ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»Ը
Մեր հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին անջնջելի եւ պատուական տեղ մը գրաւած է մեր այնքա՜ն սիրելի «Զուարթնոց» ընտանիքը։ Իրապէս «ընտանիք» մը՝ ուր մարդ ինքզինք միշտ ապահով եւ երջանիկ կը զգայ։ Արդարեւ, ամբողջ Կէտիկփաշան իր բոլոր անդամներով «ընտանիք» մը եղած է իրեն ամենաբարձր անդամէն մինչեւ եկեղեցւոյ անձնուէր եւ ժրաջան ժամկոչը՝ Ճեմիլը իր ընտանիքով եւ Կէտիկփաշայի աւանդապահ եւ բարեպաշտ, հաւատարիմ ժողովուրդով։
Արդարեւ, ամէն եկեղեցի մեզի համար պատուական է, բայց Կէտիկփաշան եւ «Զուարթնոց»ը բոլորովին տարբեր տեղ մը ունի մեր յիշատակներուն մէջ։ Ո՜վ գիտէ, թերեւս տեղ մը ունի մեր յիշատակներուն մէջ։ Ո՜վ գիտէ, թերեւս ծնողներուս ծննդավայրը ըլլալուն համար, բայց աւելին՝ հոն, Կէտիկփաշա ընտանիքը կազմող պատուական անձերու պատճառով՝ ամէն մէկը նուիրեալ անձեր՝ առանց բացառութեան։
Ուստի, վայր մը կրնայ գեղատեսիլ տեսարաններով հրապուրել մարդս, բայց այն վայրը հրապուրիչ կ՚ըլլայ մա՛նաւանդ հին եւ նոր բնակիչներով։ Հո՛ն է որ կար մեզի համար սիրելի, հրապուրիչ բան մը՝ ամէն դիրքի եւ ամէն աստիճանի, ամէն պաշտօնի կոչուած անձերու ներկայութեամբ։
Մենք հո՛ն տեսանք անսակարկ եւ նուիրական ոգիով ծառայողներ՝ հո՛ն տեսանք անկեղծութիւն, եղբայրասիրութիւն, փոխադարձ յարգանք, համակրական հասկացողութիւն եւ մա՛նաւանդ անկեղծ սէ՛ր՝ առանց խտրութեան։ Ինչ որ, դժբախտաբար կը պակսին շատ տեղեր, շատերու մէջ։
Մենք հո՛ն տեսանք պարտաճանաչութի՛ւն. հո՛ն էր որ Զուարթնոցի մեծամասնութիւն կազմող անդամներ, ամէն կիրակի ժամերգութեան սկիզբէն իսկ իրենց պարտականութեան՝ հոգեւոր ծառայութեան ամենայն հաւատարմութեամբ եւ կարգապահութեամբ պատրաստ էին՝ ձմեռ եւ ամառ, նոյնիսկ հեռաւոր թաղերէ ճի՛շդ ժամուն եկեղեցին՝ իրենց պաշտօնին գլուխը։
Այս առումով Զուարթնոց դպրաց դասը եւ ամբողջ Կէտիկփաշան իսկական տիպա՛ր մըն է. դպիրներով, սարկաւագներով եւ ամբողջ վարչականներով եւ պաշտօնեաներով։ Եւ անշուշտ մեր ծառայութիւն մատուցած ամէն եկեղեցի, ամէն թաղ պատուական էր մեզի համար, բայց Կէտիկփաշան նաեւ պատմական էր՝ անցեալով եւ ներկայով։ Եւ իրապէս հո՛ն էր որ զգացինք, թէ «քահանայ» ենք եւ ո՛չ թէ պարզ եւ հասարակ «պաշտօնեայ» մը կամ «ծառայող» մը։ Անշուշտ ծառայել մեր, քահանաներուս, հոգեւորականներուս սկզբնական պարտքն է, քանի որ Յիսուս չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելո՛ւ։ Բայց պէ՛տք է զատորոշել եւ տարբերութեանը անդրադառնալ հոգեւոր ծառայութեան եւ աշխարհային պարտադրական ծառայութեան։
Մեր սիրելի՜ Կէտիկփաշան եւ «Զուարթնոց»ը ահաւասիկ, անդրադարձած էին այս տարբերութեան, եւ մենք հոն ծառայութիւն մատուցանեցինք սրտի ներքին խաղաղութեամբ, երջանիկ եւ ծառայութեան գոհունակութիւնը լիուլի վայելելով։
Երանի՜ անոնց, որ վայելեցին եւ կը շարունակեն վայելել Կէտիկփաշայի եւ «Զուարթնոց»ի բարիքները, որովհետեւ անոնք շատ թանկագին են, պատմականօրէն եւ պատուական մեծ արժէք կը ներկայացնեն եւ հոգեւոր կեանքի մէջ շատ կարեւոր դեր մը կը կատարեն։
Յիշատակելի է «Զուարթնոց»ի անձնուէր գործունէութիւնը մեր համայնքին կեանքին մէջ՝ իր հանրայայտ դէմքերով եւ պատուական անձերով։ Այս պատճառով, ոչ միայն մեր, այս տրուպ գրիչին, այլ բոլոր երախտագէտ անձնաւորութիւններու յիշատակներուն մէջ անմոռաց եւ անջինջ տեղ մը ունին Կէտիկփաշայի բնակիչները՝ հին կամ նոր, անցեալի կամ ներկայի, եւ անոր անբաժան «Զուարթնոց»ը՝ դարաւոր կոթողը, բարոյական յուշաքարը՝ որ սրտերու մէջ կը բարձրանայ։
Այս տրուպ գրիչը եւ պարզ քահանան երբեք պիտի չմոռնայ Կէտիկփաշան, երբեք պիտի չանտեսէ իր այնքա՛ն սիրելի «Զուարթնոց դպրաց դասը եւ երգչախումբը», եւ միշտ քաղցր զգացումներով պիտի յիշէ, եւ ինքզինք երանելի՜ պիտի համարէ, գոնէ կարճ շրջան մը ծառայած ըլլալուն համար հոն՝ ո՛ւր ինքզինք երջանիկ զգաց՝ ջերմ միջավայրի մը մէջ՝ Կէտիկփաշայի ընտանիքին մէջ։
Շնորհաւոր տարեդարձ սիրելի՜ եւ հարազա՛տ «Զուարթնոց»…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 2 2023, Իսթանպուլ