ՉՀԱՒԱՏԱԼԸ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ՛
«Կեանքը ապրելու երկու կերպ կայ՝ հրաշքներու հաւատալ եւ հրաշքներու չհաւատալ»։
ALBERT EINSTEIN
(1879-1955)
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ ապրուած զանազան կեանքի պայմաններ մեզի ցոյց տուին, թէ չհաւատալը աւելի դժուար է, քան՝ հաւատալը։ Արդարեւ, մարդ եթէ ուշադրութեամբ եւ իմաստութեամբ դիտել փորձէ իր շուրջը՝ աւելի եւս շրջահայեաց ըլլայ՝ պիտի անդրադառնայ կեանքի իմաստին եւ ճշմարտութեան։
Ամէն օր հրաշքներ կը պատահին մեր շուրջը, եւ մենք շատ անգամ չենք անդրադառնար անոնց։ Երբեմն կը կարծենք, թէ անոնք մեր հմտութեան, իմաստութեան արդիւնք յաջողութիւններ են. ինքնախաբէութեան պարզ զգացում մըն է ասիկա։ Երբեմն ալ անորոշ, անհիմն եւ երեւակայական ըմբռնումի մը կը վերագրենք անիկա եւ կ՚ըսենք. «բախտ…»։ Եւ երբեմն ալ անտարբեր մեր շուրջը պատահածներուն՝ վիճակը կ՚ընդունինք որպէս կեանքի սովորական ընթացք, եւ չենք անդրադառնար իսկ պատահածին, կերպով մը՝ ամէն ինչ կը վերագրենք անստոյգ եւ տարտամ «ճակատագրին», որ մեզ կը վերածէ՝ նախապատրաստուած, լարուած մեքենայի մը՝ որ ինքնակամ չ՚աշխատիր։ Մինչդեռ մարդ «ազատ կամք» ունեցող, ազատ կամքով, բանականութեամբ շարժող, գործող եւ մանաւանդ որոշում տուող էակ մըն է, ի՛նչ որ անոր արժանապատուութիւնն է։
Երբ վիրաւորուի մարդուն արժանապատուութիւնը, ան կը կորսնցնէ իր «մարդկային» յատկութիւնը։
Ուրեմն, «բախտ», «ճակատագիր» եւ ասոնց նման անհիմն պատճառներ անհամապատասխան են մարդուն ինքնութեան՝ կոչումին եւ վերջնական նպատակին։ Եւ ահաւասի՛կ, ճիշդ այս կէտին է, որ կարեւորութիւն կը ստանայ իսկական «հաւատք»ը, որ մարդը կ՚ազատէ մեքենայ մը ըլլալէ։ Յաճախ կրկնուած է Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի բանաձեւը. «Հաւատալով հասկնալ եւ հասկնալով հաւատալ»։
Կեանքի մէջ չեն պակսիր հրաշքներ։ Թէեւ հաւատքը փաստի եւ ապացոյցի չի կարօտիր, բայց հրաշքները Աստուծոյ փառքը ցոյց տուող իրականութիւններ են, եւ հաւատալու առիթներ։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ մեր օրերուն հրաշքներ չեն պատահիր։ Հրաշքներ միշտ կը պատահին, բայց ոմանք չեն անդրադառնար, ինչպէս աչազուրկ մէկը չի տեսներ լոյսը, բայց լոյսը միշտ գոյութիւն ունի եւ տեսանելի՛։ Ամպամած օր մը երբ կարելի չըլլար արեւը տեսնել, բայց ասիկա չի նշանակեր որ «արեւ», «լոյս» գոյութիւն չունի, քանի որ ան միշտ կա՛յ, հոն՝ ուր պէտք է ըլլայ։
Ուստի հրաշքը՝ որ հաւատքին ցուցադրութիւնն է կերպով մը, ամէն տեղ կը պատահի, ամէնուրեք կարելի է հանդիպիլ անոր։ Կարելի է զայն գտնել ամէն օր, օրուան մէկ պահուն, գիշեր կամ ցերեկ, զանազան շարժումներու, գործերու, երեւոյթներու մէջ՝ օրաթերթի մը, գիրքի մը էջերու տողերուն մէջ, մինչեւ իսկ բառի մը՝ կէտի մը մէջ, մեզի հաղորդուած լուրի մը մէջ, հաղորդագրութեան մը մէջ, շարժանկարի ժապաւէնին որեւէ հատուածին մէջ, երգի մը երաժշտութեան մէջ, աշխատանքի կամ հանգիստի պահուն, եւ անպայման ամէն տեսակի սիրո՛յ մէջ։
Արդարեւ, սէրը հրա՛շք մըն է՝ որ մարդուս ցոյց կու տայ հաւատքի լուսաւոր եւ ապահով ճամբան։ Բայց պէտք է ուշադիր եւ բծախնդիր ըլլալ հրաշքներու նկատմամբ, քանի որ հրաշքներու հաւատալ կամ չհաւատալ՝ մարդկային կեանքին ընթացք կու տայ, բայց անոնց հաւատալը կախում ունի անոնց անդրադառնալէ կամ անտարբեր գտնուելէ։
Հրաշքը ընդունիլ՝ հաւատալու առաջին քա՛յլն է. հաւատալու համար պէտք է հրաշքներուն անդրադառնալ եւ ընդունիլ, քանի որ անոնք կը յայտնեն ճշմարտութիւնը։ Եւ քանի որ մարդ էակը հոգի ե՛ւ մարմին է, ուրեմն չհաւատալու համար որեւէ պատճառ գոյութիւն չունի, եւ այս իմաստով՝ չհաւատալը աւելի դժուար եւ անիմաստ է, քան՝ հաւատա՛լը։
Չհաւատալը՝ անհաւատալի՛ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 3 2023, Իսթանպուլ