ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ քարոզեց։ Սոյն արարողութիւնը յատկանշական էր, որովհետեւ նշուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակը։

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Քոյր Գայիանէ Տուլգատիրեան, Յակոբ Կսրկ. Սարաֆեան եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւոր միաբան հայրերն ու քահանայից դասը։ Արարողութեան մասնակցեցան բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնք հիւրընկալուեցան Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։

Ս. Պատարագի աւարտին քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ արուարձանային այս գողտրիկ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ Ս. Հռիփսիմեանց Կոյսերու տօնին։

Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ հիմնադիրներու, քարոզիչներու, հովիւներու, բարերարներու, սատարողներու, վարիչներու, ծառայողներու եւ հաւատացեալ անդամներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ապա կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ Հուսկ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023