրջանակներու մէջ գոյութիւն ունենալ. մինչեւ օրս կա՛ն ընտանիքներ (թէեւ փոքրամասնութիւն), որոնց համար աղջիկի մը կրթութիւն ստանալը անկրթութիւն կը նկատուի. բարեբախտաբար հայերուս մէջ իգական սեռին կրթութիւն ստանալուն հանդէպ ատելութիւնը վերացած է, սակայն մինչեւ օրս ունինք հին-գլուխներ, որոնք յօդուածագիրին նման ճիշդ կը նկատեն կնոջ լռութիւնն ու համբերութիւնը եւ կը շարունակեն ապրիլ «արական իրաւունքով», որով կ՚ապրէին աւելի քան դար մը առաջ:

Իգական սեռի պարագային մեր ազգը (հետեւելով աշխարհին) դարձեալ չյաջողեցաւ պահել միջին մը. կարդացէ՛ք հին վէպերը եւ պիտի տեսնէք, որ կինը ուրիշ էր քան այսօր. կինը կը հիւսէր, կը կարէր, կը մաքրէր եւ իր գլուխը պատուհանէն անգամ դուրս կը դժուարանար հանել՝ որպէսզի յանկարծ մարդիկ սխալ չմեկնաբանեն. յօդուածագիրը այդ ժամանակաշրջանի երիտասարդ աղջիկները հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ.- «տանը մէջ մօրը գործակից, հօրը կամակից, տունին հպատակ, տունն իւր միմիակ նպատակ, աղաւնոյ չափ միամիտ, հեզ ու սիրուն՝ կ՚աշխատէր ինքզինքն աշխատութեանց մայրական. գոհ էր այն, պարզ ու անզարդ», սակայն հիմա...

Վստահ եղէք, յօդուածագիրին բողոքած այդ «հիմա»ն մերօրեայ «հիմա»էն շատ աւելի տարբեր եւ գուցէ աւելի լաւ էր, որովհետեւ ամէն ժամանակաշրջան իր ներկան կը համեմատէ անցեալի հետ եւ այդտեղ փոփոխութիւններ կը գտնէ, եւ մենք անդունդներ կը տեսնենք յօդուածագիրի բողոքներուն եւ մերօրեայ երիտասարդներուն միջեւ, սակայն այդ պայքարի շարունակութիւնը ակներեւ կը տեսնենք: Միջին մը գոյութիւն չունի ներկայիս. կա՛մ կինը կ՚իխէ իր մարդուն եւ կա՛մ մարդը՝ կնոջ (գուցէ «տէր կամ ստրուկ պիտի լինիս» բանաստեղծութեան լոյսին տակ). կը տեսնեմ տղամարդիկ, որոնք իրենց ամենէն պարզ որոշումին համար իրենց կիները համոզել կը փորձեն, աննկատ ձեւով մանուկի մը նման հրաման կը խնդրեն եւ ապա կը կատարեն իրենց մտածածները, մինչ միւս կողմէ կը տեսնեմ տղամարդիկ, որոնք «այրական իրաւունք»ով իրենք զիրենք իշխան կը կարծեն:

Կնոջ կողմէ իշխուողը տկար, իսկ կնոջ վրայ իշխողը «տղամարդ» կը նկատուի, առանց մտածելու, որ ամուսնական կեանքը իշխանութիւն հաստատելու գետին մը չէ. անոնք համահաւասար մէկ մըն են եւ որպէս մէկ պիտի իշխեն եւ որպէս մէկ պիտի իշխուին:  Եթէ անցեալին կնոջ լռութիւնը «պատիւ» էր տղամարդու իշխանութեան եւ տղամարդը այդ մէկը կը ցանկար, սակայն այսօր հակառակը պէտք է պաշտպանել. ցաւ ի սիրտ, մինչեւ օրս կը տեսնեմ հին-գլուխ տղամարդիկ, որոնք կ՚ուզեն իրենց իշխանութիւնը հաստատելու համար միջամուխ ըլլալ կնոջ հագուստին, գործերուն, շրջանակին, բարեկամներուն. կ՚արգիլեն այս կամ այն տեղը երթալ, կ՚ուզեն ամէն բան հրամանի ձեւով իրենց որոշումէն կախեալ ըլլայ. այլ խօսքով կնոջ կախեալութիւն կ՚ուզեն:

Ճիշդն ու սխալը ո՞րն է... չեմ գիտեր, սակայն յստակ գիտեմ, որ անցեալի մեր անուս ծնողները իրարու հետ աւելի համերաշխ ու սիրով կ՚ապրէին՝ քան մերօրեայ կրթուածները: Կրթութիւնը պէտք է զարգացնէ ու դէպի լաւ առաջնորդէ երեւոյթ մը, սակայն չեմ գիտեր ինչպէս, ընտանեկան կեանքի պարագային մարդ ինչքան «կրթուեցաւ», այնքան այլանդակ դարձաւ. կրթութեան ճամբով ընտանեկան կեանքը բարելաւելու, աւելի վատթարացուց եւ ստեղծեց մերօրեայ վիճակը, ուր «շունը իր տէրը չի ճանչնար»:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -254-

Վերջերս վիճաբանութիւն մը ունեցայ անձի մը հետ, որ կամաց կամաց «այրական իրաւունք»ի ու իշխանութեան զոհ կը դառնայ ու զարմանալին չի նկատեր (կամ գուցէ չ՚ուզեր նկատել այդ մէկը):

Ամէն անգամ որ տեղ մը երթայ, կարծես պարտաւորութիւնը կը զգայ հաղորդագրութիւն մը փոխանցելու «իշխան»ին, ինչ որ «սիրոյ» անուան տակ ենթակայութիւն եւ ստրկութիւն մը կը ստեղծէ: Ամէն վայրկեան կը տեղեկացնէ իր ո՛ւր ըլլալը, իր ի՛նչ ընելը եւ իր սեփական կեանքին հետ կապուած ամէն որոշում անպայմանօրէն պէտք է, որ ստանայ «իշխան»ին հաւանութիւնը:

Իշխանը ինք պիտի որոշէ, թէ ո՛ւր կրնայ աշխատիլ եւ ուր ոչ, ինք պիտի որոշէ թէ ո՞ր անձին հետ բարեկամութիւն կրնայ ընել եւ որու հետ ոչ: Իշխանը պիտի որոշէ մինչեւ իսկ, թէ ո՞ր հագուստը կրնայ հագուիլ եւ թէ ոչ եւ այս ստրկութիւնը կը թաքնուի «սէր» կոչուածին տակ:

Յայտնեմ, որ «իշխան»ն ու ստրուկը ամուսնացեալ զոյգեր չեն. պարզապէս ստրուկը պէտք է համոզուի, որ եթէ նախքան ամուսնութեան շրջանը վիճակը այսպէս է... ապա ապագային դժոխք մը կը սպասէ իրեն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023