ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱ ՄԻՇՏ ԼԱՒԱՏԵՍ
Իրանի հիւլէական ծրագրին կապակցութեամբ գոյացած միջազգային համաձայնութեան արձագանգները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ հաւանութիւն տուին Իրանի եւ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն միջեւ Վիեննայի մէջ գոյացած համաձայնութեան։ Նոյնպէս, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդն ալ հաստատեց սոյն համաձայնութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա նոյն կապակցութեամբ յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը վստահ է կնքուած համաձայնագրի արդիւնաւէտութեան ուղղութեամբ։ Այս մթնոլորտին մէջ Գերմանիա եղած է առաջին եւրոպական երկիրը, որ Վիեննայի համաձայնագրի ստորագրումէն վերջ Իրանի հետ կը քննարկէ տնտեսական հետագայ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Գերմանիոյ Տնտեսութեան նախարար Սիկմար Կապիէլի երէկ Թեհրանի մէջ տեսակցեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։
Այս բոլոր դրական արձագանգներով հանդերձ, Իսրայէլ կը շարունակէ վերապահութիւն յայտնել սոյն համաձայնութեան առընչութեամբ։ Օպամա թէեւ իր պաշտպանութեան նախարարը այս օրերուն ուղարկած է Իսրայէլ, սակայն Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու եւ իր ղեկավարութիւնը դժուար թէ համոզուած ըլլան։ Իսրայէլի վարչապետը երէկ քննադատեց ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ տրուած հաւանութիւնը՝ Վիեննայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան նկատմամբ։ Ըստ Նեթանիյահուի, այդ համաձայնութիւնը պիտի չկանխէ պատերազմը։
Կը հաղորդուի, որ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր երէկ տեսակցած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոնի հետ։ Ամերիկեան կողմը վստահեցուցած է, որ Իրանի վերաբերեալ համաձայնութիւնով վտանգ մը չի սպառնար Իսրայէլին։ Միեւնոյն ժամանակ ամերիկեան կողմը կը փորձէ աւելի զարկ տալ Իսրայէլի հետ իր կապերուն՝ ըստ էութեան ռազմական համագործակցութեան եղանակով։