ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք երէկ այցելեց Երեւան, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Դէպի Հարաւային Կովկաս ձեռնարկած տարածքաշրջանային ուղեւորութեան շրջագծով Տանըլտ Թուսքի առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Երեւան, ուր ան մէկտեղուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ։ Սարգսեանի մօտ կայացած զրոյցին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան, Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Տանըլտ Թուսքի Երեւան այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ ծաւալուին Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ապագային շուրջ։ Թուսք Երեւանի իր ծրագրին սկսաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ ծաղկեպսակ մը զետեղելով, Եդուարդ Նալպանտեանի ուղեկցութեամբ։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահը միեւնոյն ժամանակ մէկտեղուեցաւ նաեւ Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Սերժ Սարգսեան նախագահական ապարանքին մէջ հիւրընկալեց Տանըլտ Թուսքը, որու հետ տեսակցելու առընթեր, բարձրաստիճան հիւրին ի պատիւ սարքեց նաեւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը։ Սարգսեան եւ Թուսք Երեւանի մէջ հանդէս եկան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, թէ Հայաստան լիայոյս է յառաջիկային ԵՄ-ի հետ բանակցութիւններու սկսիլ նոր իրաւական փաստաթուղթի մը շուրջ։ Ան ընդգծեց, թէ անդամակցած ըլլալով Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան՝ Երեւան պիտի շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ Եւրոմիութեան հետ։ Սարգսեան բարձր գնահատեց նաեւ ԵՄ-ի դերը Հայաստանի բարեփոխումներուն տեսակէտէ։
Իր կարգին, Թուսքն ալ յայտնեց, թէ Եւրոմիութեան նպատակն է Հայաստանի հետ հասնիլ ազատ վիզայի դրութեան։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, թէ ԵՄ կը փափաքի Հայաստանի հետ ամրապնդել համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ոլորտներուն մէջ։