ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ՝ ԱՐԴԷՆ 30-ՐԴ ԱՆԳԱՄ

Երէկ, Գարակէօզեան Տան մարզասրահի երդիքին տակ սկսաւ «Ռուբէն Սէմէրճեան» պասքեթպոլի մրցաշարքը։ Այս տարի 30-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս միջմիութենական ձեռնարկը, որով կենդանի կը պահուի նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ պասքեթպոլի ռահվիրաներէն հոգելոյս Ռուբէն Սէմէրճեանի յիշատակը։

Կեդրոնականի, Մխիթարեանի, Սահակեանի, Գարակէօզեանի, Արամեանի, Լեւոն-Վարդուհեանի, Պէզճեանի եւ Պոմոնթի Մխիթարեանի սանուց միութիւններուն առընթեր Շիշլի մարզակումբն ալ կը մասնակցի այս մրցաշարքին։

Վերջին անգամ 2019 թուականին կազմակերպուած եւ համավարակի հետեւանքով ընդհատուած մրցաշարքի աւանդութիւնը այս տարի վերականգնուած է կարգադիր յանձնախումբի մը ջանքերով։ Այսպէս, մրցաշարքի կազմակերպիչներն են՝ Շարա Թոլայեան, Արի Արզուման, Շուշան Սվասլըօղլու, Արտա Չոլաքեան, Կիւլիզար Տեմիր, Արման Եսայեան, Արտէն Թէրզեան, Սօնա Մենթեշէ եւ Գէորգ Սիմքէշեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2023