«ԿԻՒՄԻՒՇԵԱՆ»Ի ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Յովհաննէս Կիւմիւշեանի հիմնած «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց ու շնորհաւորեց ընտրութիւնը վարչայիններուն, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ նշեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեան փութացած էին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։ Վարչայինները նաեւ նախկին շրջանի իրենց գործակից ընկերներուն երախտիքը յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնը տուաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց կապակցութեամբ։