«ՀՐԵՇՏԱԿԱՑ ԲՆԱԿԱՐԱՆ» ԵՒ «ՄԱՐԴՈՑ ՔԱՒԱՐԱՆ»

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ 300-ամեակին առիթով գրի առած գրութիւնը՝ 1931 թուականին։

Մարդը ընկերային էակ մըն է ամէն մարզի մէջ։ Կեանքը անհնար է առանց ընկերային գործօնի։ Խորիմաստ է լատինական «compagnia». «հացակցութիւն» բառը։ Հացը համակեդրոնացման առանցքն է ընկերային կեանքին։ Տպաւորիչ է նահապետական կլոր-սեղանը, որուն շուրջ կը բոլորուէին՝ ծնրադիր կամ ծալլապատիկ՝ ընտանիքին անդամները։ Նոյնը կարելի է ըսել վառարանին կամ թոնիրին համար։ Սնունդ եւ ջերմութիւն՝ էական պայմաններն են ֆիզիքական գոյութեան պահպանման։ Հացն ու վառարանը կու տան զանոնք մարդուն։

Ընկերային կեանքը կը ստեղծէ նոր արժէք մը.- Բարոյական զգացումը կամ ըմբռնումը։ Հացը հասարակաց իրաւունք մըն է. ով որ կ՚ապրի՝ պիտի ուտէ. պիտի ուտէ՝ որպէսզի ապրի։ Կեանքը իրաւունքն է անոր, որ կը ծնի։ Անօթութիւնը կամ հացազրկումը անբնական կամ արուեստական երեւոյթ մըն է. վիճակ մըն է Ընկերութիւնը ծնունդ կու տայ անոր։ Ընկերական բարոյականի բռնաբարում, հացակցութեան օրէնքի զեղծում մըն է այն։

Հացակցութեան կենցաղը չունի միայն տնտեսական հիմեր։ Աւելի խոր են իր արմատները։ Աստուածային տարր մը առաջնորդած է «առանձին» անհատը ընկերային միութեան։ Աճումի եւ բազմացումի օրհնութիւնը երկրալիր բովանդակութեամբ պտղաբերել՝ «իրերօգնութեամբ»,- այս է առայժմ լուծումը առաջին եւ յաջորդական լծակցութեանց առեղծուածին։ Ճակտի քրտինքը, անհատական ուժերու կիրարկումը, կ՚ապահովէ հացակցութիւնը գոյգին եւ ապա ընկերութեան։ Սակայն հացը չէ միայն որ կը շինէ ամբողջական ճակատագիրն անոնց։ Հացալից ստամոքսը կեանքի ջերմուժը կը մատակարարէ գերազանց վերնագաւառի մը մարդկային հրաշալի մեքենականութեան մէջ.- Միտքը։ Հո՛ն, եւ անոր միջոցով կը գործէ աստուածային անծանօթ զօրութիւն մը կամ «շունչ» մը.- Հոգին։

Այս հոգին կը կարօտի, այո՛, այլ հացի մըն ալ, որ տարերային չէ, ինչպէս կը հասկնանք մենք այս բառով։ Մարմինին հետ հոգին ալ կը զարգանայ։ Հոս է խորհուրդը մեր կեանքին։ Ոչ ոք կրնայ անտեսել զայն։ Բոլոր ուրացումները, հին թէ նոր, կեղծիք են եւ ինքնախաբկանք։ Ոչնչապաշտ մը առ առաւելն արգահատելի կոյր մըն է կամ ցնորամիտ մը։ Տեսիլէ զուրկ ողորմելի մը։ Ափիոնէ վախցող թմրած մը ինքնին։

Երկիր մը ունինք, ուր կ՚ապրինք, մարմնով։ Հրաշալիք մըն է այդ կեանքը՝ զոր չենք կրնար արհամարհել, ո՛չ ալ ստորագնահատել։ Բայց հրաշալիքի ակն ու պսակը այլ տեղ է։ Շքեղ տաղաւար մըն է մարմինը, հոյակապ բնակարան մը, ուր կ՚ապրի մեր ազնուագոյն մասը։ Ով կրնայ տարբաղադրել ու վերլուծել անպակաս լրութիւնը այն տեսանելի եւ անտեսանելի գեղեցկութեանց, որոնցմով կը էանայ այդ անկորնչելի մասը. հոգին։

Թող չխօսին մեզի տգեղութիւններու մասին, որոնց ի տես ընկերային մարդը կը գաղթակղի։ Գեղեցիկ մարմին մը տգեղ դիակ մը կը դառնայ, երբ կեանքը խոյս կու տայ անկէ։ Գեղեցիկ հոգի մը տգեղ ոգի մը կ՚ըլլայ, երբ կը պակսի անոր… ի՞նչը.- այն որ իսկութիւնն է գեղեցկութեան։

