ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային նախաձեռնութիւն մը՝ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան տակ։ Մրցոյթ մըն էր այս մէկը, որով մեր վարժարաններու աշակերտները չափեցին իրենց գիտելիքները՝ հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ կրօնագիտութեան նիւթերուն շուրջ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ծրագիրը վերահսկեցին Հելտա Այնաեիւզ, Մեղանոյշ Չընար եւ Սարին Պուտաք։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային մշակոյթի մրցոյթ մը։ Հայ լեզուի, մշակոյթի եւ կրօնագիտութեան նիւթերով պատրաստուած մրցումին մասնակցեցան համայնքային բոլոր վարժարաններէ աշակերտներ՝ ուղեկցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ արտասանեց բացման աղօթքը եւ յաջողութիւն մաղթեց ներկաներուն։

Ապա, ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պատրիարքութեան Օրմանեան մատենադարանի քարտուղար Հելտա Այնաեիւզ։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, նաեւ Պատրիարքական Աթոռի այն բոլոր հոգեւոր հայրերուն եւ աշխատակիցներուն, որոնք իրենց ներդրումը բերին սոյն հանդիսութեան պատրաստութեան։ Ան ողջունեց նաեւ բոլոր ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեանց համար։

Ծափողջոյններով հանդէս եկաւ «Հայերէն փարոտի» հարթակով ծանօթ երիտասարդը՝ Ալփէն Չընար ու վարեց յայտագիրը։ Ան նախ տեղեկութիւն փոխանցեց մրցումի կանոններուն մասին, որմէ յետոյ սկսաւ յայտագիրը։ Մրցումի հարցումները «Kahoot»ի միջոցաւ առցանց ուղղուեցան: Լիսէի եւ միջնակարգի աշակերտներ իրենց մակարդակներուն համաձայն մրցեցան։ Ուղղուեցան երեսունական հարցում։

Մրցումի ընթացքին Հելտա Այնաեիւզ, Մեղանոյշ Չընար եւ Սարին Պուտաք վարեցին մրցումը։ Հարցումները պատրաստուած էին համայնքային վարժարաններու ուսուցիչներուն կողմէ եւ ապա մշակուած՝ Պատրիարքարանի մէջ։

Մրցումի աւարտին լիսէի բաժնի դափնեկիրները եղան՝ Արեգ Սիւզմէ (առաջին), Նորա Տավուլճեան (երկրորդ), Նարեկ Պալ (երրորդ), Միրա Եիղիթէր (չորրորդ), Լիլիթ Գալայճեան (հինգերորդ)։ Միջնակարգի բաժնի դափնեկիրները եղան՝ Քեւըն Եիւճէեաթաք (առաջին), Արաս Շահինօղլու (երկրորդ), Լիտա Ավրուզ (երրորդ), Մարիէլ Տուման (չորրորդ), Արատ Վարդանեան (հինգերորդ)։

Մրցոյթի աւարտին օրհնութեան խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ գնահատեց մասնակիցները։  Ան յայտնեց, թէ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ իր Աթոռը վերադառնալէ յետոյ դափնեկիրները անձամբ պիտի ընդունի Պատրիարքարանի մէջ, իրենց պիտի շնորհէ մրցանակները։ Հայր սուրբը այս առթիւ շեշտեց համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Հուսկ, Պատրիարքարանի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանով հիւրընկալուեցան ներկաները։ Տատեան, Սահակեան-Նունեան եւ Մխիթարեան վարժարաններէն աշակերտներ հանդէս եկան երաժշտական յայտագրով։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023