ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՄԱՏԵԱՆԸ

Ամէն մարդ չի կրնար ընթերցել Աստուածաշունչ։ Տիրոջ ներշնչանքով գրուած Սուրբ Գիրքի ընթեռնումը բաւական խրթին է։

Ես կը դասուիմ այն երանելիներու շարքին, որոնք կը սերտեն Աստուծոյ խօսքը։ Որոշեցի։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցիէն իմ տարեդարձին ինքզինքիս նուիրեցի Աստուածաշունչ։ Քսանմէկ տարեկան էի, երբ իմ ձեռքը առի Աստուածաշունչ մատեանը։ Բաւական երկար ժամանակ կարդացի Ծննդոց գիրքը։ Ամէն անգամ, իմ մտքի մէջ պատճառաբանութիւն մը կը յօրինէի Սուրբ Գիրքի ընթերցանութիւնը յետաձգելու համար։ Այսպէս դադարը տեւեց երկար տարիներ՝ մինչեւ 44-օրեայ պատերազմ։

Պատերազմը զիս կապեց մեր երկնաւոր Տիրոջ։ Այս անգամ մեծ փափաքով ուզեցի սերտել Տիրոջ խօսքը։ Աղօթելու ժամանակ մենք կը խօսինք Տիրոջ հետ։ Իսկ կարդալով Աստուածաշունչը՝ Աստուած կը խօսի մեզի հետ։ Այսպիսով յաճախակի սկսանք իրարու հետ խօսելու, շփուելու։

Ես սկսայ Հին կտակարանէն՝ ամենասկիզբէն։ Վերջերս, Տիրոջ կամօք աւարտեցի Հին կտակարանը։ Հասած եմ Եսայիի մարգարէութիւններուն։ Երրորդ տարին է, որ գրեթէ ամէն օր, կամ շաբաթ՝ աչքերս գոցելէ առաջ, քանի մը էջ կը կարդամ Աստուածաշունչէն։

Ընթերցանութեան ընթացքին կը յառաջանան բազում հարցեր, որոնց պատասխանները կը ջանամ ստանալ Տիրոջ սպասաւորներէն՝ հոգեւորականներէն։ Երբեւէ չեմ փորձած Տիրոջ խօսքը ինքնուրոյն մեկնաբանել։ Այս մէկը մեծագոյն մեղքն է՝ կոպտագոյն սխալ։

Վերջերս՝ քանի մը ամիսէ ի վեր, Զաւէնս ինծի կ՚աղաչէ իրեն համար կարդալ Աստուծոյ խօսքը։ Ես մեծ սիրով կը կատարեմ իմ փոքրիկի ցանկութիւնը։

Աստուածաշունչը կրնայ քեզ վիրաւորել ճշմարտութեամբ, սակայն ոչ երբեք թմրեցնել՝ ստախօսութեամբ։

Աստուածաշունչը լաւագոյնս օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ բանաս, ինչպէս օդապարիկը։

Աստուածաշունչը չբանալ ու չընթերցած բողոքել, թէ Աստուած չի խօսիր քեզի հետ, այդ նոյնն է,  թէ գանգատիս՝ հաղորդագրութիւն չես ստանար։ Մինչդեռ գոցուած է քու հեռաձայնդ։

Քու Աստուածաշունչի վրայ եղած փոշին նոյնն է, ինչպէս որ քու սիրտը ժանգոտած է։

Սուրբ Գիրքը միակ գիրքն է, որու Հեղինակը միշտ ներկայ է ընթերցանութեան ընթացքին։

Սուրբ Գիրքը կը հոգեշնչէ հոգեւոր ու հաւատաւոր մարդը։

Սովորաբար փորձառու իմաստունէն խորհուրդ կը հարցնենք այն ժամանակ, երբ մեր բոլոր փորձերը ձախողած են։ Իսկ Սուրբ Գիրքերու փորձառութեան ալ կը դիմենք այն ժամանակ, երբ ձախողած ենք մեր կեանքը։

Երբեւէ ուշ չէ վայրկեան մը առաջ սկսիլ Աստուծոյ Խօսքով շոյելու քու կեանքը։ Աստուած կը սպասէ մեզի ամէն երկվայրկեան։

Մեր մեծանուն բանաստեղծ, մշակութային գործիչ, գրականագէտ ու թարգմանիչ Պարոյր Սեւակ այսպէս արտայայտած է իր միտքը Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան վերաբերեալ.

«Ով որ չէ կարդացած Աստուածաշունչը, չի կրնար իրական իմաստով գրագէտ մարդ կոչուիլ… Ամբողջ համաշխարհային գրականութիւնը դուրս եկած է Աստուածաշունչէն, այստեղ է բոլոր ժանրերու, դրուագներու սկիզբը։ Անոր հիման վրայ ստեղծուած են համաշխարհային գրականութեան ու արուեստի գլուխ գործոցները։ Վկայ՝ Նարեկը, Ռաֆայէլը...

Մաշտոցն էր, որ փլատակուած մեր հաւատի տեղ հաստատեց նոր հաւատ. հաւատ, որ մեզի համար հագուստ չդարձաւ, այլ մէջքապնդող գօտի։ Հողմացրիւ դարձուած մեր հին մշակոյթի տեղ ան սկզբնաւորեց նոր մշակոյթ մը, որ գլուխ գործոցներ պիտի տար համաշխարհային քաղաքակրթութեան...

Այդ ան էր, որ մեր անգիր բանարուեստի փլատակներու վրայ հիմնադրեց մեր դպրութիւնն ու քերթութիւնը. գողթան լռեցուած երգիչներու տեղ հնչեցուց մեր հոգեւոր մեղեդին. հեթանոսական անգիտութեան տեղ փռեց գիտութեան հեքիաթական սփռոցը, որու վրայ մեզի կերակուր պիտի տային մեր հոգեւոր մատակարարները...

Արդէն միայն Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ հայոց լեզուն կատարեց իր փառատօնը՝ ապացուցելով, որ ի զօրու է լիապէս արտայայտելու ինչպէս պատմութիւն, այնպէս ալ օրէնսդրութիւն, ինչպէս հրապարակախօսութիւն, այնպէս ալ բանաստեղծութիւն, ինչպէս բուսական ու կենդանական աշխարհ, այնպէս ալ  երեւակայութիւն-տեսիլք ու կանխատեսութիւն-մարգարէութիւն, որովհետեւ հին եբրայեցւոց «Սուրբ Գիրքը» իսկապէս Ամենամատեան մըն էր գիտութեան եւ արուեստի բազում բնագաւառներու...»

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2023