Ինչ որ, ուրեմն, զուրկ է կեանքէ, տգե՞ղ է։ Այո՛, եթէ կայ բացարձակ մահ։ Ո՞վ կրնայ հաւատալ բացարձակ մահուան։ Ոչ մէկ բանի էութիւն կը մեռնի երբեք։ Հոգին էութիւնն է մեր կեանքին։ Ինչ որ չի մեռնիր՝ կը կրէ իր խորքը մասնիկ մը գեղեցկութեան՝ որ չի կորսուիր։ «Չար» կամ «մեղաւոր» կոչուած հոգիին մէջ իսկ կայ այդ անմահ մասնիկը, զոր սրբազան գրիչ մը որակեց «բարի»։ Ի սէր եւ իր խոյզ այդ մասնիկին բարի Աստծոյն ստեղծագործ «բանը մարմին եղաւ» փրկագործ։

Երբ ժամանակը հասուննայ եւ հացակցական կեանքը պաշտօնական «կլոր» կամ «կանաչ սեղան»ներէն փոխադրուի ընկերային մեծ «սիրոյ սեղան»ին շուրջ, այն ատեն կը մնայ իր աճման լրումին հասած էութիւնը աստուածային գեղեցկութեան կամ բարութեան։ Տգեղը՝ որ անհաւասարակշռութիւնն է, աններդաշնոյթ մըն է, մեղքն է, կը ցնդի անհետ։ Անհունութեան մէջ, զոր կը համապարփակէ Աստուած, տգեղը մնայուն տեղ չունի։ Ահա թէ ինչու մահը անըմբռնելի է, երբ մեր հոգին է անոր թիրախը։

Մեծ սիրոյ այս սեղանին համար այլապէս սննդարար հաց մըն է անհրաժեշտ.- «հրեշտակաց հացը» աւելի երկնահամ քան մանանան։ Եւ հացակիցներուն համար նոր տուն մը. «Հրեշտակաց Բնակարանը»։

Նախնիք, Աստուծոյ տաճարը կոչեցին «Հրեշտակաց Բնակարան»։ Իրաւունք ունէին, զի հոն կը համախմբուէին իբրեւ աննախանձ հացակիցներ, սրբազան սեղանի մը շուրջ, յանուն բարձրագոյն յարացոյցի մը։ Այդ յարացոյցը.- «Վերցնել անիմաստ խրամատը, որ կը բաժնէ երկիրը երկինքէն, հաստատել տիեզերական տունը՝ ուր Աստուած ամենուն Հայրն ըլլայ եւ բովանդակ-մարդիկ անոր զաւակները,- Ճշմարիտ հացն էր»։

Մասնակցութիւնը այդ հացին՝ իրականութիւն է կեանքին։

Տաճարը մանրանկարն էր այդ Տիեզերական Տան կամ Բնակարանին։ Եթէ հրեշտակները հոգիներ են հրեղէն կամ լուսեղէն - Սիրոյ հացով կատարելութեան հասակն առած եւ Սիրոյ ջերմութեամբ սրբութեան շնորհն զգեցած ու տիրացած իրենց անթերի գեղեցկութեան ու բարութեան, ապա կան նաեւ միշտ երկրի վրայ ապրող մարդիկ, որոնք կը բոլորեն իրենց բիւրեղացումի շրջանը։ Տաճարը, ուր կ՚եկեղեցանան այդ հոգիները, «քուրան» կամ «քաւարան» է նաեւ ասոնց -մարդոց- իրականացնելու համար այդ բիւրեղացումը, հրեշտակներու հետ պարակցումը կամ անոնց փոխակերպումը։

Ի՞նչ է սակայն, այսօր, պատկերը այդ բոլոր տաճարներուն։

Երանի՜ թէ հայոց Ս. Հրեշտակապետը՝ ի Պալաթ Կ. Պոլսոյ, իր երեքհարիւրամեայ հասակին մէջ, մէկը մնացած ըլլայ տակաւին իսկական «Հրեշտակաց Բնակարան»ներէն եւ «մարդոց քաւարան»ներէն, իր Սեղանը լի «կենաց ճշմարիտ հաց»ով, եւ իր բնակիչները Սիրոյ սրբազան հացակցութեամբ հրեշտակացած։

ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊՍԿ. ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ

1 հոկտեմբեր 1931, Ֆրեզնօ, Գալիֆորնիա

Եւ իրապէ՛ս Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին եղած է «հրեշտակներու բնակարա՛ն» մը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 5 2023, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2023